Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս Տաթըր Ֆլիքի յարաբերութիւնները վերջերս լրջօրէն վատթարացած են խումբի երիտասարդ աստղ Լամին Եամալի հետ:
Ըստ «Էլ լարկուիրօ» կայքին, պատճառը անցեալ ամսուան ընթացքին Եամալի վիրաւորուելուն շուրջ ծագած վէճն էր: Ֆլիք բացայայտօրէն քննադատած էր Սպանիոյ ազգային խումբի բժիշկները, որոնք Եամալի առողջական վիճակը սխալ գնահատած էին` շատ աւելի հիմնուելով Եամալի խօսքերուն վրայ… Բան մը, որ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր ակումբին մէջ:
Ազգային խումբէն վերադառնալէ ետք Եամալ բացակայած էր 4 մրցումէ, Սոսիետատի դէմ միայն 33 վայրկեան խաղցած էր, իսկ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գծով Պարսելոնայի դէմ ամբողջ մրցում, ապա անգամ եւ եւս վիրաւորուած էր:
Կը նշուի, որ Լամին Եամալի շրջապատը խիստ վրդոված է Ֆլիքի կողմէ հնչած քննադատութիւններէն եւ կը կարծէ, որ անոնք ժխտական ազդեցութիւն կրնան ունենալ երիտասարդ մարզիկին արդիւնաւէտութեան վրայ:
Տակաւին երկու ամիս առաջ, երբ Պարսելոնա կը պատրաստուէր նոր տարեշրջանին, Ֆլիք յայտնած էր, որ ամբողջ խումբի մարզիկները պէտք է ակումբին յառաջդիմութեան համար խմբային խաղ խաղան եւ ոչ թէ անձնասէր խաղով առանձին փորձեն փայլիլ:
Նորեկ աստղերու համար այսպիսի խստապահանջ մարզիչներ «դժուարամարս» կրնան ըլլալ:
Կը սպասուի, որ Եամալ պատրաստ ըլլայ Պարսելոնայի յաջորդ մրցումին` Ժիրոնայի դէմ 18 հոկտեմբերին, բայց հաւանաբար քիչ ժամանակ ստանայ իբրեւ պահեստի մարզիկ: Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, ան հաւանաբար դաշտ ներկայանայ «Չէմփիընզ Լիկ»-ի գծով Օլիմփիաքոսի դէմ մրցումին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ «Քլասիքօ»-ն` Ռէալ Մատրիտի դէմ:
Ան այս տարեշրջանին 5 մրցում կատարած է Պարսելոնայի հետ` նշանակելով երկու կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ: