Սփիւռքահայ առօրեան, իր բազմաձայն ու բազմազան իրականութիւններով, ունի մէկ հիմնական առաքելութիւն` հայապահպանում:
Հայապահպանութեան` կարեւորագոյն սիւները դպրոցն ու եկեղեցին են անկասկած: Հայապահպանում չի նշանակեր միայն մեր ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը կենդանի պահել, այլ նաեւ` մայրենի լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները: Ահա՛ այստեղ է, որ հայագիտութիւնը կը ստանայ կենսական ու անփոխարինելի դեր: Առանց դպրոցի եւ եկեղեցիի` անսնունդ կը մնան մնացեալ բոլոր կառոյցները:
Անցնող երեսուն տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ գործող հայագիտական կեդրոնը նոր շունչ ստացաւ շուրջ շաբաթ մը առաջ, երբ Ազգային կեդրոնական իշխանութեան որոշումով այսուհետեւ պիտի կոչուի «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ:
Վեհափառ հայրապետը իր գահակալութեան առաջին տարիներէն, համեստ պայմաններու մէջ նախաձեռնած է արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ պահպանման ծրագիրի մը: Այդ դասընթացքները սկզբնական շրջանին համեստ, սակայն խորացած ծրագիրով ընթացան: Ժամանակի ընթացքին անոր գործունէութիւնը աստիճանաբար զարգացաւ ու ամրապնդուեցաւ` դառնալով այն կեդրոնը, որ այսօր արժանաբար կոչուեցաւ «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկ:
Սովորական անուանափոխութիւն մը չէ այս ողջունելի որոշումը: Ան գնահատանք եւ յարգանք մըն է` ուղղուած մեր մեծանուն վեհափառ հայրապետին, որ տարիներ շարունակ իր օրհնութեամբ, անմիջական հսկողութեամբ եւ քաջալերանքով հետեւած է հայագիտական կեդրոնին զարգացման փուլերուն:
Այս քայլը կը նշանաւորէ ոչ միայն հայագիտական կեդրոնի յառաջընթացը, այլ նաեւ` հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանութեան անփոփոխ յանձնառութիւնը:
Անկասկած, Արամ Ա. կաթողիկոսի անուամբ կոչուած այս հիմնարկը միայն տիտղոս չէ, այլ կը հանդիսանայ պարտաւորութիւն եւ պատգամ: Պարտաւորութիւն` շարունակել զարգացնել արեւմտահայերէնի ուսուցումը, մշակել նոր ծրագիրներ, կազմակերպել գիտական եւ մշակութային ձեռնարկներ, սերունդներուն փոխանցել հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի հարստութիւնները: Պատգամ` ամրացնել ազգային ինքնութիւնը, խթանել համայնքային միասնականութիւնը, կապ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ:
«Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի դառնայ փոխանցման կարեւոր հարթակ: Ան պիտի դառնայ սփիւռքահայութեան եւ լիբանանահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն: Լիբանանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հայագիտութեամբ զբաղող անհատներուն հասանելի պիտի դարձնէ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, Հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը:
Նորին սրբութեան անմիջական քաջալերանքով ու հսկողութեամբ, նախաձեռնութիւնը զարգացման նոր խարիսխ գտաւ: Հիմնարկը իր բազմածաւալ ծրագիրներուն մէջ պիտի խթանէ գիտական հետազօտութիւնները, ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները: Հիմնարկը նաեւ կը նախատեսէ լայնածաւալ եւ որակաւոր ծառայութիւններ` հայապահպանութեան, լեզուի զարգացման եւ սերունդներու դաստիարակութեան առումով:
Վեհափառ հայրապետը միշտ լաւատեսութիւն եւ հաւատք յայտնած է ապագայի հանդէպ: Ան համոզուած է եւ գիտէ, որ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը միայն անխախտ պահելով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել սփիւռքահայութեան գոյութիւնը: Մայրենի լեզուն` իր հարուստ բառապաշարով, նրբագեղ հատուածներով, գրական ժառանգութեամբ եւ բանահիւսական զարմանահրաշ աղբիւրներով պիտի պահուի, տարածուի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն:
Հիմնարկը կը գործէ կաթողիկոսարանին անմիջականօրէն առնչուած «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
Արամ Ա. կաթողիկոսը այս նախաձեռնութեամբ մեզի հաւատք կը ներշնչէ` հաւաքական ճիգերով յաղթահարելու ժամանակի մարտահրաւէրները:
«Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի մնայ արեւմտահայերէնը, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ամուր պատնէշ եւ յաւերժ ուղեցոյց:



