Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատը Որպէս Խորհրդանիշ. Ֆութպոլի Հաւաքականի Շապիկէն Անհետացումէն Մինչեւ Սահմանահատման Դրոշմակնիքին Վրայէն Չեղարկումը Եւ Հանրի Վերնոյի Ֆիլմը

Սեպտեմբեր 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1973-ին, Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութեան Արարատ – Տինամօ Քիեւ աւարտական խաղի նախօրեակին, գծանկար մը կար Արարատ լերան խորքով եւ մօտաւորապէս հետեւեալ մակագրութեամբ. «Արարատցի՛ք, թէ Արարատից մի քայլ իջնէք ցած, ձեզ չի ների ո՛չ հայ ազգը, ո՛չ Մասիսը, ո՛չ էլ Աստուած»: Արարատի պատմական յաղթանակէն ետք նոյն գծանկարին մակագրութիւնը փոխուած էր. «Արարատցիք, Արարատից չիջաք ցած, ձեզ կ՛ողջունէ ե՛ւ հայ ազգը ե՛ւ Մասիսը ե՛ւ Աստուած»: Երկու գծանկարներն ալ այդ առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած Արարատի յաղթանակներու ալպոմին վերջին էջին վրան են:

Այդ տարուան համահայկական երանութիւնը ֆութպոլի սիրահար, պապային եւ քեռիներուն հետ ՀՄԸՄ Պէյրութի ամէն խաղերուն գացող մանուկիս յիշողութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած է: Եւ վստահ եմ` աշխարհացրիւ հայութեան բացարձակ մեծամասնութեան յիշողութեան մէջ: Ազգային հպարտութիւն էր, Արարատը` ֆութպոլի խումբը, մե՛րն էր այնքան, որքան` Սրբազան Լեռը, առանց որուն` աներեւակայելի էր հայ ըլլալ: Ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէր` «Պարզապէս մենք էլ պիտի ընդունենք‚ / որ մե՛նք‚ միայն մե˜նք Արարատ ունենք…» (Պարոյր Սեւակ, «Քիչ ենք, բայց հայ ենք»):

Գծանկարներուն մասին յիշեցի առաջին անգամ 2008-ին, երբ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ոլորտին մէջ Հայաստան-Թուրքիա խաղին, Հրազդան մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը դաշտ մտաւ առանց իր շապիկին վրայ Արարատի նշանին: Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան պատասխանատուները պնդեցին, որ երեւոյթը պարզ զուգադիպութիւն էր, կապ չունէր հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին հետ:

Սամուէլ Ֆարմանեան իր «Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. ֆութպոլային դիւանագիտութեան յետնաբեմը (Երեւան, newmag, 2023) յուշագրութեան մէջ, կը գրէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի «ինքնագլուխ որոշումն էր հանդիպումից առաջ փոխել ֆետերասիոնի զինանշանը` այդտեղից հանելով Մեծ ու Փոքր Մասիսների պատկերը» (էջ 145)` առանց նախապէս համաձայնեցնելու արտաքին գործոց նախարարութեան կամ նախագահականի հետ:

Ֆարմանեանի եւ Սարգսեանի կառավարութեան պատասխանատուներուն համար այդ է ճշմարտութիւնը: Ի նպաստ իրեն պիտի նաեւ նշել, որ, դարձեալ Ֆարմանեան վկայութեամբ, Սարգսեան-Կիւլ հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հատուածին մէջ թուրք դիւանագէտ Չեւիքիոզը անուղղակի հասկցուցած է, որ` «ֆութպոլային հանդիպման ժամանակ եւս չլինի որեւէ բան, ինչը կարող է վիրաւորել մեր ազգային արժանապատուութիւնը» (էջ 121): Բայց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման համար «Արարողակարգի տղաներն ու Վիգէն Սարգսեանը հէնց կարմիր սրահն էին ընտրել այն պատճառով, որ այդ սրահի պատին էր կախուած Գէորգ Բաշինջաղեանի նշանաւոր «Արարատ» կտաւը» (էջ 131):

«Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» գրեթէ ամբողջ գործընթացին մասնակից Ֆարմանեանի այս զոյգ բացայայտումներով հանդերձ, կասկածը, որ ֆութպոլի ֆետերասիոնի որոշումը չի կրնար զուտ պատահականութիւն եղած ըլլալ, պիտի չփարատի: Գոնէ` հայութեան այն հատուածին համար, որ Քոչարեանի օրօք հայ-թրքական հաշտութեան յանձնաժողովէն (TARC) ետք, փրոթոգոլներուն ընդմէջէն ընկալեցին Ցեղասպանութեան հարցի թէկուզ եւ ժամանակաւոր ծածկոյթի տակ դնելու մէկ այլ փորձ` ի դէմս յարաբերութիւններու բնականոնացման թրքական երեք լռելեայն (եւ ոչ այնքան…) նախապայմաններէն մէկու կիսակատարման: Նախապայման, որ հայկական դիւանագիտութիւնը յամառօրէն անտեսած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ժառանգ մնացած եւ ուղեցոյց դարձած «առանց նախապայմաններու» համոզումին յամառօրէն կառչած մնալով, առանց երբեք քննական/քննադատական մաղէ անցընելու անոր միակողմանիութիւնը` թրքական անզիջողութեան գէթ չէզոքացման նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանահատման կնիքին վրայէն Արարատի պատկերը հանելու Փաշինեանի իշխանութեան որոշումը, սակայն, հաստատ զուգադիպութիւն չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչի ժամանման: Թէեւ որոշումը տրուած է 11 սեպտեմբերին, սակայն` մնացած չզեկուցուող որոշումներու շարքին: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանն է, որ զայն ներկայացուցած է ընկերային ցանցերու վրայ եւ` բացատրած անոր հիմնաւորումները. կնիքները համապատասխանեցնել ժամանակակից պահանջներուն եւ «իրական» Հայաստանի գաղափարախօսութեան: Զուտ հայկական նախաձեռնութիւն` կը պնդէ Քըլըչի հայ գործընկեր Ռուբէն Ռուբինեան «Սիվիլնեթ»-ին իր տուած հարցազրոյցին մէջ: Թրքական պահանջ չէ, չէ եղած երբեք: Առաւել` «դրոշմակնիքն ինքնին ոչ մի բան է», անոր մէջ պէտք չէ տեսնել «հայ ժողովուրդի ապամոնթաժման գործընթաց», ինչպէս համոզուած է Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար դէմքերէն Արամ Մանուկեան, եւ` իրեն հետ շատ մը ուրիշներ:

Կը մնայ, որ այս երկու տրամագծային հակադիր ընկալումները` «ինքնին ոչ մի բան» եւ հայութեան «ապամոնթաժում», կրնան եւ միաժամանակ ճիշդ ըլլալ: Այսինքն` արտաքին ճակատի վրայ Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն ընդառաջելու զիջողականութիւնը բնականոնացուցած իշխանութիւններուն համար մէկ կողմէ անհրաժեշտ է ներազգային առճակատումը` գաղափարախօսական ձեւակերպումով եւ դիւցազնավէպային յաւակնութիւններով, միւս կողմէ` այդ «իրական» Հայաստանի կառուցման որպէս նախաձեռնութիւն ներկայացուող դրոշմակնիքին վրայէն Արարատի չեղարկումի «ինքնին ոչ մի բան»-ը քաղաքական ճարպիկ մարտավարութիւն է` ահագին (արդարացուած) աղմուկ բարձրացնելով արտաքին ճակատի վրայ իրերայաջորդ ձախողութիւններէն ուշադրութիւնը շեղելու համար: Որոշակիօրէն այս պարագային, Անգարայի կողմէ բազմիցս բարձրաձայնուած թրքական նախապայմանի առկայութիւնը. երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման պայմանաւորումը` հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեամբ:

Ռուբէն Ռուբինեանը, ի դէպ, չի գիտեր, թէ Քըլըչի անցագրին մէջ կնիքը Արարատի պատկերո՞վ էր, թէ՞ ոչ, ինչպէս նոյն հարցազրոյցին մէջ կը խոստովանի եւ կը խոստանայ ստուգել: Պիտի սպասել սահմանահատման պատկան մարմիններու պատասխանին եւ ըստ այնմ շարունակել «ինքնին ոչ մի բան» այս բանավէճը. արդեօք Քըլըչի անցագրի վրայ դրուած կնիքը Արարատի նկարո՞վ էր, թէ՞ ոչ… եւ նման անհեթեթ մանրամասնութիւններ:

Մինչ այդ, Արարատի` որպէս հայկականութեան խորհրդանիշի բազմաթիւ յիշեցումներու կարգին, կ՛արժէ մտաբերել նաեւ Հանրի Վերնոյ/Աշոտ Մալաքեան ֆրանսահայ բեմադրիչին Le Serpent («Օձը») ժապաւէնին անկիւնադարձային տեսարանը, երբ ԱՄՆ-ի, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի լրտեսական գործակալութիւններու բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուներու յանձնախումբ մը կը փորձէ յայտնաբերել Խորհրդային Միութեան լրտեսական գործակալութենէն իբր թէ փախուստ տուած կրկնակի լրտես մը, Վլասսով (Եուլ Պրայնըր): Լուսանկարի մը վրայ կ՛երեւի լրտեսը, ենթախորքին Արարատն է: Լրտեսը կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ նկարուած է: Ամերիկեան լրտեսական գործակալութեան մէջ աշխատող լուսանկարներու մասնագէտը, սակայն, կը բացայայտէ ռուս գործակալին սուտը:

Մասնագէտին (Լարրի Տոլկին) մականունը Ադամեան է, եւ երբ յանձնախումբի նիստին կը հրաւիրուի իր տեսակէտը փոխանցելու, կ՛ըսէ, որ լուսանկարի վրայ լեռը «անմիջապէս ճանչցայ: Արարատն է, հայերու համար կոթողային լեռ մը: Մանկութեանս ծնողներս զիս հոն կը տանէին: Անկարելի է, որ լեռը նկարուած ըլլայ Թուրքիայէն, այլապէս գագաթներու արեւելումը այդպէս չէր ըլլար: Գագաթները այս ձեւով կ՛երեւին, միայն եթէ լուսանկարը առնուած է խորհրդային կողմէն»:

– Վստա՞հ ես:

– Հարիւր տոկոս: Աշխարհագրութիւնը, լոյսը, նոյնիսկ լերան շուքը…

Մինչեւ իր ինքնակենսագրական Mayrig-ը (1991), Վերնոյ իր գրեթէ բոլոր ժապաւէններուն մէջ հայութեան մասին յիշատակում մը կը կատարէ: Երբեմն կերպարներէն մէկուն միջոցաւ (Ժան Փոլ Պելմոնտօ, Le Casse (1971) ժապաւէնին մէջ կ’ըսէ, թէ կը կոչուի Ազատ, «Ça veut dire libre dans une certaine langue.»), կամ ալ Ցեղասպանութեան մասին ակնարկով մը (I Comme Icare (1979): «Dans le cas d’un génocide, par exemple… Quand un tyran decide de tuer froidement cinq, six millions d’hommes, de femmes, d’enfants, il lui faut au moins un million de complices, de tueurs, d’exécuteurs. Comment arrive-t-il à se faire obéir? – En morcelant les responsabilités.»):

Այս յուշումը առնչութիւն չունի այսօրուան հայաստանեան «իրականութեան» հետ: Սփիւռքահայու մը յանձնառութեան մէկ օրինակն է՝ պահպանելու եւ քաղաքականացնելու հաւաքական ինքնութիւնը, որ հաւանաբար ռուբինեաններու նմաններու մտքին մէջ «ինքնին ոչինչ է», բայց սփիւռքահայ ըլլալու համար՝ շատ բան, թերեւս ամէն ինչ, այսինքն՝ կենդանի յիշողութիւն:

Ի դէպ, Վերնոյի Le Serpent-ը ցուցադրուեցաւ, եւ միջազգային գնահատանքի արժանացաւ 1973-ին: Ա՛յն տարին, երբ Արարատը Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնը շահեցաւ: Բայց այդ մէկը վստահաբար զուգադիպութիւն է միայն:

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Յանձնառու Ենք Իր Բազմազանութիւնը Յարգող, Իրանի Եւ Հըզպալլայի Ազդեցութենէն Ազատ Լիբանանեան Հզօր Պետութեան Մը Գոյութեան Երաշխաւորման»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?