«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ 5 օր առաջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Մարսէյէն, ինքզինք վերագտաւ եւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օքսեռը, հակառակ անոր որ միջնապահ Վիթինիա եւ Քվարացխելիա վիրաւորուեցան: Լուիս Էնրիքէի խումբը պէտք էր հանգստացնէր արդէն «յոգնած» մարզիկները, որոնք թէ՛ ակումբին հետ, թէ՛ ազգային խումբերով անընդհատ մրցումներ կը կատարէին ամիսներէ ի վեր: Հոս կարեւոր է լաւ պահեստի մարզիկներ ունենալը, պատրաստ պահելը զանոնք եւ ամէն մրցումի հանգստացնելով մաս մը` այս աստիճանին չհասնելու համար: Տեմպելէ, Տուէ, Մարքինիոս եւ Ժոաօ Նեւեշ արդէն իսկ վիրաւոր էին, իսկ վերջին մրցումին Վիթինիան եւ Քվարացխելիան կրնան աւելնալ այդ ցանկին վրայ, մինչ չորեքշաբթի օր Պարսելոնայի դաշտին վրայ դժուար մրցում մը կայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին…