Պատմութեան մէջ եղած են խումբեր, որոնք մեծ գումարներ թափած են տիտղոսներ շահելու նպատակով` մասամբ յաջողելով, մասամբ ալ ո՛չ:
2017-ին Փարիզ Սեն Ժերմեն հսկայական գումար ծախսեց խումբին մակարդակը բարձրացնելու համար ձեռք ձգելով Պարսելոնայի պրազիլցի աստղ Նէյմարը 222 միլիոն եւրոյի (աշխարհի մրցանիշ մինչեւ օրս)` զայն համոզելով դուրս գալ Մեսսիի շուքէն:
Սակայն օրին Փարիզի ակումբը չբաւարարուեցաւ այսքանով եւ ձեռք ձգեց նաեւ 18 տարեկան Քիլիան Էմպափփէն` Մոնաքոյէն:
Ֆրանսայի ֆետերասիոնին հետ նիւթական խախտումներ չկատարելու համար, Էմպափփէ 1 տարուան համար փոխ տրուեցաւ Փարիզի, որուն 12 ամիս ետք պաշտօնապէս «գնեց» 180 միլիոն եւրոյի:
Այս յարձակողական ձեռքբերումներէն ետք Փարիզ Սեն Ժերմէն դարձաւ եւրոպական «ծանր կշիռի» խումբ:
Լիվըրփուլի այս ամրան փոխանցումները հասան 597 միլիոն ամ. տոլարի, որ Փրեմիեր լիկի պատմութեան ամէնէն շատ «ծախսող» խումբը եղաւ:
«Կարմիրներ»-ը` նախ առաջին քայլը առին փոխարինելու Ռէալ Մատրիտի հետ կապի մէջ մտած Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտը` ստորագրելով Ճերեմի Ֆրիմփոնկի հետ, ապա Բրիտանիա մրցանիշ հաստատեց ձեռք ձգելով Ֆլորիան Վիրցը (154 միլիոն ամ. տոլարի): Աւելի ուշ, Լիվըրփուլ ձախ կողմի յետսապահ դիրքն ալ ամրացուց` ձեռք ձգելով Միլոշ Քերքեզը:
Յուլիսին Լիվըրփուլ ձեռք ձգեց Ուկօ Էքիթիքէն` 106 միլիոն տոլարի փոխարէն: Կեդրոնի յետսապահ Ճիովաննի Լէոնին (18 տարեկան) ձեռք ձգելէ ետք, հերթը եկաւ Իսաքի որ 169 միլիոն տոլարի փոխարէն լքեց Նիւքեսըլը` ամառնային փոխանցումներու վերջին օրը:
2009-ին Ռէալ Մատրիտ փորձեց անցեալի «Կալաքթիքոս» խումբը վերականգնել Ֆլորենթինօ Փերեսի երկրորդ նախագահի ժամանակաշրջանին, որ անկասկած ամէնէն յաջող ամառնային փոխանցման շրջանն էր, եւ երբ Լոս Պլանքոս երկու անգամ մրցանիշ հաստատեց երկու շաբթուան ընթացքին ձեռք ձգելով 2 լաւագոյն մարզիկներ:
Ա. Սէ. Միլանի աստղերէն Քաքայի միանալէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 131 միլիոն տոլարի դիմաց ձեռք ձգեց Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Այս բոլորը կարծէք բաւարար չէին, Ռէալ ձեռք ձգեց նաեւ Քարիմ Պենզեման եւ Չաւի Ալոնսոն` յաջորդաբար Լիոնէն եւ Լիվըրփուլէն:
Հաւանաբար ձմեռնային փոխանցումներու պատմութեան մէջ անգամ մը եւս չտեսնենք Չելսիի 2023-ի յունուարին նման «տաք» օրեր:
Թոմաս Թուխել փոխարինուած էր Կրահամ Փոթըրով, մինչ նախագահ Թոտ Պէօհնլի-Քլիրլէյք փորձեց նոր մարզիկներ ձեռք ձգելով փրկել տարեշրջանը (եւ ձախողեցաւ):
Յունուարին սկիզբը Պենուա Պատիաշիլ Մոնաքոյէն միացաւ իսկ Ժոաօ Ֆելիքս վարձավճարով միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտէն, մինչ աւելի ուշ միացան Միխայլօ Մուտրիք եւ Նոնի Մատուեքէ: Այս բոլորէն աւելի 131 միլիոն տոլարի փոխանցումն էր որ օրին Բրիտանիոյ մրցանիշ էր, ուր Չելսի ձեռք ձգեց արժանթինցի Էնզօ Ֆեռնանտէսը Պենֆիքայէն:
Այս փոխանցումները շուքի մէջ ձգած էին երիտասարդներ Տաւիտ Ֆոֆանոյի, Անտրէ Սանթոսի եւ Մալօ Կուսթոյի փոխանցումները, ուր Չելսի ընդամէնը 407 միլիոն ամ. տոլար ծախսած էր:
2021-ին Փարիզ Սեն Ժերմէն ունեցաւ «աչքառու» ամառնային ամիս մը, որ աւելի ուշ Փարիզի աւարտի սկիզբը նշեց, ինչպէս յայտնեց նախագահ Նասէր Խելայֆի, որ աստղերու ձախող փորձեր էին պարզապէս:
2021-ին էր, որ Լիոնել Մեսսի միացաւ «Փարք Տը Փրենս» դաշտի աստղերուն, լքելէ ետք նիւթական հարցերու մէջ գտնուող Պարսելոնան:
Արժանթինցի աստղին միանալը կարծէք բաւարար չէր, անոր միացաւ Ռէալ Մատրիտի կեդրոնի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս եւ Լիվըրփուլի միջնապահ Ճիորճիօ Ուայնալտում: Բայց այս աստղերէն ոչ մէկը կրցաւ արդիւնք տալ երկար ժամանակի վրայ: Փարիզի ակումբը նոյն տարին է, որ ձեռք ձգեց Աշրաֆ Հաքիմին եւ Նունօ Մենտեշը, որ այժմ կը փայլին, ինչպէս նաեւ իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, որ քանի մը շաբաթ առաջ միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի: