Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Շնորհահանդէսը Կատարուեցաւ «Սերտե՛նք Նոր Կտակարանը» Հատորին Հայերէն Թարգմանութեան

Սեպտեմբեր 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երկուշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան համագործակցութեամբ լոյս տեսած «Սերտե՛նք Նոր կտակարանը» հատորին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին ներկայ էին` միաբան հայրեր, միջեկեղեցական յարաբերութեանց ոլորտի գործուն մարմիններ ու Միացեալ եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան պաշտօնատարներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ անդամ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեան: Ան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ գիրերու գիւտին իբրեւ արդիւնք եւ մեր սուրբ թարգմանիչներու ազգանուէր աշխատանքով ի յայտ եկած Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան կոթողական ձեռնարկութիւնը, որուն շնորհիւ հիմը դրուեցաւ հայկական-քրիստոնէական մշակոյթին: Ան նշեց, որ նոյն առաքելութեան հաւատարիմ, մեր եկեղեցին, Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան հետ համագործակցաբար եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, իր զաւակներուն կը մատուցէ Նոր կտակարանի ուսումնասիրական ծանօթագրութիւններով հատոր մը` «Սերտե՛նք Նոր կտակարանը» վերնագիրով, որուն արաբերէնէ արեւմտահայ աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասուս հակիրճ տողերու մէջ նկարագրեց այն ճանապարհորդութիւնը, որ սկսած էր աւելի քան երկու տասնամեակներ առաջ` ընկերակցութեան ականաւոր դէմքերէն Փոլ եպս. Ֆղալիի եւ վերապատուելի դոկտ. Մանուէլ Ճինպաշեանի հետ, որոնք միջինարեւելեան ընթերցողի հարազատ, քարացած վարդապետութիւններէ  հեռու եւ միջեկեղեցական ոգիով լեցուած աշխատեցան Աստուածաշունչի արաբերէն ուսումնասիրական ծանօթագրութիւններով օժտուած հատոր մը պատրաստելու համար: Խմբակ մը Սուրբ Գրոց մասնագէտներու աշխատանքով կ՛իրականանայ այս ծրագիրը: Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Պասուս նշեց, որ 2013-ին կը ծնի գաղափարը սոյն սերտողութիւնը հրատարակելու հայերէնով, որ երկար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ճանապարհ մը կ՛ունենայ եւ իր աւարտին կը հասնի շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագործակցութեան. «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել յատկապէս Օշական արք. Չոլոյեանին, որուն ներդրումը շատ օգտակար էր ուսումնասիրական ծանօթագրութիւններուն հայկական շունչ փչելուն մէջ: Եւ այսօր, 12 տարի ետք, մենք կրնանք Նոր կտակարանի սերտողութիւնը արեւմտահայերէնով կարդալ», եզրափակեց ան:

Դոկտ. Պասուս ապա բեմ հրաւիրեց նոյն օրը այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար Պոլիսէն Լիբանան ժամանած Թամար Գարասու Մայօղլուն` Թուրքիոյ Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղարը, որ, իր կարգին, շնորհաւորեց հատորին հրատարակութիւնը եւ նշեց, որ այս թարգմանական աշխատանքէն հնարաւոր պիտի ըլլայ իրականացնել նոյն գործին թրքերէն տարբերակը:

Ապա խօսք առաւ Միացեալ Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ատրիէն Ուայթ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան 75-ամեակի նշման ծիրին մէջ հայերէն ուսումնասիրական ծանօթագրութիւններով «Սերտե՛նք Նոր կտակարանը» մեկնարկին առնչութեամբ եւ փոխանցեց ողջոյնները Միացեալ Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան շրջանականերուն, ի մասնաւորի ընդհանուր քարտուղարին` պատուելի Տըրք Կեւըրզին, եւ Եղբայրակցութեան ատենապետին` Էլէն Տանքընին: Ուայթ խօսքը շարունակեց` վկայակոչելով Յովհաննու Աւետարանի 17-րդ գլուխին մէջ նշուած Քրիստոսի աղօթքը` յանուն առաքեալներուն միասնութեան: Ան ընդգծեց, որ աղօթքը լոկ առաքեալներու միասնութեան խնդրանք չէր, այլ վկայութեան մէջ անոնց միասնութեան համար աղօթք էր: Ան աւելցուց, որ Սուրբ Գրոց ընկերակցութիւնը խորապէս նուիրուած է այս միասնութեան եւ նոյն ոգիով ներկայ կը գտնուի Նոր կտակարանի հայերէն ուսումնասիրութեան հատորի շնորհահանդէսի իւրայատուկ առիթին: Գործադիր տնօրէնը նաեւ յիշեց 2018 թուականին Սուրբ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան մէջ ստորագրուած պատմական փոխըմբռնումի յուշագիրը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. կաթողիկոս. «Շատ շնորհակալ եմ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր կարեւոր դերակատարութեան համար, որ նպաստեց այս աշխատանքը ստանձնած յանձնախումբերու կազմութեան, որ ի վերջոյ ճամբայ բացաւ յուշագիրի ստորագրութեան: Մեր համագործակցութիւնը ուղղափառ եկեղեցիներու հետ կը շարունակէ աճիլ ու ծաղկիլ, իսկ այս հրատարակութիւնը ատոր վկայութիւնն է: Իմ աղօթքս է, որ ընկերակցութիւնը` բոլոր եկեղեցիներու հետ միասին, շարունակէ վկայել մեր ունեցած միասնութիւնը Յիսուս Քրիստոսի մէջ», եզրափակեց ան:

Խօսք առաւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան հրատարակչական բաժինի պատասխանատու Անի Պապօղլանեան: Ան նշեց, որ աշխատանքը արդիւնքն է տասնամեակ մը եւ աւելի աղօթքի ու համագործակցութեան` նպատակ ունենալով հայ հաւատացեալներուն մատչելի դարձնել Նոր կտակարանի ուսումնասիրութիւնը հայերէնով, իր հովուական ու աստուածաբանական խորքով: Պապօղլանեան ընդգծեց, որ հատորը նաեւ միջեկեղեցական նախաձեռնութիւն է, որ կը միացնէ տարբեր աւանդութիւններու փորձառութիւնը եւ կը ծառայէ ամբողջ Հայ եկեղեցւոյ. «Մեր աղօթքն է, որ ան զօրացնէ հաւատքը, օգտակար ըլլայ քարոզչական ու ուսուցչական ծառայութիւններուն եւ սերունդէ սերունդ ներշնչէ նորոգուած սէր դէպի Աստուած», ըսաւ ան ու խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յատուկ գնահատանք` Օշական սրբազանին եւ հայր Սարգիսին: «Սերտե՛նք Նոր կտակարանը» հատորը լոկ հրատարակութիւն մը չէ, այլ նուէր մըն է ամբողջ հայ ժողովուրդին` իբրեւ հաւատքի աճման ու միասնութեան միջոց: «Թող Աստուծոյ խօսքը շարունակ առաջնորդէ մեր եկեղեցին, օրհնէ մեր ժողովուրդը եւ միացնէ մեզ Իր ճշմարտութեան ու սիրոյն մէջ», եզրափակեց` իր խօսքը:

Վերջապէս, խօսք առաւ հատորի թարգմանիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, որ ըսաւ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է կատարել Փոլ եպս. Ֆըղալիի սերտողական գործին հայերէն թարգմանութիւնը, որ չի սահմանափակուիր բառացի թարգմանութեամբ, այլ հայացում մըն է բառին բուն իմաստով` պատշաճեցուած հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ոգիին: Ան դիտել տուաւ, որ աշխատանքը արդիւնք է տարիներու նուիրումի ու համախմբուած ջանքերու` մղուած այն հաւատքով, որ այս հոգեւոր պատգամը հասանելի պիտի դառնայ հայախօս հանրութեան:

Հայր Սարգիս ընդգծեց, որ հրատարակութիւնը Նոր կտակարանի թարգմանութիւն չէ, բնականաբար, այլ թարգմանութիւնն է հարուստ բացատրական ծանօթագրութիւններու, որոնք կը լուսաբանեն աստուածաշնչեան դէմքերու ու իրադարձութիւններու պատմական, կրօնական ու հասարակական միջավայրը: Ծանօթագրութիւններուն մէկ մասը կը բացատրէ հին յունարէն բնագիրին եւ հայերէն տարբերակներուն նրբութիւնները, իսկ մեծ մասը մեկնաբանական է: Ան ըսաւ. «Թարգմանութիւնը կատարեցի Օշական արքեպիսկոպոսին անմիջական հսկողութեան ներքոյ: Աշխատանքը իրականացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու առաջնորդութեամբ: Այս առիթով իմ որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ` Օշական սրբազանին եւ Վարուժան արք. Հերկելեանին` իրենց առաջնորդութեան ու աջակցութեան համար, նաեւ` դպրեվանքին, ուր փորձեցի զարգացնել ու աճեցնել աստուածային շնորհքս»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեան խօսքով: Ան, առաջին հերթին, փառք ու գոհութիւն վերառաքեց Ամենակալին, որ այս թարգմանութեան ու հրատարակութեան միջոցով արտասանուած աղօթքներն ու երազները իրականութիւն դարձան: Այս մասին, հայրապետը իր խորին գնահատանքը յայտնեց` դոկտ. Մայք Պասսուսին, Օշական սրբազանին, հատորի թարգմանիչ հայր Սարգիսին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը ունեցան այս աշխատութեան իրականացման:

Կաթողիկոսը յիշեց, թէ իր աստուածաբանական ուսման դասախօսներէն մէկը ըսած է, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնը չէ, այլ գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը: Մէկ այլ դասախօս մը խօսելով Աստուածաշունչին մասին` ըսած է, որ Աստուածաշունչին բովանդակութիւնը Աստուած Ի՛նք է, իսկ զայն ձեւաւորողը մարդն է, սակայն ո՛չ սովորական մարդը, այլ` Սուրբ Հոգիով ներշնչուած մարդը: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը «գիրքի կրօն» չէ, այլ` յայտնութեան: «Աստուած մարդացաւ. Սուրբ Գիրքը մեզի տրուած է իբրեւ ուղեցոյց: Քրիստոնէութիւնը կը բնութագրուի Աստուածաշունչ մատեանով: Արդ, քրիստոնէութիւնը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կրօն է: Հետեւաբար Աստուածաշունչը պարզապէս գիրք մը չէ, որ կը բովանդակէ ուսուցումներ, արժէքներ ու ճշմարտութիւններ, այլ կը բնուդագրէ քրիստոնէական կրօնը եւ` փոխադարձաբար: Մեր մարտահրաւէրը Աստուածաշունչը միայն թարգմանել կամ տարածել չէ, այլ զայն մեր կենցաղին մէջ կեանքի վերափոխող ուժ դարձնել է: Իմ գիրքերէս մէկուն մէջ խօսելով Աստուածաշունչին մասին` հետեւեալը ըսած եմ. «Աստուածաշունչը ամենաշատ տպուած, թարգմանուած, ընթերցուած, տարածուած ու ծախուած գիրքն է` բոլոր ժամանակներուն մէջ: Մի՞թէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները, արժէքները, սկզբունքներն ու ուսուցումները ամենաշատ տարածուած ու ապրուած իրականութիւններն են: Ա՛յս է մեր դիմաց կանգնած մարտահրաւէրը»: Ահա այս նպատակը կը հետապնդէ ներկայ հատորը` Աստուծոյ խօսքը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կենդանի իրականութիւն դարձնել: Մեր պարտականութիւնն է այս սուրբ պատգամը հասցնել մեր ժողովուրդին` իբրեւ ուղղութիւն, շեշտեց Արամ Ա. եւ «Պահպանիչ» աղօթքով եզրափակեց հանդիսութիւնը:

Այս առիթով դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Ազատ աբղ. Ֆիլիկեանի, ներկայացուց փունջ մը շարականներ:

Նախորդը

Կիթառի Ողիմպիականի Անդրանիկ Մրցում Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ Լիկ». Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Սկսի Առաջին Փուլը

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?