Շաբաթ, 30 օգոստոս 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ԳՈՀԱՐ-ի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիթառի ողիմպիականի առաջին մրցումը` համագործակցութեամբ ԳՈՀԱՐ մեծ ընտանիքին:
Այս առիթով հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ անդրադարձաւ երաժշտութեան կարեւորութեան` նշելով, թէ երաժշտութիւնը մշակոյթի նուրբ, բայց նաեւ ազդեցիկ մարզ մըն է, անիկա կրնայ դառնալ ստեղծագործութեան, կատարելագործման եւ բուժման միջոց:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ ձեռնարկին բնոյթն ու նպատակը` ըսելով. «Այսօր ԳՈՀԱՐ-ի ցուցասրահին մէջ համախմբուած ենք կիթառի արուեստը վայելելու եւ զայն կեանքի անբաժան մասնիկ դարձնողները քաջալերելու նպատակով: Կիթառի միջազգային ողիմպիականի Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպան Մկրտիչ Միքայէլեան նախաձեռնած է այս մրցոյթի առաջին անգամ Լիբանանի մէջ հիւրընկալելու գործը` ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքին համագործակցութեամբ»: Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան դիտել տուաւ, որ մրցումին դատական կազմը Վոլոսի կազմակերպիչ մարմինն է, եւ որ` մրցումը ունի մշակութային բացառիկ արժէք թէ՛ հայ, թէ՛ լիբանանեան արուեստին համար եւ պիտի դառնայ կամուրջ մը` միջազգային երաժշտական աշխարհի հետ:
Ապա մրցանակակիրները հերթաբար ներկայացուցին մրցումին նուագած իրենց երաժշտական կտորները:
Երաժշտական ներկայացումներէն ետք Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան ներկայացուց Կիթառի ողիմպիականի պատմութեան, Կիթառի համաշխարհային կազմակերպութեան հիմնադրութեան, անոր նպատակը. «Կիթառի ողիմպիականի գերագոյն նպատակը եղած է միաւորել կիթառի հետ կապուած բոլոր մարդիկը` ստեղծելով մշակութային աշխարհ, ուր կիթառը կը դառնայ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ: Մրցոյթը կը խրախուսէ մասնակցութիւնը, կը քաջալերէ ու կը պարգեւատրէ մրցանակակիրները», յայտնեց ան:
Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան նկատել տուաւ, որ կիթառի այս մրցումը կը նկատուի աշխարհի կարեւորագոյն մրցումներէն մին` ներառելով բոլոր երկիրները եւ բոլոր անուանակարգերը` նուագողներէն մինչեւ մշակողներ, համոյթներ եւ նուագախումբեր: Ան բացատրեց, թէ Վոլոսի Կիթառի համաշխարհային ողիմպիականը 20 օգոստոս 2024-ին տեղի ունեցաւ Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ: «Լիբանան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ մրցոյթը` շնորհիւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն դասական կիթառի մագիստրոս, Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի դասախօս եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի կիթառի բաժնի պատասխանատու, Համազգայինի կիթառի համոյթին, «Տաւիղ» նուագախումբին եւ «Արարատ» հնգեակի հիմնադիր ու գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Միքայէլեանի, որ 3 տարի առաջ այս կազմակերպութեան կողմէ ընտրուեցաւ իբրեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ», տեղեկացուց ան:
Այնուհետեւ փունջ մը երաժշտական կտորներ ներկայացուց Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարած սենեկային համոյթը` Ծաւի Թորիկեան (ջութակ), Կալի Թորիկեան (ջութակ), Սելին Վարդանեան (ջութակ), Հրակ Մոմճեան (կիթառ), Նարօտ Քէմէթլեան (կիթառ), Ժան Փիեր Վարդանեան (կիթառ), Սարգիս Եթերեան (կիթառ), Գրիգոր Տիշչէքէնեան (կիթառ):
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Մկրտիչ Միքայէլեանի եւ երաժշտագէտ Էտի Թորիկեանի ձեռամբ: Ոսկի մետալով պարգեւատրուեցան` Թրէյսի Քֆուրի, Գրիգոր Տիշչէքէնեան, Սարգիս Եթերեան եւ Ժան Փիեր Վարդանեան, արծաթէ մետալով` Նաժի Ֆարահ եւ Փոլ Արնէլեան, իսկ պրոնզէ մետալով պարգեւատրուեցան` Ժոզեֆ Եունան եւ Նարօտ Քէմէթլեան:
Կիթառի միջազգային ողիմպիականի յանձնաժողովը յատուկ պարգեւներ շնորհեց նաեւ կազմակերպիչներուն: Մկրտիչ Միքայէլեան պարգեւատրուեցաւ «Եորկոս Ֆուտուլիսի պարգեւ 2025» մետալով` ստեղծագործական գործունէութեան եւ համաշխարհային մշակոյթին իր ներդրումին համար, «Կիթառի պատուաւոր ոսկեայ հիւր եւ դեսպան Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ 2025» մետալով` նոր պատմութիւն ստեղծելու համար եւ «Ոսկեայ կիթառի դեսպաններ 2023-2025» մետալով, որ տրուած է միայն երեք դեսպաններու, որոնցմէ մէկը Մկրտիչ Միքայէլեանն է, իբրեւ նշան ստեղծագործական իր աշխատանքի եւ կիթառի ողիմպիականին ունեցած ներդրումին: Պարգեւները յանձնեց մայեսթրօ եւ երաժշտաբան Էտի Թորիկեան: