2015-ին 13 տարեկան լիբանանահայ աշակերտ Ծովակ Քէօշկերեան բարձրացած էր Արարատի` գագաթը` դառնալով լերան բարձրութիւնը յաղթահարող ամէնէն կրտսեր աղջնակը: 10 տարի ետք հայկական մրցանիշներու «դիւցազնագիրք»-ին մէջ անոր անունը պաշտօնապէս գրանցուեցաւ:
Ծովակ Քէօշկերեանի պատմական քայլը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան այսօր Լիբանանը կը ներկայացնէ Մուայ Թայի միջազգային մրցաշարքերուն` նկատի ունենալով, որ ան արհեստավարժ մարտիկ մըն է, որ Մուայ Թայ եւ Քէյ-1 ձեւերու մրցումներու կը մասնակցի:
Ան Լիբանանի համալսարաններու ախոյեանութիւնը շահած է (Հայկազեան համալսարան):
Ան առաջին կարգի Մուայ Թայի Լիբանանի ախոյեանն է, շահած է Երեւանի Մուայ Թայի «Երեւան օփըն Քափ»-ը, Միջերկրականի երկիրներու մրցումներու պրոնզէ մետալակիր է: Ան 2017-ին նոյնիսկ մասնակցած է Պէյրութի մարաթոնի կիսամարաթոնի մրցումներուն` դառնալով տարիքային ախոյեան (15 տարեկանին):