Հայաստանի վարչապետը յայտարարութիւններ կ’ընէ, եւ զինք լսող ողջախոհ հայը եւ հայու բարեկամը շուարումի կը մատնէ: Ան յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումները ո՛չ մէկ շահ բերած են Հայաստանի: Չէ ըսած, թէ ի՞նչ վնաս բերած են: Եթէ ըսէր, կը հասկնայինք ազգի շահ-վնասի ըմբռնումը: Հայաստանի քաղաքական շահը մի՞թէ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի շահի եւ վնասի ըմբռնումէն տարբեր է: Այդ ժողովուրդը ՀԱՅ Ա՞ԶԳն է, թէ՞ միայն ներկայի «իրական» կոչուող Հայաստանը` իր բնակչութեամբ: Հայաստանի ըմբռնումը եւ սահմանումը նո՞յնը եղած են եւ նո՞յնն են բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք որպէս այդ կ’ընդունին:
Խորհի՛լ «Հայաստան»-ի ըմբռնման մասին, որպէսզի զիրար հասկնանք, եւ ուրիշներ ալ մեզ հասկնան, գիտնանք եւ գիտնան, թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչո՞ւ:
Մինչեւ 1915, հակառակ անոր որ հայերը եւ իրենց բաժան բաժան եղած հայրենիքը օտար տիրապետութիւններու տակ կը գտնուէին, նոյնիսկ երբ կ’ապրէին հեռու-հեռաւոր աշխարհներու մէջ, իրենք զիրենք ՀԱՅ կը համարէին, մէկ եւ նոյն, թէեւ այդ հայրենիքը քաղաքական սահմաններէ զրկուած էր, բայց անոնք գիտէին, որ կար այդ հայրենիքը: Երբ Հայաստան կ’ըսէին, կը հասկնային նոյն աշխարհագրութիւնը, այլ երկինքներու տակ զայն կը պահէին եւ կ’իւրացնէին` լեզուով, մշակոյթով, գրականութեամբ, պատմութեամբ, եկեղեցիով: Կը պահէին մէկութիւն: Ինքնութիւն էր հայ քրիստոնեայ ըլլալ, եկեղեցին ազգ ըլլալու եւ պահելու հոգեմտաւոր պատուանդան էր:
Ինչո՞ւ գաղթած հայերը հեռաւոր Մատրասի մէջ հայերէն թերթ պիտի հրատարակէին, Կալկաթայի մէջ կրթական հաստատութիւն ունենային: Պարզ չէ՞, որ անոնք կը շարունակէին մնալ նոյն ազգին մէջ:
Իր հայրենիքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենահանուած էր: Այդ հայրենիքը Վան էր, Մուշ, Սասուն, նաեւ` Կիլիկիա: Այդ բարոյական-քաղաքական ըմբռնում էր երէկ եւ է այսօր:
Օրէնքներով առաջնորդուող երկիրներ նուազագոյնը կ’ընեն` ճանչնալով Ցեղասպանութիւնը, թէեւ այդ մսկոտ արտայայտութեան մէջ չեն ներառեր հայրենահանումը, որ կը շարունակէ հայասպանութիւնը:
Թուրքը կը խօսի «Թիւրք իրքինին եաշատըքը եէրլէր»-ի մասին (թուրք ցեղի ապրած վայրերու), զորս կը համարէ իր հողը, հայրենիքը: Ինչո՞ւ հայը իր հայրերու բնակած աշխարհը իր հայրենիքը պիտի չհամարէ:
Ամերիկա կամ Ֆրանսա բնակող «վանեցի» Գեղամին կամ «մշեցի» Սիմոնին հարցուցէ՛ք, թէ ո՞ւր է Հայաստանը, ան պիտի ըսէ «Վան, Մուշ»:
Մարդու դէմ գործուած Ոճիրը ճանչնալ եւ դատապարտել` քաղաքական բարոյական է, փուճ է, եթէ մնայ եթերին մէջ, թուղթի վրայ, արդարութեան արժէքներու վրայ ոչինչ կ’աւելցնէ, ձրի մխիթարութիւն կ’ըլլայ: Ցեղասպանութեան ճանաչումները մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին համար էական բարոյականութեան շահ են, որ վաղ թէ ուշ պիտի յանգի արդարութեան, որպէսզի մարդիկ ճակատաբաց ըսեն, որ իրապէս դուրս եկած են Անտառի Օրէնքէն, «ջունգլի»-ի օրէնքէն: Քաղաքակիրթ աշխարհը իր ամպագոռգոռ ժողովներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը եթէ օրին ճանչնար, դատապարտէր հայերու հայրենահանումը, արդարութիւն եւ իրաւունք վերականգնէր, Հիթլեր, երբ իր զրահապատները կը խուժէին Լեհաստան, պիտի չըսէր` «Ո՞վ կը յիշէ հայերը», եթէ հայերու ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը պատշաճ վերաբերումի արժանացած ըլլային, հրէական ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար: Ի՞նչ երաշխիք կայ, որ մարդկութիւնը պիտի չդիմագրաւէ նոր ցեղասպանութիւններ, այս անգամ ոչ թէ նախնական միջոցներով, այլ` ձեռք բերուած հիւլէական հզօրութեամբ, սպառնալով «կապոյտ մոլորակ»-ի վրայ եղած կեանք-հրաշքին:
Ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում ՀԱՅ-ը զրկեցին իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէ: Այս ոճիրը մոռնալ` արմատներու եւ նախահայրերու ուրացում է եւ ըլլալ անանցեալ: Ճանաչումները իրաւունքի յաղթանակ են, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտութիւն եւ իրաւունքի վերականգնումի առաջին քայլ: Այդ իրաւունքը ՀՈՂ է եւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ: Շահ, որ կրկին կը միջազգայնացնէ պատմութեան մէջ ծանօթ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը, որպէսզի արդարութիւն ըլլայ: Այս ՇԱՀն է հայուն, եթէ ան չէ վատասերած: Ըսել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումները շահ չեն բերած Հայաստանի, կ’առաջնորդէ հոն, ուր Արցախը կը դառնայ շահ չբերող հարց, նոյն հունով` նաեւ Սիւնիքը, մտածե՛լ նաեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի»-ի մասին, զայն շահ-վնասի էջին վրայ որպէս ի՞նչ պիտի արձանագրենք:
Դիւանագիտական մեծ խաղերու մէջ հանդէս եկող Հայաստանի վարչապետի վերջին գիւտը եղաւ այն յայտարարութիւնը, որ «Թայուանը կը պատկանի Չինաստանի»: Ոչ ոք իր կարծիքը կը հարցնէր, իր կարծիքը ոչ մէկ կշիռ կրնայ ունենալ ՄԵԾԵՐ-ու խաղին մէջ: Այդ յայտարարութիւնը Ի՞ՆՉ ՇԱՀ կրնայ ապահովել Հայաստանի: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` Արցախը, Վանը, Մուշը, Սասունը, Կարսը, Անին, հայոց հայրերու կառուցած եկեղեցիներու վկայութեամբ, կը պատկանին հայերու, Հայաստան են:
Ցեղասպանուած հայերը հայ ազգին մաս կը կազմէի՞ն, թէ՞ ոչ, անոնց բնակած երկիրը հայոց իրական հայրենի՞ք էր, թէ՞ ոչ: Եթէ երէկ հայրենիք եղած տարածքէն կարելի է հրաժարիլ եւ զայն մոռնալ, պատճառ չկայ, որ այսօր իրական հայրենիք համարուող տարածքն ալ կարելի է մոռնալ:
Ի՞նչ շահելու համար:
Աւելի քան երբեք, հայ ժողովուրդը կանգնած է իր իրաւ մէկութեան նուաճման հարցին առջեւ, որ յիշողութիւն-ինքնութիւն է եւ ազգային տարածքի իրաւունք, որուն պաշտպանութիւնը եւ տիրութիւնը ազգի գոյապահպանման երաշխիք են:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրպակի շահ-վնասի մանրադրամ չէ, ան հաշուետուութեան մեկնակէտ է հայ ժողովուրդի իրաւ շահերու տիրացման համար: Ճամբացոյց է, որպէսզի հայերը ընթանան ներքին միացման, հայրենիքի ամբողջացման եւ տիրութեան տանող ուղիով:
Ազգ կ’ըլլանք միացումով եւ «նախնիներու ապրած աշխարհներ»-ու միացումով:
Ցեղասպանութեան եւ անոր ընկերակցած հայրենահանման մարդկութեան դէմ ոճիրի ճանաչումը մարդու եւ ժողովուրդներու բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւն է, հայ ազգի հանդէպ քաղաքական պարտք` Հայաստան Հանրապետութեան մէջ եւ իր բռնագրաւուած հայրենիքէն դուրս պարտադրաբար գաղթական ժողովուրդին համար, զոր կը կոչենք ՍՓԻՒՌՔ:
Ի՞նչ պէտք է ընէ սփիւռքը իր բռնագրաւուած հայրենիքին համար: Ինչպէ՞ս պիտի հետապնդէ իրաւատէրի գոյութենական ազգային քաղաքականութիւն: Այդ ինչպէ՞ս օրակարգ պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչումներու ենթահողին վրայ, որոնցմով միջազգային համայնքը ստանձնած է իր քաղաքական պարտքը:
Այդ պարտքը յարգել տալ` պահանջ է, եւ հայութիւնը այդ ի՛նք պիտի հետապնդէ: «Ճանաչում»-ները հայութեան ներկայի եւ վաղուան շահը կ’ըլլան, եթէ, ներսը եւ դուրսը, անոնց իրացումը հետապնդող մէկ եւ նոյն ժողովուրդ ըլլանք: Անարժաններ կրնան ըսել, որ ազգի իրաւունքը իրենց շահը չէ, շահ չի բերեր:
Առանց ամբողջական իրաւունքի ըմբռնումի` մասնակին ժամանակաւոր է եւ մոռցուելու դատապարտուած:
Հարցում. բազմամիլիոն սփիւռքը ինչպէ՞ս վերականգնել` որպէս ամբողջի տեսիլք ունեցող յանձնառու իրաւ հայրենատէր ազգ, որ գիտնայ մերժել յաւերժ գաղթական ըլլալու ստորացումը, հրաժարի մանր գոհացումներու ճապկումներէ, ինչպէս որ է լաւ ապրելու իրաւունքի հետապնդումը:
Գերմանացի իմաստասէր Քարլ Եասփերզ ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց պատասխանները: Ո՞վ, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանեն եւ գործեն, որպէսզի պարտութիւնը չըլլայ յաւերժական:
Ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու անորոշ միլիոններով ժառանգները` որպէս զոհ եւ իրաւատէր, պահանջատէր կ’ըլլան` կազմակերպուելով եւ քաղաքական հրապարակ գալով, գերանցելով ներազգային եւ ներհամայնքային ամուլ-ամլացնող հատուածական մանրուք մրցակցութիւնները, որպէսզի վերականգնեն անարդարութեան նկուղներուն մէջ մնացած հայ ազգը, որ պատմութեան չբացուող էջերուն մէջ է եւ կը կոչուէր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, որուն հայրենիքը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆՆ էր: Այս ազնուական պայքարը էապէս ազգային եւ հեռանկարային է, պարտուածի հոգեբանութեան մէջ թաղուած չմնալու կոչ եւ չըսելու, որ ուշ է:
Ֆրանսան պարտուած եւ գրաւուած էր: Նախախնամական անձ մը Մանշ ծովի միւս ափը գնաց եւ պայքարի կոչ ըրաւ ժողովուրդին, որ լսեց, միացաւ եւ պայքարեցաւ: Պատմութիւնը իրեն իրաւունք տուաւ:
Ի՞նչ կը բանին ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու միլիոնաւոր յետնորդները: Ինչո՞ւ անոնք պայքարող ժողովուրդ պիտի չըլլան: Եթէ չըլլան, հայրենազուրկ ըլլալէ ետք, կը դառնան անինքնութիւն համրանք: Աշխարհատարած յետնորդներու պարտքն է կազմակերպուիլ եւ կեանքի կոչել Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, որ թաղային մասնակիէն եւ սովորական եսերէն անդին նայի եւ ըլլայ առաջնորդ: Այդպէս ըրած են ԻՐԱՒ ՄԵԾԵՐ-ը, երբ հաւատքով ոտքի կանգնած են, միացուցած եւ առաջնորդած են ժողովուրդը: Պիտի ընե՞ն, պիտի ընե՞նք այնպէս, որ արեւմտահայութեան Արեւմտահայաստան հայրենիքը հայուն վերադառնայ:
Յայտարարել, Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան պահանջատէր ներկայացուցչութեան կազմութիւնը, ընել այնպէս, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններ եւ կազմակերպութիւններ զայն ճանչնան` որպէս ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի յետնորդներու իրաւասու ներկայացուցչութիւն եւ խօսակից, որպէսզի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը չմնայ արխիւներու մէջ, չըլլայ սոսկ ոգեկոչման ջոջական կամ հոգեհանգստեան հանդէս, ըլլայ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՈՂ ՕՐԱԿԱՐԳ ԵՒ ԴԱՏ: Յետնորդները` որպէս մարդ եւ հայ, բարոյական եւ քաղաքական պարտք ունին իրենց կորսնցուցած հայրենիքին եւ իրենց նախնիներուն հանդէպ, որպէսզի ապրին իրենց ինքնութեամբ, չըլլան, ինչպէս արդէն` դարէ մը ի վեր, պատմութեան չարիքներու հեղեղին մէջ քշուող աննշան տաշեղ:
Մի՛շտ խորհիլ, որ վաղը ուշ է, եւ լսել ֆրանսացի մեծ գրող Անթուան տը Սենթ’
Էկզիւփերիի իմաստութիւնը, կանգնիլ եւ առնել առաջին քայլը, ապա` երկրորդ առաջինը, եւ շարունակել… հասնելու համար: Այդպէս է նպատակի հետապնդման ուղին, միշտ գիտակցելով, որ Արեւմտահայաստանը հայու հայրենիք է: Ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու յետնորդները իրենք են Արեւմտահայաստան հայրենիքին տէրը: Եթէ չըլլան, կը մնան եւ կ’ըլլան անհետանալու դատապարտուած յաւերժի գաղթականներ:
Բանաստեղծները յայտնատեսներ են: Կը յիշեմ Յովհաննէս Շիրազի խօսքը այն աշխարհի մասին, զոր շատեր ազնուական յամառութեամբ կը կոչեն ԷՐԳԻՐ: Շիրազ այդ աշխարհին համար ըսած էր, որ ինք հոն միտքով ման կու գար, նոր սերունդները հոն ման պիտի գային ոտքով: Մեծ առաջնորդները այդ հաւատքով կը կերտեն պատմութիւն եւ ապագայ, չեն կքիր կրպակի շահ-վնասի մտմտուքի դիմաց: Շիրազ մէկ օդանաւէ միւսը չէր ցատկեր, շոփինկ չէր ըներ, հայ էր եւ տեսիլք ունէր:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի արեւմտահայութեան եւ անոր հայրենիք Արեւմտահայաստանի ԴԱՏ-ը վերադառանայ միջազգային քաղաքական բեմ եւ ըլլայ զօրաշարժ, չըլլայ սոսկ թղթաբանութիւն, բեմի եւ եթերի աղմուկ: Այդ ընելու համար կը յաղթահարե՞նք անբովանդակ փառասիրութիւնները եւ կոշկոռ կապած քէները` հրաժարելով, ինչպէս կ’ըսուի գրաբարով, «բարձընտիր լինելու ախտէ, որ ընկճուածի հոգեխոց եւ վարակ է»:
Մի՞թէ մեր մէջ մեռած են` Դլոլ Դաւիթը, Վահագնը, Հայկը, իր հողէն ուժ ստացող Արշակունի թագաւորը:
Հրաշքը պիտի գործէ հայը, կամ ան պիտի ընդունի ազգ չըլլալ եւ անհետանալ, դառնալ մոլորակի բազմանուն հասցէներով նորանուն-անանուն արտադրող-սպառող քաղաքացի, սպառողական ընկերութեան հիւլէ:
11 սեպտեմբեր 2025, Փարիզ