Եւրոպայի ախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելենճ Քափ» մրցաշարքին դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Մանուկեան նժոյգ թափեր վարժութեան աւարտականին ձեռք ձգած է 14.800 կէտ` գրաւելով երկրորդ դիրքը: Այս վարժութեան ոսկի մետալ շահեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նարիման Քուրպանով, որ 15.066 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ պրոնզ մետալ շահեցաւ իտալացի Կապրիելէ Թարկեթա` 14.733 կէտ շահելէ ետք:
Նշենք, որ աւելի կանուխ 18 տարեկան հայ մարզիկը մարզագործիքի վրայ կատարած էր նոր ձեւ մը, որ արդէն իսկ կը կրէ իր անունը` «Մանուկեան»: