Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբը 2026-ի մոնտիալի իր տոմսը ապահովեց` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճիպութիին եւ դառնալով երրորդ ափրիկեան կազմը, որ կը հասնի Մոնտիալին:
Այլ խմբակներէ Քափէ Վերտէ եւ Կանա քայլ մը եւս մօտեցան իրենց կարգին հասնելու Մոնտիալին:
Մոհամետ Սալահ, որ վերջերս Լիվըրփուլի հետ բարձր մակարդակի ֆութպոլ չի կրնար խաղալ, երկու կոլ նշանակեց, մինչ միւս կոլը նշանակեց Իպրահիմ Ատել: Եգիպտոս առաջին խմբակին մէջ ունի 23 կէտ, որոնք անհասանելի են, մինչ Պուրքինա Ֆասօ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սիերա Լիոնէէն:
Եգիպտոս, որ երեք նախկին մոնտիալներուն հասած է, անյաղթ մնաց խմբակին մէջ` միանալով Մարոքի եւ Թունուզի, որոնք անցեալ ամիսբ ապահոված էին իրենց տոմսերը:
Քափէ Վերտէ 5 օր եւս պիտի սպասէ վերջին առիթին` իր պատմութեան առաջին Մոնտիալին հասնելու համար:
Իրականութեան մէջ, Քափէ Վերտէ պէտք է յաղթէր Լիպիոյ մէջ, երբ 97-րդ վայրկեանին օֆ-սայտի սխալ որոշումով յետաձգուեցաւ անոր Մոնտիալի հասնիլը:
Քափէ Վերտէ, որ 3-1 արդիւնքով ետ կը մնար, կրցաւ հաւասարիլ 82-րդ վայրկեանին: Առիթ մը եւս կար 4-րդ կոլը նշանակելու, երբ լիպիացի յետսապահ մը գիծին վրայէն զսպեց գնդակը: 97-րդ վայրկեանին իրաւարարը զրկեց Քափէ Վերտէն, որ դառնայ Մոնտիալին մասնակցող երկրորդ ամէնէն փոքր պետութիւնը: 4 մարզիկներ փախուստ տուած էին օֆ-սայտի ծուղակէն, բայց իրաւարարը զարմանալիօրէն մերժեց արդար կոլը: Քափէ Վերտէ 20 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը`2 կէտով գերազանցելով Քամերունը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Մորիշըսի դաշտին վրայ:
Անկոլա, որ հասած է Ափրիկէի բաժակի ախոյեանութեան, ամօթալի պարտութիւն պիտի կրէր Խուաթինիի դաշտին վրայ, բայց կրցաւ հաւասարիլ անոր հետ (2-2):
Խուաթինի պիտի ըլլայ Քափէ Վերտէի վերջին մրցակիցը: Մալի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չատը, իսկ Եթովպիա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կինէ Պիսաուին: