Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան Գոյութեան Համար Արցախցիները Շատ Գին Վճարած Են». Սամուէլ Շահրամանեան

Արցախի վրայ 2023-ի ազրպէյճանական յարձակումի երկրորդ տարելիցին առիթով, 19 սեպտեմբերին, Եռաբլուր այցելեցին միայն արցախցիները եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, իսկ Հայաստանի իշխանութենէն`ոչ ոք:

Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ հոգիներուն համար այն հայերուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Ազրպէյճանի կողմէ 19-20 սեպտեմբեր 2023-ին գործուած լայնածաւալ յարձակումին պատճառով:

Ճիշդ երկու տարի առաջ, իր կատարած թշնամական արարքը կոչելով «հակաահաբեկչական գործողութիւն»` Ազրպէյճան յարձակում գործեց ամիսներով շրջափակման մէջ առած Արցախի վրայ, սպաննելով առաւել քան 200 անձեր, մեծ մասամբ` զինուորներ: Շուրջ մէկ շաբաթ ետք, Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափեցաւ` արցախահայութիւնը բռնեց բռնի տեղահանութեան ուղին:

Մեծաթիւ անհատներու կողքին, Եռաբլուր այցելեցին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները:

Եռաբլուրի մէջ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը ամէնէն սուղ գինը վճարած է, որպէսզի այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենայ:

Ան ընդգծեց, որ վերջին յարձակումին զոհուած անձերէն անոնք, որոնք կրեցին առաջին հարուածներուն ծանրութիւնը` կարելիութիւն տալով բնակչութեան հեռանալու իրենց տուներէն, թաղուած են Եռաբլուրի մէջ: «Յարձակումին պատճառով մենք զրկուած ենք մեր հայրենիքէն եւ բռնի տեղահանուած: Մեր համաքաղաքացիներուն մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, զոր մենք նոյնպէս կը նկատենք մեր հայրենիքը», ըսաւ ան:

Մեկնաբանելով այն պնդումները, որ` «Արցախը յանձնուած է Եւլախի հանդիպումներուն», Սամուէլ Շահրամանեան յիշեցուց, որ ինք ներկայ չէ եղած այդ հանդիպումներուն եւ երբեք Եւլախի մէջ չէ գտնուած: Ան աւելցուց, որ հանդիպումներուն մասնակցողները ոչինչ ստորագրած են, եւ թէ այս հանդիպումները զուտ մարդասիրական բնոյթ ունէին:

Անդրադառնալով Փաշինեանի այն յայտարարութիւններուն, թէ` «Մենք չկորսնցուցինք Լեռնային Ղարաբաղը, այլ գտանք Հայաստանը», Շահրամանեան ըսաւ. «Կրնամ միայն աւելցնել, որ Արցախի ժողովուրդը բարձրագոյն գինը վճարեց, որպէսզի այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենայ»:

Պատասխանելով արցախահայութեան Արցախ վերադառնալու մասին հարցումի մը`  Շահրամանեան ընդգծեց, որ հարցը կը վերաբերի ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլ նաեւ համահայկական տարողութիւն ունի, եւ «մենք յոյս ունինք համախոհութեան, որ ներկայիս գոյութիւն չունի»:

«Արցախի հարցը չի կարող փակուած ըլլալ, այնքան ատեն որ արցախցիները զրկուած են իրենց հայրենիքէն, նախնիներուն գերեզմաններէն եւ սրբավայրերէն: Մենք կը կարծենք, թէ վաղ թէ ուշ պէտք է համապատասխան գնահատական տրուի», եզրափակեց Շահրամանեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան գլխաւորութեամբ Եռաբլուր այցելող խմբակցութեան անդամներէն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ազգային հարցերով զբաղող բոլոր ազգային կառոյցները բնականաբար հարուածի տակ են, անոնց կարգին նաեւ` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին, որ իբրեւ ազգային կառոյց, համահայկական կառոյց, մեր ինքնութեան պահպանման եւ հայապահպանման հարցով մեծ դերակատարութիւն եւ պատմական դերակատարութիւն ունեցող կառոյց, բնականաբար, դարձած է թիրախ: Ան շեշտեց, որ ոեւէ հայ պէտք է լիովին կանգնի կողքին եկեղեցւոյ, որ մեր ինքնութեան պաշտպանութեան կռուան է:

Անդրադառնալով իշխանութեան պնդումներուն, որ իրենք Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի իշխանութիւնն են, եւ առարկայականօրէն այս պահուն չունին կարելիութիւն իրենց լիազօրութիւնէն դուրս ստանձնել պարտաւորութիւններ, որոնց կարգին նաեւ Արցախի հարցին մէջ` Սաղաթելեան ըսաւ. «Սուտ են, 2021-ին իրենք մարդոց խոստացած են Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւն, նոյնիսկ հայկական տարածքներու ապագրաւում, ընտրուած են ամբողջութեամբ այլ ծրագիրով. ո՛չ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու լիազօրութիւն ունեցած են, ոչ ալ Հայաստանի տարածքները Ազրպէյճանին յանձնելու: Իրենց որեւէ յանձնում արդարացնելու համար ինչ-ինչ պատճառներ կը գտնեն: Ինք գործիք դարձած է թուրքերուն ու ազրպէյճանցիներուն ձեռքերը: Սեպտեմբեր 19-ի Արցախի հայաթափման անձամբ պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն է, Արցախի մէջ ցեղային զտումը, որ տեղի ունեցաւ 23 թուականի այս օրը, երբ որ Ազրպէյճան յարձակեցաւ, Նիկոլ Փաշինեանը մինչեւ հիմա կ՛օրինականացնէ Ալիեւի քայլերն ու գործողութիւնները, կը փորձէ լուալ անոր արիւնոտ ձեռքերը իր վարած քաղաքականութեան: Յիշեցէք ամէն ինչ, որ տեղի ունեցաւ նաեւ այն ժամանակ, երբ ինք Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Սաղաթէլեան պնդեց, որ Փաշինեան իր այսօրուան քայլերով կը փորձէ ամբողջութեամբ մոռացութեան տալ եւ կոծկել ամէն ինչ, ինչպէս նաեւ առնել որեւէ քայլ` Ազրպէյճանին եւ թուրքերուն հաճելի թուելու համար: Ան յայտնեց, որ Փաշինեան խաղաղութեան հետ որեւէ կապ չունի, եւ այն ծրագիրը, որ կ՛առաջարկէր, խաղաղ յանձնուելու ծրագիր է:

Մուսա Լերան Տօնակատարութիւններուն Ընդառաջ` Յուշահամալիրի Տարածքին Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէս

Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ գիւղին մեջ գտնուող` Մուսա Լերան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի գործերու ցուցահանդէս, որ կը կրէր «Մուսալեռցիներու հոգիի եւ ոգիի կանչ` թմբուկ» խորագիրը:

Ցուցահանդէսին կայացման գաղափարը յղացած է մուսալեռցի Սարգիս Զէյթլեանը: Այս տարի` 2025 թուականը, յոբելենական է. կ՛ամբողջանայ` Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակը, Մուսա Լերան աւանդական թմբուկի 140-ամեակը, Հայաստանի մէջ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակը: Ուստի, Զէյթլեան յղացած է ցուցահանդէսին գաղափարը, որ հաստատած է Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան վարչութիւնը:

«Սեպտեմբեր 13-ը այն պատմական օրն է, երբ մուսալեռցի ժողովուրդը փրկուեցաւ, ուստի այդ օրը բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսին: Հանգամանքներու բերումով մեր մեծերը Սուրբ Խաչին յաջորդող շաբաթ-կիրակի օրերը ընտրած են` իբրեւ Մուսա Լերան տօնակատարութիւններու օր: Այդ հիմնականօրէն կատարուած է այն պատճառով, որ մեր հայրենակիցները տուեալ օրերուն կրցան մասնակցիլ այս միջոցառման: Սեպտեմբեր 20-21-ին աշխարհի տարբեր անկիւններէ մուսալեռցիները Հայաստան կու գան` մեծ շուքով հերոսամարտին օրը նշելու: Սեպտեմբեր 20-ին նախատօնակը կը նշենք, գիշերը խարոյկ կը վառենք, երաժշտութիւն կը հնչէ, իսկ յաջորդ օրը ձեռնարկին պաշտօնական մասը կ՛ըլլայ», «Հորիզոն»-ի թղթակիցին հետ զրուցելու ժամանակ պատմեց Սարգիս Զէյթլեան:

Մուսա Լերան յայտնի թմբուկը պատկանած է Զէյթլեանի մօր պապին` Յակոբ Թոսունեանին:

«1946 թուականին, երբ մերոնք գաղթած են Հայաստան, այդ թմբուկը անհետացած է, ետքը` 1958 թուականին, զայն գտած են հայրս` Փայլակ Զէյթլեանն ու իր ընկերը: Յետոյ համախմբուած են 12 մուսալեռցի: Անոնք 1958 թուականին այստեղ` Հայաստան, Նոր տարին նշած են այնպէս, ինչպէս զայն կը նշէին իրենց բնօրրանին մէջ: Այդ դարձած է շարժառիթ: Յաջորդ տարին արդէն ոգեկոչած են հերոսամարտին զոհուածներու յիշատակի օրը` Էջմիածինի տարածքին` Էջմիածին-Խաթունարխ ճանապարհին: 1958 թուականին, երբ Էջմիածինի մէջ առաջին անգամ նուագած են այդ թմբուկը, այստեղ` Թայիրով գիւղին մեջ մուսալեռցիներու ձայնը լսած են, զարմացած` մտածելով, որ ստալինեան այդ ժամանակաշրջանին ո՞ր խենթն է, որ որոշեց Մուսա Լերան թմբուկ նուագել այս երկրին մէջ: Մուսա Լերան տօնակատարութեան առաջին տարուան ընթացքին եփած են մէկ կաթսայ հարիսա, երկրորդ տարուան ընթացքին` եօթը կաթսայ, իսկ ընթացքին կաթսաներու քանակը աւելցած է: Յետոյ մուսալեռցիները համախմբուած են, այստեղ եկած են տարբեր մարզերու քաղաքներէ` Լենինականէն (այժմ` Գիւմրի) եւ Կիրովականէն (այժմ` Վանաձոր): Երբ մարդոց թիւը հազարը անցած է, ստեղծուած է յանձնախումբ մը, անոր նախագահը դարձած է Անդրէաս Ճուհարեանը. ան գիւղին մեջ նախնական կրթութիւն ստացած էր, ուստի, իբրեւ ուսեալ մարդ` զինք ընտրած են: 1965 թուականին ստեղծուած է «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը, որուն ղեկավարը դարձած է վաստակաշատ մանկավարժ Մովսէս Շերպէթեանը: Հայրենակցական միութեան հիմնադիրները եղած են` Յակոբ Ֆռանքեանը, Փայլակ Զէյթլեանը, Անդրէաս Ճուհարեանը: Այս ձեռնարկներուն կազմակերպումը երկար ժամանակ ղեկավարած է Մովսէս Շերպէթեանը, իսկ անկէ ետք` Աբրահամ Արամայիսեանը, որ ֆրանսերէնի ուսուցիչ էր: Յետոյ վերջինս կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ու անոր կը յաջորդէ Կամօ Տէր Պետրոսեանը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կրտսեր եղբայրը: Իսկ վերջին ժամանակներուն մեր հայրենակցական միութեան նախագահը Պերճ Ղազարեանն է», նշեց Սարգիս Զէյթլեան:

Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան (Մովսէս Ծիրանի)` իբրեւ յատուկ հիւր` հրաւիրուած էր ցուցահանդէսին: Ան խօսեցաւ մուսալեռցիներու վաստակին, միջազգային մշակոյթին մէջ ունեցած անոնց ներդրումին մասին: Մովսէս Հերկելեան յիշեցուց` մուսալեռցիները աշխարհին տուած են յայտնի երեք նկարիչ` Ժան Գազանճեան, Գեղամ Թազեան, հայր Յարութիւն Պզտիկեան:

«Անոնք նորութիւններ բերած են միջազգային արուեստի պատմութեան մէջ: Այս Մուսա Լերան ներդրումն է միջազգային մշակոյթին: Կարծիք մը կայ, թէ մուսալեռցիները միայն մարտունակ, վայրագ են… այդպէս չէ մուսալեռցիներու մարտունակութիւնը պայմանաւորուած է իրենց ինքնապաշտպանութեան բնազդով», մանրամասնեց Մովսէս Ծիրանի:

Անդրադառնալով ցուցահանդէսին` Մովսէս Հերկելեան շեշտեց` ձեռնարկին մասնակցող բոլոր նկարիչներն ու քանդակագործները տաղանդաւոր մարդիկ են: Արուեստաբանը յիշեցուց` թմբուկն ու զուռնան մուսալեռցիներու համար կարեւոր խորհրդանշական նշանակութիւն ունին, ուստի անոնք Մուսա Լերան մշակոյթին մաս կը կազմեն:

«Կան նաեւ պարեղանակներ, եւ անոնցմէ ամէնէն կարեւորն է մարտական պարը, որ կը կոչուի «Չալմը դանգեն», որ կը նշանակէ «Դանակի ինքնասիրութիւնը»: Այդ պարեղանակներէն մէկը շատ նման է քոչարիին: Պատերազմէն առաջ, ընթացքին, յետոյ հնչած է թմբուկը: Այդ թմբուկը նաեւ Արարայի ճակատամարտին հնչած է (ճակատամարտը տեղի ունեցած է 1918 թուականին, Պաղեստին` Ռաֆաթ-Արարա բարձունքի վրայ ֆրանսական զինուած ուժերու մէջ գործող Հայկական լեգէոնի եւ թրքական բանակի միջեւ, հեղ.): Այդ ճակատամարտին եւս հայերը յաղթած են: Հայերը ֆրանսացի զինուորի համազգեստով եղած են: Իմ պապս ալ մասնակցած է այդ ճակատամարտին: Կ՛ըսեն` իրենց դիմաց եղած են թուրքեր եւ գերմանացիներ: Ֆրանսացիները թռուցիկներ նետած են թշնամիին կողմը` անոնց վրայ գրելով. «Ձեր դէմ կռուողները ֆրանսացիները չեն, մուսալեռցիներն են»: Այդ ճակատամարտին մուսալեռցի ոչ մէկ զոհ եղած է: Թշնամիները փախուստ տուած են: Այս մուսալեռցիներու երկրորդ հերոսամարտն է, որուն մասին չի յիշուիր: Մուսալեռցիները նաեւ արցախեան գոյամարտին մասնակցած են 500 հոգինոց յատուկ գումարտակով: Մուսալեռցիները պաշտպանեցին նաեւ Նախիջեւանի ճակատը: Մուսալեռցիները մարտունակ ու մշակութային ժողովուրդ են», պատմեց արուեստաբանը:

Ցուցահանդէսի ընթացքին կատարուած քանդակները կը տեղադրուին յուշահամալիրի տարածքին հիմնուող թանգարանին մէջ, իսկ նկարիչներու կերտած աշխատանքները կը ցուցադրուին տարբեր ցուցասրահներու, իսկ յետոյ տեղ կը գտնեն յուշահամալիրի թանգարանին մեջ:

Գեղանկարչուհի Արեւիկ Մկրտչեանն ալ պատմեց, թէ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ ձեռնարկին մասնակցելու առաջարկ ստացած է եւ նոր մտայղացումներով եկած է մասնակցելու ցուցահանդէսին:

Նկարչուհի Վարդ Քոչոյեան նշեց, որ հրաւէր ստացած ու սիրայօժար որոշած է մասնակցիլ ցուցահանդէսին: Վստահ է` այն արգասաբեր պիտի ըլլայ: Նկարչուհի Սիւզաննա Մկրտչեանն ալ պատմեց, որ կը սիրէ արուեստի բոլոր տեսակները, իսկ գեղանկարչութիւնը առանձնակի սիրով կը սիրէ:

«Այս ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուելիք աշխատանքին մէջ շեշտը պիտի դնեմ ազգային տարրերու վրայ: Նոր սերունդը մեր աշխատանքներու միջոցով կարելիութիւն կ՛ունենայ ծանօթանալու մեր պատմութեան», եզրափակեց նկարչուհին:

Սեպտեմբեր 19-ը` Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդի Բռնի Տեղահանութեան Օր

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով յայտարարութեամբ մը 19 սեպտեմբերը հռչակեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան եւ պահանջատիրութեան օր: Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը.

«Ողջ աշխարհին է յայտնի, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի կողմից մեկնարկուած լայնամասշտաբ ռազմական ագրեսիան` ընդդէմ Արցախի Հանրապետութեան, սկսուել է 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-ին:

«Այդ օրը դաջուած է Արցախի ժողովրդի պատմական յիշողութեան մէջ:

«Արցախի ժողովուրդը շարունակելու է պայքարը իր իրաւունքների ճանաչման եւ վերականգնման համար, յանուն արժանապատիւ կեանքի եւ գոյութեան:

«Այդ նպատակով 2025 թուականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստում ընդունուել է օրէնք` «Արցախի Հանրապետութեան տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» օրէնքում լրացում կատարելու մասին, համաձայն որի` սեպտեմբերի 19-ը այսուհետ կը նշուի որպէս Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդի բռնի տեղահանութեան եւ պահանջատիրութեան օր»:

 

Նախորդը

Արցախի Գիւղատնտեսութեան Համատարած Համայնացում

Յաջորդը

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով` Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?