ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ
Անգամ մը եւս մեր պատմութեան ընթացքին անհանդուրժելի դէպք մը որոշ ժամանակ ետք կը վերածուի մոռցուած անցեալի մը: Երկու տարի առաջ, Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելէ ետք, Հայաստանի պետութիւնը կնքեց ամօթալի «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը` մեր տասնամեակներու թշնամիին հետ:
Անգամ մը եւս մեր պետութիւնը խոնարհեցաւ թշմանիին դիմաց: Կնքուած համաձայնագիրէն օգտուողը կը մնայ միմիայն Ազրպէյճանը, մինչ Հայաստանի պետութիւնը կը փորձէ հայուն ընդվզումը նուազեցնել` անոր խաղաղութիւն խոստանալով: Միաժամանակ, հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, ինչպէս միշտ, անտարբերութեան եւ տգիտութեան իբրեւ հետեւանք, կուրօրէն կը հաւատայ այդ սուտին ու կը յօժարի դադրեցնել իր սուրբ պայքարը:
ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդը Ազրպէյճանի ու Հայաստանի դիմումներուն հիման վրայ ընդունեց դադրեցնել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի բոլոր աշխատանքները: Այսպիսով, Հայաստանը կորսնցուց Արցախի հետ ունեցած ամէն տեսակի կապ` համայն աշխարհին առջեւ: Նաեւ պիտի կառուցուի միջանցք մը, որ պիտի անցնի Հայաստանի հարաւէն` միացնելով Ազրպէյճանը Նախիջեւանին:
Ինչպէս մեր պետութիւնը նշանաւոր է իր դաւաճանական արարքներով, այս անգամ ալ ան յուսախաբ չըրաւ մեզ եւ ընդունեց բոլոր այս ամօթալի պայմանները, որոնց փոխարէնը` հայուն միակ ստացածը պարտութիւնն է: Երկար տարիներու մեր պայքարը ոչնչացաւ սեփական շահերու համար տրուած քանի մը որոշումով:
Իսկ ի՞նչ է յաջորդ քայլը: Ցեղասպանութի՞ւնն ալ ուրանալ ու մեր գրաւուած հողերը պահանջելէ դադրի՞լ. արդէն մեր պետութիւնը ասոր իրականացման ալ կ՛օժանդակէ: Ան Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի ենթարկած է, ինչ որ յստակօրէն կը նշանակէ, թէ մօտիկ ապագային նոյնպիսի համաձայնագիր մըն ալ պիտի կնքուի Թուրքիոյ հետ:
Ըստ սովորութեան, այս բոլորին դիմաց հայ ժողովուրդին ու քաղաքական գործիչներուն միակ արարքը համացանցի վրայ անիմաստ գրառումներ կատարել կամ բանաստեղծական յօդուածներ զետեղելն է: Հարկ է ընդունիլ, որ երկար տարիներէ ի վեր ՄԵՆՔ թոյլ տուինք այս բոլորին իրականացումը: Ու տակաւի՞ն կը համարձակինք հարցնելու` «Մինչեւ ե՞րբ»: