Պրազիլեան Սանթոս խումբի յառաջապահ Նէյմար պատրաստ է տեղափոխուելու «Սերի Ա.», ուր Ինթեր Միլանին ու ախոյեան Նափոլի հետաքրքրուած են անոր ծառայութիւններով:
Ըստ «Ի. Էս. Փի.Էն.»-ի 33 տարեկան Նէյմար կ՛ուզէ ձմրան փոխանցումներու պատուհանի ժամանակ Եւրոպա փոխանցուիլ, մանաւանդ որ անոր պայմանագրութիւնն ալ կը հասնի իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ 2026-ի Մոնտիալին համար ան կ՛ուզէ լաւագոյն վիճակին մէջ ըլլալ` Պրազիլի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի ուշադրութիւնը գրաւելու համար:
Այս տարեշրջանին Նէյմար 2-1 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: