Իրաքեան ու լիբանանեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Իրմ Նիուզ»-ին փոխանցած են Իսրայէլի եւ իրաքեան Հըզպալլայի միջեւ սպասուող գործարքի մը մանրամասնութիւնները:
Իրաքի մէջ առեւանգուած իսրայէլացի-ռուս հետազօտող Էլիզապեթ Ցուրքովի ազատ արձակումէն ետք, հաւանաբար Թել Աւիւի կողմէ ազատ արձակուին իրաքցի եւ լիբանանցի գերիներ, որոնց շարքին` Իմատ Ամհազը` իբրեւ արդիւնք միջնորդութիւններու ու մագոգային աշխատանքներու, որոնց մեծամասնութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ կողմէ:
Իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Իրմ Նիուզ»-ին յայտնած է. «Վերջին փուլին այս բանակցութիւններուն ընդհանուր գիծերը ճշդողները աշխարհազօրի մարմինի ղեկավար Ֆալեհ Ֆայատն ու իրաքեան «Պատր» զօրամասի պատասխանատու Հատի Օմարին են, որոնք անցեալ շաբաթ միասնաբար Անգարա մեկնեցան` ամբողջացնելու համար այն ճամբան, զոր Թել Աւիւի հետ հարթած էին թրքական ծառայութիւնները: Անոնք վերջին դասաւորումները պիտի կատարեն, որպէսզի Ամհազի, իրաքեան Հըզապալլայէն ու լիբանանեան Հըզալլայէն ուրիշներու ազատ արձակման պատրաստութիւնը ամբողջանայ:
«Այս գործարքը, որ իրաքեան Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլացի-ռուս հետազօտողի ազատ արձակումէն ետք գաղտնապահութեան մթնոլորտի մէջ տեղի կ՛ունենայ, իրագործուելու պարագային կրնայ յանգեցնել ազատ արձակման Իսրայէլի կողմէ Ամհազի կողքին Հըզպալլայէն 7 անդամներու, որոնք վերջին պատերազմին առեւանգուած էին», աւելցուցած է իրաքցի դիւանագէտը: