Կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ. պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական յատուկ արարողութիւն` նուիրուած 21-րդ դարու բոլոր նահատակներուն:
Յիշեալ արարողութեան մասնակցելու համար Պապը պաշտօնական հրաւէր ուղղած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու պետերուն: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին, արարողութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Այս առիթով սրբազան հայրը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց պապին:
Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ, վեհափառ հայրապետը յատուկ նամակ յղեց Լեւոն ԺԴ. պապին` ողջունելով անոր վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան նոր մղում տալու հրամայականը եւ յայտնեց մօտ ապագային Վատիկանի մէջ հանդիպում ունենալու կարելիութիւնը: