Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ 13-րդ անգամ ըլլալով հասաւ Ասիոյ բաժակի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 2026-ին` Ինտոնեզիոյ մէջ:
Զտումի մրցումներուն, Լիբանան գրաւեց իր խմբակին 2-րդ դիրքը եւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու լաւագոյն Բ. դիրքը գրաւող խումբերուն կողքին:
Լիբանան 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Չինաստանը, 1-1 արդիւնքով հաւասարած Հոնկ Քոնկի հետ եւ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած Վիեթնամէն, որ գրաւած էր խմբակի պարագլուխի դիրքը` յաղթելով իր բոլոր խաղերուն:
Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին հիմնական կազմն է` բերդապահ Քարիմ Ժուէյտի, Մոհամետ Քոպէյսի, Սթիւ Քոքոզեան, Մուսթաֆա Ռահիմ եւ Ճորճիօ Խուրի: Պահեստի մարզիկներն են` Ճորճիօ Մախխուլ, Մարիօ Ապու Ժաուտէ, Մաժտ Համմուշ, Հասան Ալամէ, Մոհսեն Մոհսեն, Հասան Մաաթուք, Ալի Համմամ, Ալի Հատի Ժամմուլ եւ Մոհամետ Օսման: