Ուիթքոֆ պահանջած է, որ Ուքրանիան լքէ Քիեւի կողմէ վերահսկուող Տոնեցքի տարածքները: Այս մասին կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ 17 հոկտեմբերին Զելենսքիի հետ բանակցութիւններու ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը ճնշում գործադրած է ուքրանական պատուիրակութեան վրայ` նշելով, որ Տոնեցքը գերազանցապէս ռուսախօս շրջան է: