Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը մէկ մետալ կրցաւ շահիլ: Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) պրոնզ մետալի արժանացաւ:
25 տարեկան հայ ըմբիշը 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մեքսիքացի Ռոման Կիյերմօ Պրաւօ Եանկի դէմ: Արսէնի 4-րդ պրոնզէ մետալն էր այս` աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Յարութիւնեան նախապէս դուրս ձգած էր ուքրանացի Վլատիսլաւ Ապրամովը (10-0), Մոնկոլիայէն Մունխ Պաթխույակը (13-8) եւ ամերիկացի Սփենսըր Լին (14-3): Կիսաւարտականին ան 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ճոնսըն Հանէն:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Արման Անդրէասեան, Վազգէն Թեւանեան, Հրայր Ալիխանեան եւ Մանուէլ Խնձրցեան մետալի չարժանացան:


