Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պաշտպանեց այս ամսուան ընթացքին Պաղեստինցի պետութիւնը ճանչնալու իր որոշումը: Ան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ այդ քայլը Համասը մեկուսացնելու լաւագոյն ձեւն է:
Մաքրոն ըսաւ, որ կը փափաքէր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն առաջ Իսրայէլ այցելել իր դիրքորոշումը բացատրելու համար, սակայն Իսրայէլի իշխանութիւնները մերժեցին իր այցելութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ շեշտեց, որ կը փափաքի շարունակել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ աշխատանքը:
Մաքրոնի մօտիկ աղբիւր մը ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին յայտնեց, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փարիզին փոխանցած է, թէ Երուսաղէմի մէջ ֆրանսական ընդհանուր հիւպատոսութիւնը փակելու հարցը կը սերտէ:
Աղբիւրը նշեց, որ Ֆրանսան կարող է իսրայէլեան կողմի այդ քայլը մերժել` յիշեցնելով, որ Իսրայէլ եւս Փարիզի մէջ դեսպանատուն ունի, եւ եթէ այդպիսի քայլի մը դիմէ, Փարիզ կրնայ նոյնպիսի քայլով հակադարձել:
Ֆրանսացի դիւանագէտ մը «Լը Ֆիկարօ»-ին յայտնած է, թէ իր երկիրը Իսրայէլի դէմ պիտի որդեգրէ չափազանց խիստ քայլեր, որոնք դիւանագիտական աւանդական փոխադարձ քայլերէն անդին կ՛երթան:
Ան ըսաւ, որ սեղանի վրայ դրուած քայլերէն է իսրայէլացի դիւանագէտներու Փարիզէն վտարումը:
Դիւանագէտը, սակայն, շեշտեց, որ եւրոպական մակարդակի վրայ Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը կը մնայ անկարելի, այնքան ատեն, որ Գերմանիան եւ Հունգարիան այդպիսի քայլի մը դէմ են:
Իսրայէլեան աղբիւր մը ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ»-ին յայտնեց. «Եթէ Ֆրանսան Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնայ, Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելով պիտի հակադարձենք»: