ՃԷՅՍՈՆ ԹԱԽԹԱՃԵԱՆ
Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութիւնը դէպի Հայաստան կատարուած 15-րդ բժշկական առաքելութիւնը կը նկատէ բարձր մակարդակի նախաձեռնութիւն։
Սեպտեմբեր 19-էն մինչեւ հոկտեմբեր 4 պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, բժշկական մասնագէտներու միջազգային խումբի մը հետ, այցելեց Հայաստան՝ մարդասիրական եւ մասնագիտական առաքելութեամբ։ Ծրագիրին հիմնական նպատակը ամերիկացի եւ հայ բժիշկներու միջեւ ամուր ու մնայուն կապերու հաստատումն է՝ առողջապահութեան ոլորտին մէջ գիտելիքներու փոխանակման եւ մարդկային կեանքեր փրկելու նպատակով։
Առաքելութեան ծիրին մէջ 23-26 սեպտեմբերին Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ կայացաւ երրորդ միջազգային բժշկական համաժողովը։ Առաջին անգամն ըլլալով համաժողովը ներառեց հիւանդապահական կրթութեան եւ հիւանդապահ-գործողներու (nurse practitioners) վերաբերող դասախօսութիւններ, որոնք նոր քայլ մըն էին Հայաստանի կրթական այս համակարգի արդիականացման առումով։
Աբգարեան, որ 37 տարիէ աւելի փորձառութիւն ունի առողջապահական ոլորտին մէջ, ընդգծեց, թէ հիւանդապահները առողջապահութեան բնագաւառի ամէնէն անհրաժեշտ մասնագէտներն են։ Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի նման երկիրներ կարիք ունին իրենց հիւանդապահական հիմքը արդիականացնելու եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը ուժեղացնելու։
Համաժողովին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինի եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Մուրատեանի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Զեկուցումներու մէջ ընդգրկուած էին բազմազան թեմաներ՝ սկսեալ աղէտներու արձագանգումէն մինչեւ արհեստական բանականութեան կիրարկումը բժշկութեան մէջ։
Դասախօսութիւններով հանդէս եկան մասնագէտներ Քալիֆորնիոյ Իրվայնի համալսարանէն, Քլիվլենտի բժշկական կեդրոնէն, Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանէն եւ այլ առաջատար հաստատութիւններէ։
Համաժողովի առաջին օրը Պերճ Աբգարեան անակնկալ կերպով պարգեւատրուեցաւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին կողմէ՝ ստանալով «Հանրային առողջապահութեան պատուոյ փրոֆեսէօր» կոչումը։
Աբգարեանի գնահատմամբ՝ համաժողովը «կենսական նշանակութիւն ունի»՝ ապահովելու, որ Հայաստանի առողջապահական համակարգը համընթաց զարգանայ ժամանակակից չափանիշներուն հետ։ Համաժողովին զուգահեռ՝ վերականգնողական մասնագէտներու խումբեր գործուղուեցան Գիւմրի եւ Արմաւիր՝ տեղւոյն բնակիչներուն մասնագիտական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։
Այս տարուան ծրագիրին յաջող ընթացքը հիմք կը հանդիսանայ, որ յաջորդ տարի վերականգնողական խումբը աւելի ընդարձակ կազմով գործի անցնի։
Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոսութիւնը վստահ է, որ բժշկական առաքելութիւններուն անհրաժեշտութիւնը մնայուն կերպով առկայ պիտի ըլլայ, եւ Պերճ Աբգարեան արդէն կը նախատեսէ նոր ու աւելի ընդարձակ առաքելութիւններ՝ Հայաստանի առողջապահութեան զարգացման նպաստելու նպատակով։
(Ֆրեզնօ)