Սեպտեմբեր ամիսը ինքնին պայծառ շարունակութիւնն է մեր ժողովուրդի հազուադէպ, սակայն պանծալի յաղթանակներու շարքին: Մայիս 28-ն հիմքն է անցնող 117 տարուան ընթացքին իրագործուած պետական, ռազմական, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ դիւանգիտական բոլոր յաջողութիւններուն: Այդ յաջողութիւններու շարքին են` Հայաստանի Բ. անկախութիւնը` 21 սեպտեմբեր 1991-ին եւ Արցախի անկախութիւնը` 2 սեպտեմբեր 1991-ին: Այս զոյգ անկախութիւնները յատկանշեցին հայութեան անցնող 34 տարուան պատմութիւնը եւ հանդիսացան դաստիարակչական հիմք` այս ժամանակաշրջանին հասակ առած բոլոր պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն համար:
Որեւէ ազգ իր գաղափարական եւ պատմական ժառանգութեամբ կը յատկանշուի եւ շատ անգամ անկէ ուժ կ՛առնէ դիմագրաւելու մարտահրաւէրներ եւ դէմ դնելու ձուլումի կամ հոգեբանական պարտուողականութեան վտանգներու: Այսպէս, գերմանացի ժողովուրդը այսօր կը կրէ Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան եւ անոր յաջորդած գերմանական կայսրութեան ժառանգութիւնը: Գերմանացին, գիտակցելով հանդերձ համաշխարհային երկու պատերազմներուն ընթացքին աւերիչ իր դերակատարութեան, կը շարունակէ հպարտանալ այդ հին ժամանակներու հմայքով եւ յաջողութիւններով:
Հայ ժողովուրդը, իր կարգին, այսօր կարիքը ունի նման մտածելակերպի: Պատմաքաղաքական տրամաբանութեամբ, ամբողջական պարտութիւն գոյութիւն չունի, իսկ պարտուողական վարքագիծի որդեգրումը տրամաբանական չէ: Ազգը ինքնին պէտք է գիտակցի, որ մարդկային պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ուղիղ գիծեր չեն, այլ` ելեւէջներով լեցուն ժամանակաշրջաններու հաւաքածոյ մը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, իր կարգին, կը նպատակադրէ իր անդամներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութին յայտնելու, որ պարտուողական հոգեբանութիւնը պէտք չէ դառնայ հայու նկարագրային գիծ: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ աւելի քան 4000 տարուան պատմութիւնը ունեցող ազգ մը, որ կրած է պարտութիւն եւ յաղթանակ, այսօր յանձնուի ու ինքզինք ամբողջութեամբ պարտուած համարէ: Այնքան ատեն որ ազգային հայը կայ, մշակոյթը սիրող հայը կայ, մեր բնակարաններուն եւ գործատեղիներուն պահակութիւն ընող, պաշտպանող ու եթէ հարկ ըլլայ նահատակուող հայը կայ, մենք ամբողջութեամբ պարտուած չենք:
Միասնաբար յիշենք Սիմոն Զաւարեանի հետեւեալ հաստատումը. «Դաշնակցութեան ուժը անհատներու չէ կապուած, ան շունչ մըն է, որ պէտք է տեղաւորուի եւ ամրանայ իւրաքանչիւր ընկերոջ սրտին ու հոգիին մէջ, մինչեւ մահ: Մեր ժողովուրդի շունչն է այդ, որ տարածուելով` պիտի իյնայ անոր հաւատացող հոգիներուն մէջ եւ արգասաւորէ մեր գործը, եւ այդ շունչը երբեք պիտի չմարի, եւ առկայծող կանթեղի մը ու անթեղուած կրակի մը պէս պիտի պլպլայ, ու մոխիրը տաք պահէ մինչեւ կրկին արծարծուիլը` առանց ազդուելու փոթորիկներէ եւ սառնամանիքներէ»: