Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Գործնական Փոթորիկ Բոլո՛ր Ոճիրներուն Դէմ

Սեպտեմբեր 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգի մէկ համալսարանի շրջափակին մէջ, Չարլի Քըրք անունով քաղաքական գործիչի մը սպանութիւնը` 10 սեպտեմբերին, հսկայ փոթորիկ ստեղծեց երկրի տարածքին` ներգրաւելով միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու լուսարձակները: Քըրք հանրապետական երիտասարդ գործիչ մըն էր, որ նախագահ Թրամփի (եւ հանրապետականներուն) ի նպաստ լայնածաւալ աշխատանք տարած է յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Կենսագիրները կ՛ըսեն, որ ան այս գործին ներգրաւուած է աւելի քան 13 տարի առաջ, երբ… 18 տարեկան էր: Իբրեւ ոճրագործ ձերբակալուած Թայլըր Ռոպինսըն 22 տարեկան է, հօրը թելադրանքով անձնատուր եղած է եւ խոստովանած է, թէ ինք սպաննած է Քըրքը. այլ մանրամասնութիւններ պիտի «քակուին» յառաջիկայ օրերուն, բացուած քննութիւններուն ճամբով:

Արարքը դատապարտանքի ալիք մը յառաջացուց շատ բնականաբար` ամերիկեան քաղաքական եւ ժողովրդային շրջանակներուն մէջ: Հանրապետականներն ու դեմոկրատները միաձայնութեամբ դատապարտեցին ոճիրը, ցաւեցան երիտասարդի մը մահուան համար, նշեցին, որ ետին կը մնան երկու մատղաշ մանուկ եւ երիտասարդ այրին: Քննադատութիւններուն հասարակ յայտարարը այն էր, որ քաղաքական տարակարծութիւնները բնական են, սակայն հակադրութիւնները լուծելու ճամբան բրտութիւնն ու ոճիրը չեն: Չենք ուզեր կանգ առնել Թրամփի այն ակնարկութեան վրայ, ուր ան անգամ մը եւս դեմոկրատներուն բաժին հանեց մեղադրանքներու տոպրակէն: Յայտնապէս տարիքին յառաջացումը յուշակորոյս դարձուցած է «նարնջագոյն մարդը», մինչդեռ մարդիկ շատ լաւ կը յիշեն Պայտընի ընտրութեան յաջորդած վայրագութիւններն ու ժողովուրդի ներկայացուցիչները ընդգրկող շէնքին վրայ յարձակումը, զանոնք ներշնչո՛ղը, քաջալերողը, յանցաւորները քանի մը ամիս առաջ անպարտ հռչակողը:

Հանրային քննարկումներուն շարքին արծարծուեցան քանի մը ուշագրաւ կէտեր, որոնց շարքին` զէնքի ազատ առեւտուրի եւ ընդհանրապէս վայրագութեան արարքներու ալիքի տարածման հարցերը: Նպատակ չունինք մտնելու մանրամասնութիւններու մէջ, այլ կը բաւականանանք ընդգծելով, որ նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն արդարացում կրնար գտնել, ինչպէս միաձայնօրէն յայտարարեցին երկու ճակատներու առաջնորդներն ու հասարակ մահկանացուներ: (Չենք անտեսեր այլ կէտ մը. արդարութենէ խոյս տուած ոճրագործի մը, մանաւանդ դիտումնաւոր կերպով անպատիժ ձգուած ցեղասպան պետութեան մը հանդէպ արդարահատոյց արարքները տարբեր բնոյթ ունին, կապ չունին նման ոճիրներու հետ): Վերի տողերը պարզապէս նախաբան մըն են մեր բուն ըսելիքին, որ պիտի պարզենք յաջորդ տողերուն մէջ:

***

Արդա՞ր է, որ անհատի մը սպանութիւնը նման փոթորիկ ստեղծէ (մէկդի կը ձգենք քաղաքական նկատառումները): Պատասխանը կտրուկ ԱՅՈ՛ է: Կրկնենք` նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն կրնան արդարացուիլ:

Յետոյ… ի՞նչ:

Ի՞նչ ըսել բոլոր այն ոճիրներուն եւ ոճրագործներուն մասին, որոնք սանձարձակ կը գործեն աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ, անցեալին ու ներկայիս, սակայն կը մնան գործնապէս անարձագանգ: Ի՞նչ ըսել Իսրայէլի ոճրագործ կառավարութեան մասին, որ ո՛չ միայն վերջին երեք տարիներուն, այլ տասնամեակներ շարունակ պաղեստինցիներ կը ջարդէ Կազայի, Արեւմտեան ափին, անցեալին` Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ներկայիս կը շարունակէ ոճիրները բազմայարկ դարձնել` ամէն օր շարունակուող ռմբակոծումներով, հիւանդանոցներու եւ քաղաքային բնակարաններու քանդումով, միլիոնաւոր պաղեստինցիներ սովի մատնելով, սպաննելով անոնց օգնութեան հասնող փրկարարներ ու ոճիրները տեղեկագրողներ… Չմոռնանք նաեւ Լիբանանը, որուն սահմաններէն ներս իսրայէլեան սանձարձակութիւնները եւ ոճիրները ունին տասնամեակներու պատմութիւն, հիմա նոր արտայայտութիւններ կը գտնեն Սուրիոյ մէջ (եւ այլուր), Թուրքիոյ հետ չյայտարարուած, բայց բացայայտ համակարգումով:

Ինչպիսի՜ տարողութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծուին քիչ մը ամէն տեղ` ի տես եւ ի լուր այն քանդումներուն եւ սպանութիւններուն, որոնք կը կատարուին ռուս-ուքրանական պատերազմին զուգընթաց: «Պատերազմ է, նման բաներ անխուսափելի են» ըսելը արդարացում չէ:

Ի՞նչ սաստկութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծուին այլ հաւաքական նախճիրներու դէմ, որոնք կը պատուհասեն ափրիկեան մէկէ աւելի երկիրներ, ուր ծայրայեղական ահաբեկիչներ, կրօնական դիմակի ետին ծածկուած, յաճախ անմեղ մանուկներ կ՛ընտրեն իբրեւ նոխազ: Իսկ գաղտնի՞ք է, թէ նման ծայրայեղականներու ետին կանգնողներէն մէկը ցեղասպան Թուրքիան է…

Վերջապէս, եւ իբրեւ հայ, իրաւունք չունի՞նք հարց տալու, թէ ինչո՞ւ նման փոթորիկներ չստեղծուեցան, երբ Արցախի դէմ շղթայազերծուեցան ազերիական բազմափուլ յարձակումները, տարածուն քանդում տեղի ունեցաւ, այդ բոլորը «պսակուեցան»` ամբողջ Արցախի բռնագրաւումով, ժողովուրդը բռնագաղթի մղելով ու անոնց դարաւոր ժառանգութիւնները իւրացնելով, փոշիացնելով… Ինչպէ՞ս լուռ մնալ, մանաւանդ երբ հայութեան (եւ ո՛չ միայն Արցախի) իրաւունքներուն ի նպաստ փոթորիկ բարձրացնելու կոչուած Հայաստանի իշխանութիւնը դարձած է ոճրագործին գործակիցը, ո՛չ միայն կը կատարէ անոր բոլոր ուզածները, այլ կը հրաժարի մեր տարրական իրաւունքներէն` ոճիրներու հետապնդումը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդելու իրաւունքէն: Իսկ իբրեւ «վրադիր»` ծափողջոյններով կը դիմաւորէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, որ մէկդի դնելով ազերիական պահանջներուն ետին պահուըտելու իր մարտավարութիւնը, Երեւան կու գայ` Անգարայի պահանջներու ցանկը յիշեցնելու ՔՊ-ական «արխատաշներուն»:

***

Արդար ըլլալու համար չենք կրնար անտեսել այն արդար զայրոյթը, որ կը տարածուի աշխարհով մէկ` ի տես եւ ի լուր յիշեալ ոճիրներուն, սակայն անոնք կը մնան անատամ արարքներ:

Ընդվզումի ալիքներ կան նաեւ Հայաստանի մէջ, համակած են սփիւռքը, սակայն անոնք իրենց դէմ կը գտնեն ոճրագործներուն պաշտպան կանգնողներուն ստեղծած պատնէշները: Թրամփ մը ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կ՛արդարացնէ Կազայի դէմ ոճրային արարքները, իսկ Սիւնիքէն «Թրամփի ուղի» մը ապահովելու միջոցով կը նպաստէ համաթուրանական հայաջինջ ծրագիրներուն: Տարբերութիւնը հոն է, որ ան ո՛չ մէկ ատեն կը մոռնայ Իսրայէլի անունը, սակայն ուաշինկթընեան ծանօթ համաձայնագիրին նախաստորագրումէն ասդին, սովորութեան վերածած է Հայաստանը կոչել… Ալպանիա: Ու փաշինեանական Հայաստանի մէջ ո՛չ իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ անոր թմբկահարները կը փորձեն ճշդում կատարել, այլ ընդհակառակն, կը փորձեն իրենց ստապատիր հրճուանքին մէջ ներգրաւել ժողովուրդն ու ազգը:

15 չափ 15 հազար կշիռ վարուելակերպը չի կրնար, պէտք չէ երկար շարունակուի: Կասեցնելու համար ուժեղ դիմադրութիւն պէտք է ձեւաւորուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ արդարատենչ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ: Եւ ինչպէս որ սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ, ոճիրներու եւ անարդարութիւններու կնճիթն ալ պէտք է կրճատուի գործնապէս:

12 սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

«Ալիք»-ի Խմբագրական. Արարատը` Մեր Ինքնութեան Յենասիւնը

Յաջորդը

Արուեստագէտ Զոհրապի Գործերէն Մէկը Կը Նուիրուի ԼՕԽ-ին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?