Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Լիզա Պասթաճեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալէմքէրեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց աշակերտուհի Աննա-Մարիա Սինանեան: Վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` այցելութեան համար, եւ շեշտեց, որ առաջնորդը միշտ ալ նեցուկ կանգնած է վարժարանին: Ապա աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Աւարտին իր հայրական պատգամը յղեց Շահէ արք. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Թարգմանչաց տօնին առիթով մեր դպրոցները աշակերտական հանդէսներ կը կազմակերպեն, որպէսզի իրենք յիշեն եւ մեր ժողովուրդին յիշեցնեն, թէ հայ դպրոցը մասնաւոր աշխատանք եւ մասնաւոր առաքելութիւն ունեցող հաստատութիւն է: Առաջնորդը ըսաւ. «Անցնող ժամանակներուն մեզմէ առաջ եկող սերունդները այբուբենով հսկայ վաստակ գոյացուցած են, ստեղծագործած են, գրած են բանաստեղծութիւններ, պատմութիւն, արձանագրած են մեր ժողովուրդի ամբողջ յիշողութիւնը, եւ մեր պարտականութիւնն է, որ սերտենք, որպէսզի մնանք հայ եւ հայօրէն շարունակենք մեր կեանքը»: Այս առիթով սրբազան հայրը ողջունեց հայ դպրոցին մէջ աշխատանքի լծուած կրթական մշակները եւ պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն քայլերը հայ դպրոց կ՛ուղղեն, եւ առաւելաբար աշակերտները` վաղուան մեր կեանքի առաջնորդները: Շահէ արք. Փանոսեան հաստատեց, որ այսօր հայ դպրոցէն ներս աշակերտներուն ներկայութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ մեզի, երբ աշխարհը տագնապի մէջ է, մասնաւորաբար տագնապի մէջ է Միջին Արեւելքը:
Իսկ երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աշակերտուհի Սեւան Թահան: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին նախակրթարանի աշակերտները: Ապա դպրոցի տնօրէն Թալին Օրտողլեան իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբազան հօր այցելութեան համար: Ան ըսաւ, որ առաջնորդը ընդմիշտ հայրական յատուկ հոգածութիւն եւ գուրգուրանք կը տածէ մեր վարժարանին նկատմամբ, որուն համար երախտապարտ ենք:
Աւարտին սրբազան հայրը իր խօսքի սկիզբին գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նորանշանակ տնօրէնին` Թալին Օրտողլեանին, անոր մաղթելով բեղուն գործունէութիւն` կրթական դաշտին մէջ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ Աստուած Մեսրոպ Մաշտոցին շնորհիւ մեր ժողովուրդին ընծայեց այբուբենը, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել իր դիմաց ծառացող բոլոր դժուարութիւնները: Ե. դարէն սկսեալ մեր ժողովուրդը իր այբուբենով հրաշքներ գործեց: Այդ օրերուն ալ հայը ձուլման վտանգին ենթակայ էր, բայց ան պայքարեցաւ իր գոյութեան համար, որպէսզի նոր եւ լուսաւոր հորիզոններ գտնէ: Այսօր ալ մենք` հայերս, գրեթէ նոյն եւ քիչ մըն ալ աւելի դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուինք: Հայաստանէն դուրս մեծ թիւով սփիւռքահայեր կ՛ապրին, որոնք հայոց այբուբենը սորվելով` ձեռք կը ձգեն այն բանալին, որ իրենց դիմաց կը բանայ Հայոց պատմութեան դռները:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ ազգային վարժարաններու կենսական դերին` շեշտելով, որ անոնք հաւատքի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահապան յենարաններն են: Ան բարձր գնահատեց աշակերտները, որոնք հայկական վարժարան կը յաճախեն, եւ յայտնեց, թէ ինչպէս որ աշակերտներուն ծնողները կը հպարտանան իրենց զաւակներով, մենք ալ կը հպարտանանք իրենցմով: Ան նաեւ գնահատեց բոլոր հայկական վարժարաններուն տարած աշխատանքը: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն, այլազան գիտելիքներու կողքին, ամուր կապուած մնալու մեր ոսկեղենիկ լեզուին, յաւերժացնելու զայն եւ պաշտպանելու մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքները, որովհետեւ այդ հիմքերով է, որ կանգուն կը մնայ հայ ազգը եւ կը գոյատեւէ հայութիւնը` պատիւ բերելով Մեսրոպ Մաշտոցին, Ե. դարու բոլոր թարգմանիչ նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ` անոնց յաջորդներուն, որոնք կը շարունակեն նոյն նուիրական գործը: