Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Իսրայէլէն մեկնեցաւ Քաթար:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մաժետ Անսարի յայտնեց, թէ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի Ռուպիոյի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը:
Անսարի ըսաւ, որ շէյխ Թամիմ Ռուպիոյի հետ քննարկած է Տոհայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու Կազայի դէմ պատերազմը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ Քաթարի յարաբերութիւնը ռազմավարական է, մասնաւորաբար պաշտպանական մակարդակի վրայ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, թէ Տոհան վճռակամ է իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ որդեգրելու որեւէ յարձակումի կրկնութիւնը բացառող քայլեր:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յղուած պատգամը այն է, որ միջազգային օրէնքի անպատիժ կերպով խախտումը պիտի չշարունակուի:
Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի իսրայէլեան յարձակումէն 50 վայրկեան առաջ տեղեակ ըլլալուն, քաթարցի բանբերը ըսաւ. «Լրատուական տեղեկութիւններու վրայ չենք հիմնուիր եւ Ամերիկայի հետ ուղղակի կերպով կը հաղորդակցինք»:
Ինչ կը վերաբերի Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն, Անսարի ըսաւ, որ բանակցութիւնները ներկայիս իրատեսական չեն թուիր, որովհետեւ Նեթանիահու կ՛ուզէ ահաբեկել իրեն հետ բոլոր բանակցողները եւ միջնորդող երկիրները կը ռմբակոծէ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը գնահատեց արաբական եւ իսլամական պետութիւններուն Քաթարի նկատմամբ զօրակցութիւնը:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Իսրայէլէն Քաթար ուղղուելու ընթացքին յայտնեց. «Քաթարը միակ պետութիւնն է, որ կրնայ Կազայի հարցով միջնորդութիւն կատարել», եւ յայտարարեց. «Մենք Քաթարի հետ պաշտպանական գործակցութեան ամրապնդուած համաձայնութեան կնքման եզրին ենք»:
«Յստակ է, որ անոնք պէտք է որոշեն, եթէ կ՛ուզեն անցեալ շաբաթ տեղի ունեցածէն ետք ատիկա (միջնորդութիւնը, «Ա.») կատարել կամ ոչ, սակայն կ՛ուզենք, որ գիտնան, թէ եթէ աշխարհի վրայ կայ պետութիւն մը, որ կրնայ ասոր բանակցութիւններու ճամբով վերջ տալուն օգնել, անիկա Քաթարն է», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, թէ Նեթանիահու անգամ մը եւս Քաթարը պիտի չհարուածէ: