Աշխարհիս մէջ ներկայիս ընթացող հինգերորդ սերունդի «խառնածին» պատերազմները (ռազմականի կողքին` ինքնութեան խաթարման, քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւ այլն) անկասկած շատ աւելի բարդ եւ խոցելի կը դարձնեն իւրաքանչիւր ազգի ինքնապաշտպանական ունակութիւնները: Այստեղ ազգային պաշտպանունակութիւնը կախեալ չէ սոսկ ազգային գաղափարախօսութիւն քարոզելէ, այլ` ազգի բոլոր կառոյցները գործնական գետնի վրայ զօրաշարժի ենթարկելէ, ինչպէս` կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառները աշխուժացնելով:
Ուստի իւրաքանչիւր ազգի համար, յատկապէս` հայրենազուրկ ազգերու, վիճակը չափազանց զգայուն է, ինչպէս` հայերուս պարագային, ուր նուազագոյն սայթաքումն իսկ յղի է անկանխատեսելի ծանր հետեւանքներով:
Այս պայմաններու մէջ այսօրուան սփիւռքահայ երիտասարդին որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը ամենեւին չի համապատասխաներ մեր ազգի ու հայրենիքի ազգային եւ համամարդկային իղձերուն ու ձգտումներուն:
Ապազգային եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը ո’չ մէկ ձեւով կը նպաստէ ճգնաժամի յաղթահարման ու ազգային համերաշխութեան ամրապնդման: Այս բոլորը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ազգային արժէքները դաւանող առողջ ուժերու համախմբում: Ազգային շահերը գերադասող ուժերու իւրաքանչիւր յապաղում ազգին համար ճակատագրական կրնայ ըլլալ: Քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները մէկ կողմ ձգած` գալիք պայծառ օրերու փրկութեան սրբազան գործին լծուինք, քանզի դեռ ուշ չէ, քանզի դեռ կարելի է ազգը փրկել ուծացումէ:
Համաշխարհայնացման այսօրուան յորձանուտին մէջ ազգը կարիքը ունի իր լաւագոյն զաւակներուն` ժամ առաջ ազատելու ազգադաւ եւ ազգակործան խաւարամիտ օտարամոլ մակաբոյծներէ, որոնք կ՛ապականեն ազգային բոլոր հոգեւոր արժէքները եւ կը մոլորեցնեն լաւագոյն տարրը:
Արդ, արշաւի պէտք է սկսիլ` առաջին հերթին զօրաշարժի ենթարկելով բոլոր գերարդիական միջոցները հայկականին ծառայեցնելով:
Երիտասարդներուն համար պարարտ հող պատրաստել` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութենէն կամ կուսակցական թեքումէն:
Լուսաւորչական աշխատանք տանելու լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ միջոցներէն կարեւորագոյնը` ստեղծել հայկական կեդրոն մը, ուր իւրաքանչիւր երիտասարդ ստանայ իրեն նախասիրած ճիւղի ուսումը` հայերէնով, որուն տրուի համապատասխան հաւաստագիր, որ ի զօրու է ամէնուր, իսկ ուսումը ըլլայ անշուշտ անվճար դրութեամբ:
Ամէնէն էականը` ուսման աւարտին տուեալ երիտասարդին կեդրոնին կողմէ գործ հայթայթուի:
Ժամանակը կարող ենք ի նպաստ մեզի շրջել, եթէ միահամուռ ձեւով զօրաշարժի ենթարկենք ինքներս մեզ եւ մեր յոյսը դնենք բացառապէս մեր ազգի կամքին եւ ինքնագիտակցութեան վրայ:
Մարտահրաւէրները շատ են, բայց միաժամանակ` կամքը անսասան: Օրհասական պահուն իր մէջ ուժ գտած հայ ազգը ընդունակ է այսօր եւս համախմբուելու եւ ի հեճուկս համաշխարհայնացման յորձանուտին` յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ընթանալ դէպի խաղաղ ափեր, դէպի մշտնջենաւորութիւն: