Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի տարեշրջանի 6-րդ հանգրուանին պահեց իր 100 տոկոս յաղթանակի յաջողութիւնը` նոյն պահուն դառնալով առաջին խումբը, որ առիթ չտուաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին, որ կոլ նշանակէ:
Ֆրանքֆորթ որ 17 կոլ նշանակած էր իր նախկին 5 մրցումներուն, մրցումի ազդանշանէն իսկ կոլ ստացաւ, երբ 15 երկվայրկեան ետք Սերժ Կնապրի գնդակը փոխանցեց կեդրոն` Լուիս Տիասին, որ նշանակեց մրցումի առաջին կոլը: Ակնկալուածին պէս Ֆրանքֆորթ փոխադարձեց եւ 14-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց, բայց… ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն, որովհետեւ գնդակը փոխանցումի պահուն դպած էր ճափոնցի Ռիցու Տոանի ձեռքին:
27-րդ վայրկեանին, Տիաս փոխանցեց Հերի Քէյնին, որ նշանակեց իր 11-րդ կոլը անզսպելի հարուածով մը:
84-րդ վայրկեանին նոյնինքն Տիաս աւելցուց կոլ մը եւս` շատ նեղ անկիւնէ մը:
Շատ հետաքրքրական մրցում էր շաբաթ գիշերուան մրցումը, որ այդքան ալ միակողմանի չէր, ինչպէս արդիւնքը, բայց պէտք է ըսել, որ Պայերն լաւ ձեւով օգտուեցաւ ստեղծուած առիթներէն, մինչ Սերժ Կնապրի եւ Հերի Քէյն քանի մը առիթներով կրնային աւելցնել կոլերուն թիւը:
Հետաքրքրական մրցում մըն էր Տրթմունտ-Լայփցիկ (1-1) ճակատումը, որուն ընթացքին ոչ մէկ խումբ կրցաւ իր գերակայութիւնը փաստել` մնալով 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերուն վրայ, բայց հեռանալով Պայերն Միւնիխէն: