2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու Զ. խմբակին գծով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը շատ կարեւոր մրցում ունի կատարելիք Պուտափեշթի մէջ` Հունգարիոյ դէմ:
Հունգարիա տակաւին չէ կրցած յաղթել զտումի այս մրցումներուն, եւ կը փորձէ 1986-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ Մոնտիալին: Հունգարիա բաւական յուսախաբ եղաւ առաջին մրցումին, երբ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստացաւ Իրլանտայէն, մինչ երկրորդ մրցումին առաջին կոլը նշանակելէ ետք Փորթուգալի դէմ մրցումը կորսնցուց 3-2 արդիւնքով: Այս ձեւով Հունգարիա վերջին 6 պաշտօնական մրցումներուն երբեք յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել` պարտուելով 4 եւ հաւասարելով 2 մրցումներու: Նոյնիսկ Պուտափեշթի մէջ իր վերջին 3 ճակատումները պարտութիւններով աւարտած է:
Վստահաբար անոնք յուսախաբ կը զգան, երբ խմբակի դասաւորման մէջ թիւ 103 դասուած Հայաստան աւելի բարձր դիրքի վրայ կը գտնուի:
Հայաստան, որ իր առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Փորթուգալէն, կրցած էր ինքզինք գտնել եւ 4 օր ետք 2-1 արդիւնքով յաղթել Իրլանտային:
Հունգարիոյ դէմ միայն մէկ անգամ մրցած Հայաստան (2004-ին, 0-2) պիտի փորձէ 2023-ի յունիսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յաջորդական իր 2-րդ մրցումը յաղթել` յոյսով, որ առաջին անգամ ըլլալով ազգային խումբը կարեւոր մրցաշարքի մը մասնակցի:
Մրցումը պիտի ղեկավարէ անգլիացի Քրիս Քաւանա, անիկա պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Խմբապետ Տիգրան Բարսեղեան կարճ զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ:
Զտումի նախկին մրցումներուն, ինչպէս նաեւ այսօրուան մրցումին մասին
նշելով, որ Փորթուգալէն պարտութիւնը կարեւոր դաս մըն էր, հայկական խումբին համար:
«Գիտէինք, թէ որուն դէմ կը խաղայինք (աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներ ունեցող Փորթուգալը): Անոնք Ազգերու լիկայի ախոյեանն էին, բայց այսօր օրուան պարտութիւնը մեզի զգուշացում էր: Հունգարիա միայն 1 կոլի տարբերութեամբ պարտուեցաւ Փորթուգալէն, բան մը, որ կրնայ ցոյց տալ Մարքօ Ռոսիի (Հունգարիոյ մարզիչ) խումբին որակը»:
Բարսեղեան նաեւ յիշեց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ հաճելի դրուագ մը. «Բ. կիսախաղին ան մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, թէ ինչպէս շատ կը պաշտպանէինք եւ չէինք փորձեր կոլ նշանակել: Ես պատասխանեցի ըսելով, որ այդքան ալ դիւրին չէր այս մէկը: Ապա ան ըսաւ, թէ եթէ կոլ պիտի նշանակէ, ապա անկէ ետք իմ կարգս պիտի գայ կոլ նշանակելու: Եւ իրապէս կէս վայրկեան ետք նշանակեց եւ ձեռքով նշան ըրաւ, որ ես ալ պատասխանեմ կոլով մը…»: Իրլանտայի դէմ մրցումին մասին ան ըսաւ. «Մէկ տարիէ աւելի մրցումի չէինք յաղթած Երեւանի մէջ, եւ ամբողջ սրտով եւ հոգւով պայքարեցանք: Համակիրները մեծ դեր ունէին: Դաշտը ամբողջութեամբ լեցուն էր»:
Ան աւելցուց այսօրուան մրցումին գծով. «Հունգարացիք շատ լաւ խումբ ունին: Շատեր մեծ խումբերէ կը խաղան, եւ 60 հազար համակիրներ պիտի ունենան զիրենք քաջալերող: Բայց մրցումը կը սկսի 0-0 արդիւնքով, եւ մեր ձեռքերը վեր յանձնուած պիտի չներկայանանք դաշտ: Պիտի պայքարինք մինչեւ մրցումի աւարտը», ըսաւ Հայաստանի խմբապետը:
Խմբակի Բ. դիրքին համար ալ Բարսեղեան յայտնեց, թէ «խմբակի ճակատագիրը կրնան որոշել Պուտափեշթի եւ Տապլինի մէջ յառաջիկայի մրցումները: Այս մրցումներէն ետք պէտք է յստականայ, թէ ով կրնայ պայքարիլ փլէյ-օֆի մրցումներուն հասնելու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօրուան եւ շաբաթավերջի զտումի յայտագիրը.
Լաթվիա – Անտորրա
Հունգարիա – Հայաստան
Նորվեկիա – Իսրայէլ
Պուլկարիա – Թուրքիա
Էսթոնիա – Իտալիա
Փորթուգալ – Իրլանտա
Սերպիա – Ալպանիա
Սպանիա – Վրաստան
ՎԱՂԸ
Սան Մարինօ – Կիպրոս
Ֆարօ Կղզիներ – Չեխիա
Նետերլենտներ – Ֆինլանտա
Սկովտիա – Պիելոռուսիա
Խրուաթիա – Ճիպրալթար
Դանիա – Յունաստան
Լիթուանիա – Լեհաստան
Ռումանիա – Աւստրիա