Շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին աշխատանքի եւ յատուկ աղօթքի ու պատրաստութեան օրեր էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն համար:
Արդարեւ, շաբաթ, 11 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց վերամուտի միօրեայ աշխատանքային հաւաք` գլխաւորութեամբ վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի:
Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց վարդապետներու տօնին առիթով, որմէ ետք հաւաքական յատուկ աղօթքով կատարուեցաւ սեմինարին պաշտօնական բացումը: Ապա Ժանին Մարգարեան մեկնաբանեց Հռոմէացիներու նամակէն 12:1-21 համարները, որոնց վերնագիրն էր «Ապրիլ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ»: Ան շեշտը դրաւ երեք գլխաւոր կէտերու վրայ` սիրով ծառայելու, Աստուծոյ շնորհքով ծառայելու եւ խոնարհութեամբ ծառայելու, հրաւիրելով ներկաները, որ այս գիտակցութեամբ ծառայեն կիրակնօրեայ վարժարաններէն ներս:
Օրուան առաջին նիւթը ներկայացուց Օշին վրդ. Ջուալերթանեան` «Հոգեւոր պատրաստութեան կարեւորութիւնը ծառայութեան դաշտին մէջ» խորագիրով: Հայր սուրբը նախ անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնին եւ անոր սուրբերը օրինակ բերելով` հրաւիրեց ներկաները միշտ թարգմանիչ հայրերու շունչով եւ ոգիով կատարել իրենց պարտականութիւնը:
Երկրորդ նիւթը ներկայացուց Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան` «Քրիստոնէական դաստիարակութիւնն ու ընկերային ծառայութիւնը կիրակնօրեայ վարժարաններէն ներս» խորագիրով: Ան իր ծառայութեան փորձառութենէն մեկնած` օրինակներ տուաւ ներկաներուն, որ ծառայութիւնը միայն գիրքով պէտք չէ կատարել, այլ` կեանքի օրինակով, եւ բացատրեց, որ մենք օրինակ պէտք է դառնանք մեր աշակերտներուն` մեր ապրած կեանքով եւ նկարագրով:
Աւարտին Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան գնահատեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` յուսալով, որ յառաջիկայ տարեշրջանը աւելի ապահով եւ անփորձանք տարեշրջան մը կ՛ըլլայ բոլորին: Ան հրաւիրեց ուսուցիչները նոյն հաւատքով եւ ամուր կամքով շարունակելու անշահախնդիր ծառայութիւնը` մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ:
Կիրակի, 12 հոկտեմբերին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքը Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ վերամուտի ս. պատարագին: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը յղեց կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան: Ան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ այրի կնոջ լումային եւ հրաւիրեց ուսուցիչները նուիրածութեամբ եւ սիրով ծառայելու Աստուծոյ դաշտին մէջ: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ ծառայած մշակներու հոգիներուն համար:
Պատարագի աւարտին ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահը, ուր միասնաբար կիրակնօրեայի քայլերգով կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը նոր տարեշրջանին, ապա Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան անգամ մը եւս ողջունեց ներկաները, գնահատեց զանոնք եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին: