Քոփենհակընի եւ Օսլոյի միջազգային օդակայանները երէկ փակուեցան, երբ անոնց օդային տարածքին մէջ անօդաչու թռչող սարքեր նշմարուեցան:
Դանիական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ «երեք մեծ անօդաչու թռչող սարքերու» նշմարումէն ետք օդակայանը փակուած է: Սկանտինաւիոյ մէջ մեծագոյնը նկատուող օդակայանը երկուշաբթի գիշեր նշեց, թէ «անծանօթ անօդաչու թռչող սարքեր» պատճառ դարձած են, որ թռիչքները դադրին եւ այլ թռիչքներ մօտակայ օդակայաններ տեղափոխուին:
Օդակայանը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ վերսկսած է գործել, սակայն դէպքէն ետք 31 թռիչքներու ուղղութիւնը փոխուած է, եւ 20 հազար ճամբորդներ ազդուած են թռիչքներու առկախումէն:
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի օդակայանը եւս նոյն պատճառով փակուած է:
Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն նշեց. «Օդակայանին մօտ անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքի դէպքը գլխաւոր ենթակառոյցի մը վրայ վտանգաւոր յարձակում է»:
Ան աւելցուց, որ յարձակումը համահունչ է վերջերս տեղի ունեցած «անօդաչու թռչող սարքերով այլ յարձակումներու, օդային տարածքի խախտման գործողութիւններու եւ եւրոպական օդակայաններ թիրախաւորող համացանցահէնական յարձակումներու»:
Ռուսիա Կ՛արձագանգէ
Ռուսական իշխանութիւնները հերքեցին, թէ Ռուսիան որեւէ կապ ունի երկուշաբթի գիշեր Քոփենհակընի օդակայանի աշխատանքը կանգնեցուցած անօդաչու թռչող սարքերու դէպքին հետ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արձագանգելով Դանիոյ վարչապետի յայտարարութեան նշեց. «Մենք ամէն անգամ այդտեղէն անհիմն ամբաստանութիւններ կը լսենք, եւ թերեւս լուրջ ու պատասխանատու պաշտօն մը վարողը պէտք չէ մերթ ընդ մերթ այսպիսի անհիմն ամբաստանութիւններ ուղղէ»: