Նիւ Ինկլընտ Ռեվոլուշըն Բ. խումբի անդամ Գէորգ Դիարբեան հրաւիրուեցաւ հիմնական խումբ` կարճ ժամանակի պայմանագիրով:
Դիարբեան նախապէս «Էմ.Էլ.Էս.»-ի գծով Լիոնել Մեսսիի Ինթեր Մայեմի խումբին դէմ մրցումին յայտնուած էր Նիւ Ինկլընտի խաղացանկին վրայ, բայց մնացած պահեստի նստարանին վրայ:
23 տարեկան հայ միջնապահը առիթ մը եւս պիտի ունենայ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ խաղալու 19 հոկտեմբերին աւարտական հանգրուանին, Շիքակօ Ֆայըրի դէմ:
Ան Ռեվոլուշընի Բ. խումբին հետ իր երկրորդ տարեշրջանը կը բոլորէ, ուր ան կը ցուցաբերէ կայուն մակարդակ: Ան 26 մրցումներու
ընթացքին, ուր հիմնական կազմէն 24 մրցում կատարած է, կրցած է նշանակել 6 կոլ եւ կատարել 5 էսիսթ:
Ան խումբին ամէնէն շատ դէպի մրցակիցի բերդ հարուածներ կատարած է (62), անոնց 23-ը` դիպուկ, դառնալով ախոյեանութեան ամէնէն բարձր տոկոսը ունեցող դիպուկ ֆութպոլիստը:
Աւելի կանուխ ան 2 անգամ մասնակցած էր Նիւ Ինկլընտ Ռեվոլուշընի բաժակի մրցումներուն: