Կազմակերպութեամբ Քուէյթի պատկան մարմինին, ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2025-ին «Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի նշումը:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներով: Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շանթ Թաթոյեան:
Ապա խօսք առաւ Քուէյթի պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսեթեան, որ դիտել տուաւ, թէ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է ժողովուրդէն` գործելու ժողովուրդին համար, եւ այսօր նոյն ոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը քուէյթահայ գաղութին մէջ` իր հովանիին տակ գործող մարմիններու միջոցով` Քուէյթի ազգային վարժարան, եկեղեցի, ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբ:
Ան իր խօսքը աւարտեց Սիմոն Վրացեանի խօսքերով.
«Դաշնակցութիւնը քննադատութենէ եւ պայքարէ վախցող չէ:
Բան ունիք ըսելիք` հրամեցէ՛ք…
Բայց փաստ տուէք, միտք տուէք, տեսակէտ յայտնեցէք, եթէ ունիք…
Եւ պարկեշտ եղէ՛ք` թէ՛ ձեզ հետ, թէ՛ հակառակորդի հանդէպ:
Սուտը եւ հայհոյանքը տկարի զէնք են»:
Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Յակոբ Բագրատունին, որ շեշտեց. «Այսօրուան գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալն է` իրա՛ւ հայ ըլլալը: Հայը, որ կը հաւատայ ազգային արժէքներուն, որ կը պահէ մեր պատմութենէն եկած աւանդոյթները եւ միաժամանակ համընթաց առաջ կ՛երթայ ժամանակակից պայմաններուն` հարստացնելով իր ինքնութիւնը եւ ոչ թէ օտարին ծառայելով»:
Բագրատունի ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ 1890-ին` օսմանեան եւ ցարական լուծին տակ տառապող ժողովուրդին ցաւերը թեթեւցնելու եւ հայու կողքին մնալու նպատակով: Այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր` ամէնուրեք, ուր հայը կ՛ապրի:
Ապա Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայ դատի բազմաշերտ եւ հետեւողական աշխատանքները` շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ դատի աշխարհասփիւռ զինուորներուն` անխոնջ ծառայութեան համար:
Աւարտին Քուէյթի թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեաեան շնորհաւորեց Դաշնակցութեան 135-ամեակը եւ կատարեց սեղանի օրհնութիւնը:
Ձեռնարկը իր գագաթնակէտին հասաւ Լիբանանէն ժամանած երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեանի ելոյթով` Շանթ Տիշչեքենեանի նուագակցութեամբ: Աւանդական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը ոգեշնչեց ներկաները` ստեղծելով հայրենասիրական բարձր տրամադրութիւն:
ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի վարչութեան շնորհաւորական ուղերձը կարդաց վարչութեան անդամ Դալար Սարգիսեան Սումբուլեան:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ 135-ամեակի խորհրդանշական կարկանդակի հատումով։