. ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Օրթէյկըս կիրակի օր կ՛այցելէ Լիբանան` ծանօթանալու զէնքի մենաշնորհման կառավարութեան որոշումին իբրեւ գործադրման մեքանիզմ լիբանանեան բանակին մշակած ծրագիրի ընթացքին, ինչպէս նաեւ մասնակցելու երկուշաբթի օր նախատեսուած զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի` «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին»:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին. Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառ դարձած Նիթրաթ Ամոնիոմը Վրաստանէն Պէյրութի նաւահանգիստ փոխադրած «Ռուսոս» նաւու սեփականատէրի հարցաքննութիւնը կրնայ նիթրաթ ամոնիոմը ստանձնելիք իսկական կողմը բացայայտել»:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարար Ատել Նասսար, մեկնաբանելով նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքը, յայտնեց. «Որեւէ վէճ տեղի չունեցաւ, այլ պնդում դիրքորոշումիս ու համոզումիս վրայ, թէ պէտք է մշակել օրինագիծ մը, որ կ՛երաշխաւորէ արտերկրի լիբանանցիներուն բոլոր 128 երեսփոխաններուն քուէարկելու իրաւունքը եւ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու սկզբունքը կը հաստատէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ կը խուսափի խնդիր ստեղծելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ չ՛ուզեր արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան հարցը կանուխէն վճռել, նախքան ընտրութեան բոլոր երեսները քննարկելը եւ անհրաժեշտ բարեփոխումներուն վերաբերեալ որոշ միաձայնութիւն գոյացնելը»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ. «Լիբանանեան կառավարութիւնը ընտրական օրէնքի բարեփոխման գնդակը նետեց խորհրդարանի դաշտ, տեսնելէն ետք, թէ օրէնքը իր ներկայ ձեւին մէջ բացթողումներ կը բովանդակէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան, ինչպէս նաեւ անորոշութիւն մը, որ օրէնսդիրի միջամտութիւնը կը պահանջէ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Յստակ դարձաւ, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կիրարկուելիք ընտրական օրէնքը պիտի ունենայ կեսարեան դժուար ծնունդ մը, որ երէկ սկսաւ անոր թղթածրարը թէկուզ ուշացած դրուելով սեղանին վրայ նախարարաց խորհուրդին, որ որդեգրեց օրէնքի բացթողումները սերտելու պարտականութիւնն ունեցող նախարարական յանձնախումբի մշակած զեկուցումը, որ կը նշէ, թէ խնդիրը մասնաւորաբար կը կայանայ արտերկրի լիբանանցիներու ընտրութեան մասնակցութեան եւ մագնիսացուած քարտի որդեգրման դժուարութեան մէջ»:
. ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Սայտայի, Պեքայի եւ Պէյրութի մէջ 12 գաղթակայաններէն 4-ը` Միումիէն, Տըպպայէն, Մար Էլիասը եւ Ժալիլը գաղթակայաններու զէնքի յանձնման ծրագիրին մէջ չեն ներառուած` նկատի ունենալով, որ այդտեղ միայն անհատական զէնք գոյութիւն ունի»:
-. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի երէկ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այսօր տարեդարձն է թշնամիի ամէնէն վատոգի ոճիրներէն մէկուն` մարտիկներու եւ քաղաքայիններու, այր մարդոց, կիներու եւ երեխաներու դէմ փէյճըրներու պայթեցման ոճիրին, որ հազարաւորներու վիրաւորուելուն պատճառ դարձաւ:
«Այս վախկոտ ոճիրը ամօթի խարան պիտի մնայ թշնամիի ճակատին եւ պսակ իւրաքանչիւր երեխայի, կնկայ եւ այր մարդու, որոնք զոհաբերութիւն կատարեցին Լիբանանի եւ մարդու համար: Կը համբուրենք ձեր վէրքերը եւ ձեզմով կը հպարտանանք»:
. ՆԱՀԺ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այսօր` 17 սեպտեմբերը փէյճըրներու պայթեցման գործողութեան տարեդարձն է: Նեթանիահու զայն մեծագոյն յաղթանակը նկատեց եւ Թրամփին յաղթանակ խորհրդանշող ոսկեայ փէյճըր նուիրեց: Անիկա ամէնէն աղտոտ եւ անհեթեթ գործողութիւնն է, որովհետեւ ուժ եւ գերակայութիւն չի փաստեր, այլ սիոնական դաւադրութիւնը եւ կարգ մը պատասխանատուներու անփութութիւնը:
«Հակառակ անոր ցաւալի ու ազդեցիկ հետեւանքներուն եւ բազմաթիւ նահատակներուն ու վիրաւորներուն, անոր ցաւալի վէրքերը նոր խթան պիտի հանդիսանան զգուշ ըլլալու, անսահման դաւադրութիւնը սպասելու եւ թմբիրէն սթափելու: Անիկա պիտի ըլլայ փուլ մը երթի մը, որ արիւնով ու զոհողութիւններով կը մկրտուի, եւ անոր աւարտը սիոնականներուն դէմ անխուսափելի յաղթանակն է: Ձեզ կը յիշենք ու կ՛ողջունենք: Դուք մեր մէջ հաստատակամութեան ոգի կը հաստատէք եւ ուժ կը ներշնչէք»:


