Հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով երբ փորձենք տեսադաշտի մէջ բերել Հայաստանի պարզած քաղաքական կեանքը, ինչպիսի՛ պրիսմակէ եւ ո՛ր անկիւնէ ալ դիտենք, մեր աչքին պիտի պարզուի անմխիթար պատկեր մը, եւ պիտի ըլլանք ականջալուր` վտանգներու մասին:
Կայ շուար ու քաղաքական յստակ ու ազգային կողմնացոյցէ զուրկ իշխանութիւն մը, որ 44-օրեայ պատերազմի ամօթալի պարտութենէն, ապա նաեւ, ապիկարութեան իբրեւ հետեւանք, Արցախի դաւաճանական կորուստէն ետք, նոր պատերազմի մը հաւանականութեան սպառնալիքը դրօշի վերածած` յաջողած է սարսափի մթնոլորտի մէջ դնել հանրութենէն կարեւոր շերտ մը եւ իրեն պատանդ դարձնել երկիրը: Լեզուական ճամարտակութիւններով կը փորձէ համոզել հանրութիւնը, որ ինք «խաղաղութիւն» պիտի բերէ, երջանիկ ապրիլ պիտի սորվեցնէ քաղաքացիներուն, պայմանաւ որ անոնք հրաժարին հայրենասիրութենէ, խզուին յիշողութենէ ու ապագայի տեսիլքէ, որոնք աղբիւր են (եղեր) պատերազմներու եւ այլն, եւ այլն: Վարչապետ մը ունինք, որ «Ես եմ կառավարութիւնը» կը գոռայ եւ ինքն իրմով յափշտակուած` չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, ի՛նչ կ՛ըսէ…
Խորհրդարանն ալ, իբր թէ` օրէնսդիր, դարձած է խօսարան մը, ուր կը կարծես թէ պատգամաւորներ նուիրուած են զիրար խծբծելու մրցումի մը…
Ընդդիմութիւնը` կամակոր, անուժ ու կոտորակուած, որ իր եռանդը կը սպառէ երկրի անկախութիւնը կորսնցնելու վտանգը ահազանգելով եւ իշխանութեան հրաժարականը պահանջելով…
Վերի պատկերէն առնենք հաւանական պատերազմի սպառնալիքը եւ անկախութեան կորուստի վտանգը:
Իսկ Հայաստանեայց եկեղեցին ժամ ու պատարագի իր կոչումը թողած` մխրճուած է «քաղաքականութիւն» կոչուած սայթաքիչ ու լպրծուն ոլորտին մէջ:
Այս համապատկերին մէջ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ մտաւորականութիւնն է, որ ներկայ չէ եղած նաեւ վերանկախացման առաջին օրերէն…
Ինչո՞ւ այս տհաճ դիտարկումները: Պարզապէս արձանագրելու համար, որ վտանգաւոր է յարաճուն ու միայն վտանգներու մասին խօսիլն ու կրկնելը:
Վտանգի գիտակցութիւնը պիտի չծառայէ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան դիրքերը ամրացնելու նպատակին: Ընդհակառակն. հրաւէր մըն է ան զգաստութեան, որ դադար տրուի տարակարծութիւններուն, որքան ալ հիմնաւոր ըլլան անոնք, եւ ձեռնարկուի համազգային կարողականութիւնները միաւորելու նախաձեռնութեան մը, երբ մանաւանդ հաւանական նոր պատերազմի սպառնալիքը կայ, կամ` անկախութեան կորուստի վտանգը…
Հոս` ընթերցումներէս քաղուած թելադրական մէջբերում մը.
Բ. Համաշխարհային պատերազմին գնդապետ մը հրամանատարական կազմին կը զեկուցէ` ներկայացնելով 12 համոզիչ պատճառաբանութիւններ, արդարանալու համար, թէ ինք ինչո՞ւ նշեալ բլուրը գրաւելու ազդանշանը չտուաւ իր վաշտին, ինչ որ հրամայուած էր իրեն: Զեկոյցի աւարտին հրամանատարը կ՛ըսէ, թէ կար նաեւ 13-րդ պատճառը, զոր չյիշեցիր, եւ որ հիմքն է քու թուած 12 պատճառաբանութիւններուդ: Եւ զարմացած գնդապետի աչքերուն նայելով` կ՛ըսէ. «Պարզապէս չէիր հաւատար, որ պիտի կրնաս գրաւել»…
Չհաշուած խաբուսիկ յաջողութիւնները` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայի անարդիւնք թափահարումները հայ մարդը կը պարպեն ապագայի նկատմամբ հաւատք ունենալէ, որ այնքան կենսական է ամէն տեսակ վտանգ դիմակայելու-յաղթահարելու համար:
Աթէնք, 18 սեպտ. 2025