Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ծերակոյտին ներկայացուած է Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղող բանաձեւ մը, որ ներկայացուած է դեմոկրատական ծերակուտական Ճեֆ Մըրքլիի կողմէ:
Մըրքլի յայտնեց, թէ բանաձեւը կը վայելէ Ծերակոյտի անդամներ Քրիս վան Հոլընի, Թիմ Քինի, Պըռնի Սենտըրզի եւ Փիթըր Ուելշի համահովանաւորութիւնը:
Ծերակուտականը նշեց, որ որոշումը նախ եւ առաջ Կազայի մէջ կրակոցի անմիջական դադրեցում, բոլոր պատանդներու վերադարձ եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքի երաշխաւորում կը պահանջէ:
Խումբ մը դեմոկրատական ծերակուտականներուն ներկայացուցած բանաձեւին մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Մենք նախագահին (Տանըլտ Թրամփին, «Ա.») կոչ կ՛ուղղենք` ճանչնալու Պաղեստինի ապառազմականացուած պետութիւնը` համաձայն միջազգային օրէնքին»: