Ռէալ Մատրիտ տեղեկութիւններ խնդրած է Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Քոպի Մէյնուի մասին` յառաջիկայ ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ընթացքին հաւանական տեղափոխութեան առնչութեամբ:
Ըստ «Կլոպըլ Թրանսֆեր նիուզ»-ի մէկ լրագրողին, Մէյնու պատրաստ է անմիջապէս տեղափոխուելու Մատրիտ, եթէ առաջարկը գոհացնէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Կը նշուի, որ Եունայթըտ 80 միլիոն եւրօ կ՛ուզէ եւ դիւրութեամբ չ՛ուզէր «ղրկել զայն»:
Մէյնույով հետաքրքրուած են նաեւ Նափոլի, Պայերն Միւնիխ եւ Լիոն: Ան Մանչեսթըր Եունայթըտի սան է եւ վերջին տարիներու ամէնէն տաղանդաւոր մարզիկը, որ ակադեմիայէն դուրս եկած է: 20 տարեկանին ան արդէն իսկ 74 մրցում կատարած է` նշանակելով 7 կոլ եւ 2 էսիսթ:
Սակայն այժմու մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ յարմար չի տեսներ անոր ներկայութիւնը հիմնական կազմին մէջ, հակառակ անոր որ Մէյնու միջնապահ գիծի վրայ կարողութիւն ունի թէ՛ պաշտպանողական, թէ՛ ալ յարձակողական դիրքի վրայ խաղալու:
Անոր խաղաոճը կը յիշեցնէ նետերլանտցի Քլարենս Սիտորֆի խաղաոճը, եւ այդ պատճառով ալ ան 2024-ի մարտին Անգլիոյ ազգային խումբ հրաւիրուեցաւ եւ արդէն իսկ 10 մրցում կատարած է Անգլիոյ շապիկով: