Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինտոնեզիան Պատրաստ Է Զինադադարէն Ետք Կազայի Մէջ 20 Հազար Զինուոր Տեղակայելու

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինտոնեզիոյ նախագահ Փրապոուօ Սուպիանթօ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ճաքարթան պատրաստ է Իսրայէլի եւ Համաս շարժումի միջեւ զինադադարի հաստատումէն ետք Կազայի մէջ տեղակայուելիք միջազգային ուժին 20 հազար զինուորներով մասնակցելու:

«Պէտք չէ լուռ մնանք, մինչ պաղեստինցիները այս դահլիճին մէջ արդարութենէ եւ օրինականութենէ կը զրկուին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «պաշտպանել բոլորը` հզօրներն ու տկարները հաւասարապէս»:

«Ինտոնեզիան այսօր ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու մեծագոյն մասնակիցներէն է: Մենք կը հաւատանք ՄԱԿ-ին, եւ պիտի շարունակենք ծառայել հոն, ուր խաղաղութիւնը պահապաններու կարիք ունի ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գետնի վրայ զինուորներով», յայտնեց Ինտոնեզիոյ նախագահը:

«Երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն ու Ընդհանուր ժողովը որոշեն, Ինտոնեզիան պատրաստ պիտի ըլլայ իր որդիներէն ու դուստրերէն 20 հազարը կամ աւելին ուղարկելու Կազայի մէջ կամ նոյնիսկ Ուքրանիոյ, Սուտանի, Լիպիոյ մէջ կամ որեւէ այլ վայր խաղաղութեան պահպանման օգնելու», աւելցուց ան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ պատրաստած «Նիւ Եորքի հռչակագիր»-ը կը ներառէ Կազայի մէջ «կայունութեան համար միջազգային ժամանակաւոր առաքելութեան» տեղակայումը` «Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ապահովական երաշխիքներ» տալու համար:

 

 

Նախորդը

Պարրաք. «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հանդարտեցման Համաձայնութեան Գոյացման Եզրին Են»

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Կազայի Մէջ «Խաղաղութեան Ծրագիր» Մը Մշակած Է

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?