6 սեպտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշանաւոր արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի ստեղծագործութիւններէն գեղանկար մը նուիրուեցաւ ԼՕԽ-ին` ներկայութեամբ Զոհրապի զարմուհի Թալին Գանլէճեանի, արուեստագէտ Ժագլին Օհանեանի, Սեդա Խտըշեանի եւ Յակոբ Փանոսեանի:
Զոհրապ իր կտակին մէջ յիշած էր, որ իր գործերը բաժնուին, սփիւռքի եւ հայրենիքի ազգային կառոյցներուն: Անոր զարմուհին Զոհրապի գործերէն նուիրած է արդէն Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանքին, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ Հայկազեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետներէն Սեդա Խտըշեանի միջնորդութեամբ եւ Յակոբ Փանոսեանի հետ բանակցութեամբ, ԼՕԽ-ը եւս բաժին մը ունեցաւ այս արժէքաւոր ժառանգէն:
Այս առիթով խօսք առաւ Ժագլին Օհանեան, որ անդրադարձաւ ընդհանրապէս արուեստին, յատկապէս` Զոհրապին:
«Արուեստ մը կը խօսի իր ժամանակաշրջանի դաստիարակչական, գեղարուեստական կամ տնտեսական մարզերուն մասին` ազդեցութիւն ունենալով ժողովուրդին վրայ, ան մարդիկ կը համախմբէ եւ ընկերութիւններ կը միացնէ: Արուեստագէտները ընդհանրապէս կ՛ունենան իրենց վարպետները, որոնցմէ կ՛ազդուին, անոնց կը հետեւին եւ համբաւ կը վայելեն: Սակայն Զոհրապ` իբրեւ ստեղծագործական անուն, ընտրած էր մեր գրականութեան մէջ ամէնէն մեծ դէմքերէն Գրիգոր Զոհրապի անունը, չէր ազդուած ոեւէ վարպետ արուեստագէտէ, ան ինքնատիպ էր եւ ինքնաշխատութեամբ ստեղծած էր ինքզինք», ըսաւ ան: Ապա Օհանեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Զոհրապի կենսագրականը: Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943-ին, տնտեսական ծանր պայմաններէն եւ գաղթէն ազատելու համար 1962-ին կու գայ Լիբանան, ուր կը ծանօթանայ իտալացի արուեստագէտ Ճուլիանոյին, որուն աշխատանոցին մէջ գործելով` բաւական կը զարգացնէ իր արուեստը, եւ Ճուլիանօ պատճառ կը դառնայ, որ Զոհրապ մուտք գործէ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանը, ուր 4 տարի ուսանելէ ետք կ՛աւարտէ եւ կ՛ուղղուի Իտալիա, Վատիկանի արուեստի դպրոց, ուր վանականներն ալ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան իր արուեստին վրայ եւ 1972-ին ոսկի յուշանուէր մը կը նուիրեն:
«Երբ Զոհրապ ըսենք, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ հոգեւոր խորհրդապաշտութիւնը (religious symbolism): Վանականներուն կողքին, անոր մայրն ալ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրան` տան մէջ մնայուն կերպով Աստուածաշունչ կարդալով:
«Զոհրապ կ՛ըսէ, որ ժողովուրդները հետզհետէ կրօնէ կը հեռանան, ուստի ան իր գեղանկարներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ պատգամ փոխանցել, թէ կրօնը շատ կարեւոր է մարդուս հոգեկանին, այդ ալ ուրիշ արուեստ մըն է` իրարու հետ համերաշխ ապրելու: Երբ ժողովուրդը Աւետարան չի կարդար, ապա գեղանկարներուն ընդմէջէն կրնար ծանօթանալ անոր:
«Այսօր կրնանք ըսել, որ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ ճանաչում ունի Զոհրապ. ան ցուցահանդէսներ տուած է Եւրոպայի, Քուէյթի եւ Կիպրոսի մէջ: Ան չէր ուզեր վաճառել իր գործերը, կարծէք անոնք իր որդեգիր զաւակները ըլլային: Հպարտ ենք իրմով», շեշտեց Ժագլին Օհանեան:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղուեցաւ հիւրերուն` իրենց ազնիւ նախաձեռնութեան համար: