ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ով որ ուզէ ինծի ծառայել, պէտք է ինծի հետեւի,
եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն,
ուր ես կը գտնուիմ:
Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը»
(Յհ 12.26)
Ծառայութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ, իսկ քրիստոնեային կեանքին իմաստ եւ արժէք տուող հաւատքի եւ նուիրումի արտայայտութիւնն է: Ծառայութիւնը հիմքը կը կազմէ Աստուածաշունչին եւ Քրիստոս իր իսկ կենդանի օրինակով ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ առաջնորդուելու ճիշդ ճանապարհը ծառայութիւնն է: Ուրեմն առանց ծառայական կեանքի` մեր կեանքը կը դառնայ մակերեսային եւ անիմաստ, իսկ ծառայութեամբ լի քրիստոնեային կեանքը կ՛իմաստաւորուի եւ կ՛արժեւորուի:
Ծառայութեամբ լեցուն, այնթապցի արմատներով տոգորուած, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի վարչութեանց մէջ անմնացորդ ներդրում ունեցած, հայրենասիրական ու մարդասիրական արժէքներով լի հայու եզակի տիպարի մը` Աւետիս Կէտիկեանի այս կեանքէն հրաժեշտ տալը խոր սուգի մատնեց իր ընտանիքն ու շրջապատը:
Ան ծնած է Լիբանան: Հրանդ եւ Լեւոնիկ Կէտիկեաններու երրորդ եւ կրտսեր զաւակն է: Ան արհեստով եղած է նուէրի վաճառական: Ամուսնացած է 1993-ին Անայիս Նէնէճեանի հետ:
Աւետիս Կէտիկեանին ծառայական բեղուն գործունէութիւնը կը սկսի Այնթապի հայրենակցական միութեան եւ վարչութեան մէջ: Ան հպարտ կը զգար իր հայրենակցական պատկանելիութեամբ եւ թիկունք կը կանգնէր միութեան նախաձեռնած բոլոր աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ իր անմնացորդ ծառայութիւնը կը բերէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան մէջ: Պարոն Աւետիսը հիմնած է տեղական, ապա գործադիր վարչութիւնը Անթիլիասի մասնաճիւղի: Ան վարած է ՀԵԸ-ի երգչախումբին ատենապետութիւնը: Ան եղած է ՀԲԸՄ վեթերաններու եւ բարերարներու վարչական անդամ: Իր քսան եւ ապա քառասուն տարուան նուիրեալ ծառայութեան համար միութիւնը զինք պարգեւատրած է «Աւագ վեթերանի» շքանշանով:
Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ բացառիկ սէր ունէր: Յարանուանական տարբերութիւն չէր դներ, եւ միշտ իր ազնուափայլ կնոջ, սոփրանօ մենակատար Անայիս Կէտիկեանի ելոյթներուն ու տարբեր եկեղեցիներու մէջ իր ծառայութեան մնայուն քաջալերող եւ նեցուկ հանդիսացած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հայ մշակոյթի հանդէպ անոր նուիրումը տեսնելով` կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի վարչութեան ատենապետ նշանակած է մօտ երեք տարի` Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ղեկավարութեան շրջանին:
Աւետիս Կէտիկեանի ծառայական հարուստ կեանքը, ըլլայ վարչական պատասխանատուութեան մէջ, ըլլայ երիտասարդութիւնը հայ ազգային շրջանակ ուղղելու նուիրական աշխատանքին մէջ, կ՛արտացոլացնէ իր հոգիին մէջ հայ մշակոյթը բարձր պահելու յատկանիշը:
Իսկ իր շարք մը բարեմասնութիւններէն կարելի է առանձնացնել` մարդասիրութիւնը, հայասիրութիւնը, հիւրընկալութիւնը, սէրը, գուրգուրանքը: Ան փոքրին հետ փոքր, մեծին հետ մեծ էր: Իր մասին շարունակ դրական արձագանգներ լսուած են միութենական շրջանակներու մէջ:
Անձնապէս զինք ճանչցած ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած եմ եւ իր մէջ նկատած եմ հեզահամբոյր, բարեհամբաւ եւ ազնուահոգի հայ մը: Իր եւ իր ազնիւ կնոջ հետ հանդիպումները միշտ դաստիարակիչ ու հետաքրքրական էին:
Ափսո՜ս, անբուժելի հիւանդութիւնը չորս տարիներ առաջ բոյն դրաւ իր մարմնին մէջ, հրաշքով կարելի եղաւ դիմակայել զայն, մինչեւ որ խլեց իր ընտանիքէն եւ զինք սիրող ու յարգող մեծ շրջանակէն:
Իր քաղցր ժպիտը, կեանքի հանդէպ սէրը, բարութիւնը, ընտանիքին հաւատարմութիւնը, վաստակաշատ ծառայութիւնը եւ մանաւանդ Աստուծոյ տաճարին մէջ մնայուն ներկայութիւնը (բացի իր անհանգստութեան շրջանէն) մնացին աւանդ մեզի` ապրողներուս, որպէսզի իր շաւիղներով ընթանանք եւ այս աշխարհէն հրաժեշտ տալու ատեն բարի անուն մը ձգենք մեր ետին:
Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ պարոն Աւետիս:
Հողը թեթեւ գայ վրադ: