Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրեմիեր Լիկ. Լիվըրփուլ 5 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Սեպտեմբեր 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի` «Փրեմիեր լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Լիվըրփուլ իր քաղաքի «տերպի»-ին 2-1 արդիւնքով ոչ շատ հաճելի յաղթանակ մը արձանագրեց Էվըրթընի դէմ, բայց 5 կէտով հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Արսենալէն, որ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի հետ:

Միջնապահ Ռայըն Կրավենպերխ բացաւ մրցումին հաշիւը 10-րդ վայրկեանին, ապա 19-րդ վայրկեանին փոխանցեց Ուկօ Էքիթիքէին, որ նշանակեց Լիվըրփուլի 2-րդ կոլը: 58-րդ վայրկեանին Իտրիսա Կուէյ նշանակեց Էվըրթընի միակ կոլը եւ մրցումը մնաց գրեթէ առանց առիթներու, ուր միակ լուրջ առիթը Իպրահիմ Քոնաթէի գլխու հարուածն էր (72-րդ վայրկեան), բայց Էվըրթընի մէկ մարզիկը գիծին վրայէն զսպեց զայն:

Լոնտոնի մէջ, Արսենալ կը հիւրընկալէր Մանչեսթըր Սիթին: Արագ հակայարձակումէ մը ետք Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց կոլ մը, որ իր 6-րդն էր այս տարեշրջանին:

Արսենալ տիրապետեց մրցումին վրայ, բայց Մատուեքէ եւ Սոպիմենտի չկրցան նշանակել Տոնարումայի բերդին մէջ: Հաալանտ առիթ մը եւս ունէր կոլ նշանակելու, բայց Տաւիտ Ռայա զսպեց զայն (57-րդ վայկեան): Կը կարծուէր, թէ Արսենալ կոլ պիտի չնշանակէ, հակառակ գնդակին տիրապետելուն, ուր Կուարտիոլայի խումբը հազուադէպօրէն այս վիճակին մէջ գտնուած է: 93-րդ վայրկեանին Էպերեչի Էզէի փոխանցումէն ետք, պրազիլցի Կապրիէլ Մարթինելլի քառակուսիին ծայրէն պարտութեան մատնեց Տոնարուման` նշանակելով հաւասարութեան կոլը:

Անձրեւոտ եղանակի ներքեւ «տաք» մրցումի մը ընթացքին, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չելսին:

Չելսի շահ գէշ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ սպանացի բերդապահ Ռոպերթ Սանչես 5-րդ վայրկեանին դաշտէն վտարուեցաւ կարծր ֆաուլէ մը ետք: Էնցօ Մարեսքա ստիպուեցաւ խաղաձեւը փոխել` փոխարինելով Էսթեւաոն դանիացի բերդապահ Ֆիլիփ Եորկընսընով, իսկ Թոսին Ատարապիոյոն` Փետրօ Նեթոյով:

14-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆեռնանտեշ նշանակեց Եունայթըտի առաջին կոլը: 20-րդ վայրկեանին Քոլ Փալմըր վիրաւորուեցաւ եւ Մարեսքա զինք փոխարինեց Անտրէ Սանթոսով: Պրազիլցի Քասեմիրօ, որ 17-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացած էր, 37-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի 2-րդ կոլը: Սակայն Քասեմիրօ կիսախաղի աւարտէն առաջ կարծր ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ… Չելսի, որ արդէն իսկ «վիրաւոր» էր, 80-րդ վայրկեանին միայն կոլով մը կրցաւ փոխադարձել շնորհիւ Թրեւոհ Զալոպայի, եւ Լոնտոնի խումբը նահանջեց 6-րդ դիրք: Եունայթըտ բարձրացաւ 11-րդ դիրք` կոլերով ետ մնալով Մանչեսթըր Սիթիէն եւ Էվըրթընէն:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի1-1
Պորնմաութ – Նիւքեսըլ0-0
Սանտըրլենտ – Ասթոն Վիլա1-1
Ֆուլհամ – Պրենթֆորտ3-1
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Չելսի2-1
Պրայթըն – Թոթենհամ1-1
Ուեսթ Համ – Քրիսթըլ Փելես1-2
Վուլվզ – Լիծ Եունայթըտ1-3
Լիվըրփուլ – Էվըրթըն2-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԿԷՏ
1.- Լիվըրփուլ15 (11-5)
2.- Արսենալ10 (10-2)
3.- Թոթենհամ10 (10-3)
4.- Պորնմաութ10 (6-5)
5.- Քրիսթըլ Փելես9 (6-2)
………………………………
18.- Ասթոն Վիլա3 (1-5)
19.- Ուեսթ Համ3 (5-13)
20.- Վուլվզ0 (3-12)
Նախորդը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Եւ Քէյն Կը Շարունակեն Փայլիլ

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Ազրպէյճանի Մէջ

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?