Կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախքան Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած սրբադասման արարողութիւնը, Զմմառու մայրավանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ` հոծ բազմութեան ներկայութեան, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:
Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու մայրավանքի հիմնադիրին եւ հիմնադրութեան, նաեւ այնտեղ ծաւալած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան: Այնուհետեւ մասնաւորաբար խօսեցաւ կարգ մը ականաւոր միաբաններու կատարած աստուածահաճոյ գործերուն մասին` վեր առնելով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքն ու նահատակութիւնը:
Հայր Նարեկ իր քարոզը եզրափակեց գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ, որ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան շնորհեց միաբան սուրբ մը` մայրավանքը վերածելով սրբավայրի:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած պաստառներու վրայ Հռոմէն ուղիղ կապով հեռարձակուեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին մէջ տեղի ունեցած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութիւնը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր սուրբին վարքը:
Ապա «Կռունկ» երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց «Բազմաչարչար» շարականը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:
Աւարտին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ձեռաց խաչով հաւատացեալները օրհնութիւն ստացան եւ համբուրեցին սուրբին մասունքը:
Հոգեպարար արարողութենէ ետք մայրավանքի դահլիճի մէջ Նարեկ վրդ. Լուիսեանն ու վարչական հայրերը ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները, եւ հաւատացեալներուն շնորհուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը իր աղօթքով: