Այսօր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ կէսօրէ ետք ժամը 16:30-ին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ, «Չելենճ Քափ» մրցաշարքին գծով:
ՀՄԸՄ, որ անցեալ եղանակի խումբէն աւելի լաւ խմբակ մը ունի, ուր Ահմետ Իպրահիմի, Ազիզ Ապտել Մասիհի եւ Այզաք Այյուպիի նման լիբանանցի մարզիկներ, ինչպէս նաեւ Թանիոս Աքիքի (վերամիացաւ ՀՄԸՄ-ին) միացան, անցեալ տարուան լիբանանցիներ Փիթըր Տեքիրմենճեանի, Ճէյսըն Սուֆանի, Կապրիէլ Աճէմեանին եւ երիտասարդներ Ճիօ Մանուկեանի ու Սէրուժ Աւետիսեանի (տակաւին կը դարմանուի): Օտարներ Թայլըր Պէյին եւ Ճորտըն Սթիվընզի միացաւ նաեւ Խալիտ Թոմաս, որ օրէ օր աւելի կը մտնէ խումբի մթնոլորտին մէջ, եւ այսպիսի մրցաշարքեր լաւապէս կը նպաստեն, որ խումբին անդամները աւելի հասկնան զիրար:
Այսօրուան մրցակից Պէյրութ այս տարեշրջանին կորսնցուցած է իր աստղերու ցանկը, ուր Սերժիօ Տարուիշ, Ալի Մըզհեր, Ալի Մահմուտ եւ Ալի Հայտար լքեցին խումբը յօգուտ աւելի երիտասարդներու:
Յաղթանակի պարագային, վաղը ժամը 21:30-ին, նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի մրցի այսօրուան Սաժես-Անթունիէ (ժամը 21:30-ին) մրցումին յաղթականին դէմ:
Համակիրներէն կ՛ակնկալուի մեծ թիւով ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղաքը:
Նշենք, թէ Բ. դասակարգի ախոյեան դարձաւ Շապապ Պաթրուն, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թրիփոլիի Մութթահետը: