Հայ ըմբիշ Վահրամ Խաչատրեան 2025-ի վեթերաններու աշխարհի ախոյեանութեան նուաճեց պրոնզէ մետալ` յունահռոմէական ձեւի ըմբշամարտի 70 քկ կշիռի կարգին մէջ:
37 տարեկան ըմբիշը 9-0 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց վրացի ըմբիշ Լաշա Քատէյշվիլիի դէմ:
Այս կշիռի կարգի ախոյեան դարձաւ այլ վրացի մը` Կոկա Կոկիպերաշվիլի, ոպ աւարտականին պարտութեան մատնեց ռուս Ռուսլան Ասսաքալովը:
Այս ձեւով Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած վեթերաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ: