40 տարեկանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տակաւին կը շարունակէ կարեւոր դեր ունենալ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ, որ 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն կը մասնակցի:
Ասիկա կրնայ ըլլալ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի 6-րդ յաջորդական Մոնտիալը, որ մրցանիշ մըն է, որուն ընթացքին յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ հասնելու 1000 կոլերու սահմանին:
Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին աստղը, որ 5 անգամ «Պալոն տ՛օր»-ը շահած է, ըսաւ, թէ մտիկ չ՛ըներ իր ընտանիքին խօսքերուն, որ… պէտք է աւարտէ իր ասպարէզը:
Ռոնալտօ այս շաբաթ յատուկ մրցանակ մը ստացաւ Փորթուգալի ֆետերասիոնէն, որ կը տօնէր իր 22-րդ տարին ազգային խումբի շապիկով` կատարելով 223 մրցում (մրցանիշ):
Ան կը շարունակէ մնալ խմբապետը եւ առաջնորդել Փորթուգալը Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկան շահելէ ետք ամրան, եւ ըստ իրեն պատճառ չունի, որ չշարունակէ իր ասպարէզը:
«Մարդիկ, մասնաւորաբար ընտանիքս, կ՛ըսեն, թէ պէտք է կենամ: Ամէն ինչ իրագործեցիր: Ինչո՞ւ կ՛ուզես 1000 կոլ նշանակել… Բայց չեմ կարծեր: Կը կարծեմ, թէ տակաւին արդիւնաւէտ եմ, կրնամ օգնել ակումբիս եւ ազգային խումբիս… Ինչո՞ւ չշարունակել: Վստահ եմ, որ երբ աւարտեմ (ասպարէզս), գոհ պիտի մնամ, որովհետեւ կարելիս ըրի: Գիտեմ որ շատ տարիներ չունիմ, բայց մնացեալ քանի մը տարին պիտի վայելեմ առաւելագոյնս: Այս մրցանակը ասպարէզ աւարտելու մրցանակ չէ: Ես զայն կը նկատեմ իբրեւ տարիներու աշխատանքի, նուիրումի եւ նպատակի հետապնդման արդիւնք: Կը սիրեմ յաղթել, օգնել աւելի երիտասարդ սերունդներուն, եւ իրենք ալ նոյնպէս ինծի կ՛օգնեն պահելու մակարդակս եւ շարունակելու մրցիլը: Այս մէկն է, որ ինծի աւելի մղում կու տայ… Աւելի երիտասարդներու հետ պայքարիլ, տակաւին ախորժակ ունիմ ասոր», ըսաւ Ռոնալտօ:
Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն ան հեռացաւ եւրոպական ֆութպոլէն, այսուհանդերձ Ռոնալտօ պահեց իր միջազգային մակարդակը` վերջին ժամանակաշրջանին ունենալով կարեւոր ձեռքբերումներ:
Ան Փորթուգալի հետ զտումի երկու մրցումներուն 3 կոլ նշանակած է առայժմ, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի կիսաւարտական եւ աւարտական մրցումներուն` Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ դէմ:
Միեւնոյն ժամանակ, ան Սէուտական Արաբիոյ «Նուր» ակումբին հետ ալ կոլեր կը նշանակէ, եւ անցեալ տարեշրջանի ոսկի կօշիկն ալ շահած էր իբրեւ լաւագոյն կոլսքորըր (25 կոլ):
Ան յունիսին նոր պայմանագրութիւն ալ պարգեւեց Նասրի հետ մինչեւ 2027, երբ 42 տարեկան կ՛ըլլայ:
«Ես յաճախ կ՛ըսէի, որ եթէ կարելի ըլլար միայն ազգային խումբէն խաղալ, կը նախընտրէի: Չէի ուզեր որեւէ ակումբէ խաղալ, որովհետեւ ազգային խումբին հետ խաղալը գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ ֆութպոլիստի մը: Ինծի համար պատիւ է ազգային խումբին հետ խաղալը», ըսաւ Ռոնալտօ:
Եթէ Փորթուգալ հասնի եւ ինք ներկայ ըլլայ խումբին հետ 2026-ի Մոնտիալին, ինչպէս նշեցինք մրցանիշ պիտի ըլլայ 6 մոնտիալներու մասնակցիլը: Ան 2006-ին մասնակցած էր առաջին անգամ, ուր Փորթուգալ իր լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգած էր հասնելով կիսաւարտական եւ Ֆրանսայէն պարտուելով (1-0): Վերջին Մոնտիալին` Քաթարի մէջ, Փորթուգալ քառորդ աւարտական հասած էր:
Անոր առաջին միջազգային տիտղոսը 2016-ի Եուրոն էր, եւ ան երկու անգամ շահեցաւ նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի տիտղոսը: