Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի Կառավարութիւնը Ներսէն Կը Քանդէ Հայաստանը

Սեպտեմբեր 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի ճգնաժամը կը խորանայ: Ամէն օր երկրին անձեռնհաս կառավարողները մաս առ մաս կը թօթափեն ինքնիշխանութիւնը` քանդելով այն պետութիւնը, որուն պաշտպանութեան համար ընտրուած են:

Այժմ Հայաստանի ղեկավարները արձագանգը կ՛ըլլան երկրի ոխերիմ թշնամիներուն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն դիրքորոշումներու, կարծէք` անոնք կը տիրեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աթոռին` Երեւանի մէջ:

Նախորդ շաբաթ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները շարք մը հակասական եւ հակահայկական յայտարարութիւններ կատարեցին:

Յառաջիկայ տարուան յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Փաշինեանը երկիրը ողողած է խաղաղութեան մասին սին խոստումներով: Սակայն, նոյնիսկ շարք մը նուաստացուցիչ զիջումներէ ետք, նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մերժէ, այսպէս կոչուած, պայմանագիրը` հակառակ օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման, որ բեմադրուած էր զայն ստորագրելու համար:

Հազուադէպ առիթներով Փաշինեանն ու արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը խոստովանած են ճշմարտութիւնը: 2024-ին Փաշինեան անփոյթ կերպով սահմանամերձ Կիրանց գիւղի բնակիչներուն ըսաւ. «Դուք կարող է մի եօթը օր անվտանգ ապրէք, ութերորդ օրն անվտանգ չլինի, ես ի՞նչ իմանամ»: Նախորդ շաբաթ Ազգային ժողովին մէջ Միրզոյեան նոյն խոստովանութիւնը կատարեց. «Լիակատար խաղաղութիւն չի լինի, նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնագիրը ստորագրուի»: Սակայն անոնք իսկոյն կը վերադառնան այն յերիւրանքին, թէ` «Խաղաղութիւն հաստատուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ»:

Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի` Փաշինեանին տուած խոստումը, որ ան պիտի յորդորէ Ալիեւը ազատ արձակելու հայ բանտարկեալները, ոչ մէկ արդիւնք տուաւ` մնալով միայն խօսքի մակարդակի վրայ: Աւելի վատը այն է, որ Փաշինեան խնդրեց Թրամփին` գերիներու հարցը չներառել փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ, վախնալով, որ ազատ արձակուելէ ետք իր քաղաքական մրցակիցները կրնան մարտահրաւէր կարդալ յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն:

Ալիեւի պահանջով Մինսքի խումբը լուծարելէ ետք Փաշինեան արդարացուց ասիկա` զայն կոչելով «անօգուտ», թէեւ այս խումբը գրեթէ երեք տասնամեակ կանխած էր պատերազմը: Ան նոյնիսկ յայտարարեց, որ Արցախի հարցը «վաղուց լուծուած էր»: Եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ապա ինչո՞ւ Ալիեւ արիւնալի պատերազմի պիտի սկսէր 2020-ին` զայն գրաւելու համար:

Իրականութեան մէջ Փաշինեան յանձնեց Արցախը` տապալելով բանակցութիւնները, անտեսելով Մինսքի խումբի առաջարկները եւ 2019-ին ամբարտաւանօրէն յայտարարելով. «Ես բանակցութիւններն սկսել եմ ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի կէտից, այլ` իմ սեփական կէտից, սա կարեւոր նրբութիւն է»: Ալիեւը սպառնալից պատասխանեց. «Փաշինեանի հետ բանակցութիւնները անօգուտ են եւ անիմաստ… Բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային Ազրպէյճան իրաւունք ունի խնդիրը լուծել պատերազմով»: Արցախը կորսնցնելէ ետք Փաշինեան անհեթեթօրէն յայտարարեց, թէ Հայաստանը հիմա` «Աւելի անկախ է, քան երբեւէ…»: Ինչպէ՞ս կրնայ տարածքներու եւ հազարաւոր կեանքերու կորուստը երկիրը աւելի անկախ դարձնել: Արդեօք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը վերադարձնէ՞ Արեւմտեան ափը, կը ճանչնա՞յ Պաղեստինը, իսկ յետոյ կը յայտարարէ՞, թէ Իսրայէլը «աւելի անկախ» դարձած է: Միայն պարտուած ղեկավարը կրնայ նման անհեթեթ արդարացում յօրինել:

Փաշինեանը նաեւ հերքեց, որ Սպիտակ տան մէջ համաձայնած ըլլայ ամերիկեան ընկերութեան 99 տարով յանձնել կառավարութիւնը այն ճամբուն, որ Ազրպէյճանի հիմնական մասը կը կապէ Նախիջեւանին` հակասելով նախագահ Թրամփի հրապարակային յայտարարութեան:

Օգոստոս 28-ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փաշինեան հպարտացաւ. «Ես եմ կառավարութիւնը: Ոչ մէկը չի կարող իմ դիրքորոշմանը հակասող դիրքորոշում ունենալ»: Ասիկա ամէնէն ցայտուն ապացոյցն է անոր բռնապետական մտածելակերպին` հակառակ անոր մնայուն պնդումներուն, որ կը ղեկավարէ ժողովրդավարական երկիր մը: Յաջորդ առաւօտ ան աշխատանքէ արձակեց վարչապետի աշխատակազմի միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի ղեկավար Լիպարիտ Դրմէյեանը, վերջինիս կողմէ Հայաստանի պարտաւորութիւնը ընդունելէ ետք` կատարելու միջազգային իրաւարարութեան վճիռը` կառավարութեան կողմէ Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող ելեկտրական ցանցի ապօրինի բռնագրաւման գործով: Թէեւ Հայաստան այդ իրաւարարական վճիռով պարտուած էր, սակայն  Փաշինեան կեղծաւորաբար յայտարարեց. «Մենք յաղթել ենք արբիտրաժային դատարանում»:

Ետ չմնալու համար, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 11 սեպտեմբերին կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Հայաստանի շահերուն` Ազրպէյճանի նկատմամբ կարեկցանք արտայայտելով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պաքուն պէ՞տք է թոյլ տայ նոյն փոխադարձ ընթացակարգերը Ազրպէյճանի տարածքով անցնող հայկական բեռներուն համար, Սիմոնեան ըսաւ. «Վէրքերը թարմ են թէ՛ մեր կողմից, թէ՛ իրենց կողմից: Բա մենք մարդ չե՞նք սպաննել: Մարդ չի՞ մահացել Ազրպէյճանի կողմից: Խօսքը սահմանին դէմ առ դէմ շփուելու մասին է… Յարաբերութիւնների եւ վստահութեան վերականգնման այս զգայուն ժամանակահատուածում նպատակն է նուազագոյնի հասցնել այդ շփումը: Ազրպէյճանը նոյնպէս շատ մեծ վէրքեր ունի: Ազրպէյճանը համարում է, որ… Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր երկրի 20 տոկոսը 30 տարի շարունակ պահել է գրաւման տակ, եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան հասնող յայտարարութիւններ է անում: Սա նրանց մտածելակերպն է, եւ ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի համար շատ կարեւոր է կանխել ամէն հնարաւոր ապագայ սպառնալիք»: Սիմոնեան կարծէք թէ մոռցած է, որ ինք ո՛չ թէ Ազրպէյճանին, այլ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահն է:

Սիմոնեան նաեւ ծաղրեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները` պնդելով, որ անոնք «եօթը հոգի մարդ փողոցում չեն կարողանալու հաւաքել, եւ պարծենալով, որ` «Իմ նկարը դնեմ փողոցում, շատ աւելի մարդ կը հաւաքուի շուրջը»: Ընդդիմութեան առաջնորդներէն մէկը հակադարձեց. «Այո՛, շատ աւելի շատ մարդ կը հաւաքուի Սիմոնեանի նկարի շուրջ փողոցում` դրա վրայ թքելու համար»:

Վերջապէս, Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի սրբազան խորհրդանիշներէն հրաժարելու վերջին օրինակն է նոյեմբեր 1-էն ճամբորդներու անձնագիրներուն վրայ սահմանահատման կնիքէն Արարատ լերան պատկերը հանելու որոշումը: Արդեօք յանձնուող կառավարութիւնը յաջորդ քայլով երկիրը «Էրմենիստա՞ն» պիտի վերանուանէ:

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի պաշտպաներ պետութիւնը, քաղաքացիները պարտաւոր են պաշտպանել զայն: Իւրաքանչիւր զիջում, իւրաքանչիւր ջնջուած խորհրդանիշ, թշնամիի իւրաքանչիւր հռետորաբանութեան կրկնութիւն` յաւելեալ քայլ մըն է դէպի ազգային ոչնչացում: Հայ ժողովուրդը` հայրենիքի մէջ եւ արտերկրի, պէտք է վերջապէս զարթնի եւ իշխանութեան բերէ նոր ղեկավարներ, որոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի շահերուն եւ ոչ թէ` անոր թշնամիներուն: Պատմութիւնը չի ներեր անգործութիւնը: Գործելու ժամանակը հիմա՛ է, նախքան այն պահը, երբ Հայաստան գոյութիւն չունենայ պաշտպանելու:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թշնամին Եւ Իր Գործակալները

Յաջորդը

Հայու Շահը Եւ Իրաւը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?