Հայ ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Ֆիտէի կազմակերպած «Կրանտ Սուիս Թուրնըմընթին, որ տեղի կ՛ունենայ Ուզպեքիստանի Սամարզանտ քաղաքին մէջ:
6-րդ փուլի մրցումներուն, Շանթ Սարգսեան պարտութեան մատնեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին (Ֆրանսա):
Այժմու աշխարհի թիւ 17 դասուած ֆրանսացի Վաշիէ-Լակրաւ անակնկալի եկաւ Շանթի դէմ, որ հնարաւոր 6 կէտերէն 4-րդ կէտը շահեցաւ:
Ռոպերտ Յովհաննիսեան 3 կէտ ունի, մինչ հայ ներկայացուցիչներ Արամ Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան` 2.5: Հայկ Մարտիրոսեան 2 կէտ կրցած է ապահովել:
Նշենք, թէ այս մրցաշարքին Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ կը մասնակցին նաեւ վարպետներ Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան, որոնք 3.5 կէտեր շահած են 6 փուլերէ ետք:
Աղջկանց մրցաշարքին Էլինա Դանիէլեան ձեռք ձգեց 3 կէտ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` 2:
«Կրանտ Սուիս Թուրնըմընթ 2025»-ը` կ՛ընթանայ զուիցերիական մրցակարգով եւ կը բաղկանայ 11 փուլերէ: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 15 սեպտեմբերին, եւ առաջին երկու դիրքերը գրաւող վարպետները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու 2026-ին տեղի ունենալիք ախոյեանութեան թեկնածուներու մրցաշարքին: