Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուաւ ուժեղ կերպով Կազան հարուածելու` Համասը ամբաստանելով զինադադարի խախտման յանցանքով:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Համաս այսօր ցաւալիօրէն պիտի սորվի, թէ բանակը վճռած է իր զինուորները պաշտպանել եւ անոնց վրայ որեւէ յարձակում արգիլել»:
Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահիի, զինեալներ հակահրասայլային հրթիռներ արձակած են եւ կրակ բացած իսրայէլեան ուժերու վրայ, որոնք Ռաֆահի շրջանին մէջ «զինադադարի համաձայնութեան կէտերուն հիմամբ» ենթակառոյցներ կը քանդէին:
Համաս հերքեց Կազայի մէջ որեւէ բախումի արձանագրումը` նշելով, որ ինք Դեղին գիծէն դուրս տեղի ունեցած որեւէ դէպքի հետ կապ չունի: