Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշտնջենական Երկրպագութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքներու Վրոցլաւ Այցելութիւնները

Սեպտեմբեր 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան-կաթողիկոս պատրիարքը գլխաւոր բանախօսն էր երեք օրերու վրայ երկարող «Մշտնջենական երկրպագութիւն» երրորդ համագումարին, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ին, Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ` «Երկրպագութիւնը որպէս մարդկային յոյսի աղբիւր» կարգախօսով: Պատրիարքին կ՛ընկերակցէր Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական փոխանորդ Նարեկ թ. ծ. վրդ. Նաամոյեան եւ Լիբանանի պատրիարքական թեմէն` Գրիգոր սրկ. Պոյաճեան:

Համագումարի բացման նիստին պատրիարքը քրիստոնէաշունչ վկայապատումներով, պատկառելի խորհրդածութիւններով մէկ ժամ տեւող իր բանախօսութեամբ ներկայացուց աստուածային հզօրութեան առջեւ երկրպագութեան շնորհանուէր առաքինութիւնները եւ լուսավառ հրաշքներու համազօր երկրպագութեան ուժի ներգործութիւնը քրիստոնեային կենցաղին մէջ :

Պատրիարքը հրաշքներու օրինակներով վկայակոչեց երկրպագութեան հզօրութիւնը, որ  Աստուծոյ գոհաբանական փառաբանանքն ու զոհաբերութեան ներբողումն է, եւ այդ ուղղութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանին (1869-1915)` իբրեւ հաւատքի վկայութեան օրինակ, յիշեցնելով, որ սոյն տարուան կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ի, ծրագրուած է երանելի Ի. Մալոյեանի սրբադասումը Վատիկանի մէջ: Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուած էր Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին օրով, 7 հոկտեմբեր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով:

Համագումարի բացման օրը, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը հայրապետական լատինածէս պատարագ մատուցեց Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի կաթողիկէ աթոռանիստ, գեղազմայլ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ դարաւոր մայր տաճարին մէջ` առընթերակայութեամբ հայր Նարեկի, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ մետրոպոլիտ Զպիկնեւ Սթանքիեւիչի, Հայաստանի թէ Լեհաստանի մէջ հայ կաթողիկէ պատարագներ մատուցած հայախօս լեհ Ռաֆայէլ ծ. վրդ. Քրաւչիքի, մայր խորանին վրայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ լեհ ստուար թիւով հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ լեհ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

Համագումարը, ինչպէս նաեւ պատարագը ուղիղ եթերով սփռուեցան Լեհաստանի հոգեւոր EWTN-ի պատկերասփիւռէն [1], որ համագումարի աշխատանքներու կազմակերպիչն ու ուղիղ եթերի  սփռողն էր: Պատրիարքին իտալերէնով ներկայացուցած բանախօսութեան ակնածելի խորհրդածութիւնները, լատինածէս պատարագն ու իտալերէնով պատգամը կենդանի թարգմանութեամբ (interpreter) ներկաներուն լեհերէնով փոխանցուեցաւ:

Պատարագի աւարտին Վրոցլաւի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ այցելու հիւր հոգեւորականներու պատուոյ տոմարին մէջ պատրիարքը իր սրտաբուխ մաղթանքը յիշատակեց` «Սիրոյ եւ եղբայրութեան հոգիով մաղթեմ ամենայն բարիք» գրառումով: Պատրիարքի Վրոցլաւ այցելութիւնը առնչուած էր «Մշտնջենական երկրպագութիւն» համագումարին հետ, ուստի պատրիարքը հանդիպում չունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի հետ:

Վրոցլաւէն ետք պատրիարքը շաբաթ, 7 յունիսի առաւօտեան ուղղուեցաւ դէպի մայրաքաղաք` Վարշաւա, որմէ ետք կիրակի, 8 յունիսին պիտի ուղղուէր Լեհաստանի հարաւային կողմը գտնուող Կլիվիցէ քաղաք, ուր կը գտնուի Լեհաստանի միակ հայ կաթողիկէ ծէսին պատկանող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին: Կլիվիցէի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեղադրուած է Լիսցայի հրաշագործ Աստուածամօր նկարը (անոր մասին արժէ արտայայտուիլ յաջորդիւ): Լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ ինչպէս Վարշաւայի մէջ, Կլիվիցէյի այդ եկեղեցւոյ մէջ ալ պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցած է: Վարշաւայի թէ Կլիվիցէի մէջ պատրիարքը տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքներուն կողմէ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը «Մշտնջենական երկրպագութիւն» համագումարին առիթով առաջին անգամ ըլլալով Վրոցլաւ այցելած էր EWTN-ի հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերելու վերոնշեալ համագումարին, բանախօսելու եւ սուրբ պատարագ մատուցելու:

Բայց պէտք է յուշել, որ պատրիարքը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուած է Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա 11-14 դեկտեմբեր 2012-ին, Մալթայի Ինքնիշխան ուխտի հոգեւորական, հայ ժողովուրդի մարդասիրական իր օգնութիւններով եւ բարեգործութիւններով ծանօթ, հայերու նուիրեալ բարեկամ լեհ Հենրիք վրդ. Պլաշչիքի հրաւէրով, երբ տակաւին Մինասեան արքեպիսկոպոսը Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ էր: Հետագային առաջնորդ Մինասեանը  Լեհաստան այցելած է զանազան առիթներով, անոր այցելութիւնները հայրատուր ներկայութիւն մը եղած են մասնաւորաբար տեղւոյն հայկական արմատներով լեհախօս կաթողիկէ համայնքին համար: Հիւրաբար Լեհաստան գտնուող հայ կաթողիկէ առաջնորդին այցելութիւնները հոգատարութեան վերաբերմունք կարելի է համարել տեղւոյն կաթողիկէ համայնքին:

Պարզապէս վկայելու համար կարելի է արձանագրել` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին` 15 մարտ 2015-ին, Վարշաւայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, մասնաւորաբար` լեհ հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեամբ, հայ կաթողիկէ հայածէս հանդիսաւոր սուրբ պատարագը մատուցեց Մինասեան արքեպիսկոպոսը, պատարագի քարոզը կարդաց Լեհաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ ծիրանաւոր Գաժիմիեժ Նիչը:

Պատարագէն առաջ առաջնորդ Մինասեանէն ստացած էի «Հովուական թուղթ հաւատք եւ աւետարանացում» միջակ չափի 30 էջնոց գրքոյկը` Գիւմրիի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն լոյս ընծայուած, 2013 թուականին: Հեղինակին անուան կողքին կը կարդանք «Տիտղոսաւոր արք. Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց առաջնորդ…»: Բովանդակութիւնը անդրադարձ մըն է Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետի հռչակած տարիներուն, երբ 2012 տարին հռչակած էր «Աւետարանացման տարի», իսկ 2013 թուականը` «Հաւատքի տարի»:

Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խառն երանգով գրուած այս հովուական թուղթը հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, հոն առաջնորդ Մինասեանը կը գրէ. «Հովուական թուղթս թող չնկատուի որպէս գրական, հոգեւոր կամ սուրբ գրային աշխատութիւն, որը կարող է մնալ անպտուղ, իմաստազուրկ եւ դատարկ ցուցամոլութիւն, այլ իւրայատուկ մի առիթ է մեզանից իւրաքանչիւրի համար խորասուզուելու մեր ներաշխարհի մէջ, քննելու, ուղղելու եւ զարգացնելու մեր հոգեւոր գիտութիւնը` մօտենալով Աստծուն…»:

Մինասեան արքեպիսկոպոս 100-ամեակի պատարագ մատուցեց` համատեղ հանդիսապետութեամբ Լեհաստանի հայ կաթողիկէ կեդրոնական ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Քրաւչիքի, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէներու արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդարանի գանձապահ Գրիգոր Ա. քհնյ. Մկրտչեանի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան վանքէն Վահան վրդ. Յովակիմեանի: Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էտկար Ղազարեանը եւ Լեհաստանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միակ հոգեւորական` էջմիածնական Տաճատ աբղ. Ծատուրեանը` իբրեւ պատարագի հրաւիրեալ հոգեւորական: Հայու անխախտ յանձնառութեամբ, «Գթա Տէր» եւ «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականներու երգեցողութեամբս համեստ մասնակցութիւնս բերած էի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մեր սրբադասուած նահատակներուն հոգիներուն նուիրուած պատարագին: Սուրբ պատարագի մատուցման եկեղեցւոյ ընտրութիւնը պատահական չէր, 17-րդ դարէն սկսեալ Սուրբ Հոգի եկեղեցին պատմական առնչութիւններ ունի Վարշաւայի հայոց կեանքին հետ :

Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան պատրիարքը Վրոցլաւի մէջ

Արժանի է յիշել, որ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարք-կաթողիկոսէն առաջ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան 1997 թուականի մայիսի 25-էն յունիսի 1-ը Վրոցլաւ այցելած է եւ իր մասնակցութիւնը բերած` Հռոմէական եկեղեցւոյ համար հիմնական տօներէն մէկը համարուող «Տիրոջ մարմին» տօնին առիթով 46-րդ Միջազգային հաղորդութեան համագումարին,  որ տեղի ունեցած է «Հաղորդութիւն եւ ազատութիւն» կարգախօսով:

Այդ Միջազգային հաղորդութեան համագումարի վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր: Իր հայրենիքին` Լեհաստանի հանդէպ կուռ հայրենասիրութեամբ վկայուած Հռոմի 264-րդ լեհ` Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապը անձնապէս  մասնակցած էր միջազգային համագումարին, զոր  փակած էր Statio Orbis (համաշխարհային կայան) կարգախօսով իր մատուցած հանդիսաւոր պատարագով:

Եւրոպայի կեդրոնական-արեւելեան հատուածի սիրտը համարուող Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ համագումար կազմակերպելը այդ օրերուն հոգեւոր կեանքին իմաստով յատուկ եւ յորդորիչ իրադարձութիւններէն մէկը կը համարուէր, մանաւանդ` պապին ներկայութեամբ:  Այն ժամանակաշրջանին, երբ Լեհաստան իր ընկերային, բարոյական եւ հոգեւոր ինքնութիւնը վերականգնելու խիստ կարիքը ունէր մանաւանդ երկրին մէջ ահ ու սարսափ սփռող  համայնավարութեան բռնատիրութենէն կէս դար եւ աւելի տեւող անագորոյն վարչաձեւի փլուզումէն ետք:

Նշեալ համագումարի վեցերորդ օրը` 30 մայիս 1997-ին, ուրբաթ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Վրոցլաւի ճիշդ կեդրոնը գտնուող Տոմինիքեան կաթողիկէ վանական միաբանութեան (św. Wojciecha) Սուրբ Վոյչեխ (Ս.  Ադալբերտ) դարաւոր տաճարին մէջ հանդիսաւոր հայածէս սուրբ պատարագ մատուցած է Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան պատրիարք-կաթողիկոսը իր կողքին ունենալով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ:

Վրոցլաւ այցելութիւնը անոր երկրորդ այցելութիւնն էր Լեհաստան: Առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 3 սեպտեմբեր 1989-ին, Կլիվիցէի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատրիարքը հանդիսաւոր  պատարագ մատուցած եւ նոյն եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեղադրուած Լիսցայի հրաշագործ Աստուածամօր նկարի թագադրութեան արարողութիւնը կատարած էր:

Վրոցլաւի Տոմինիքեան Վանական Միաբանութիւնը

Գասպարեան պատրիարքը իր միտքէն պիտի չանցնէր, որ 1997 թուականի Վրոցլաւ կատարած իր այցելութենէն տասնհինգ տարի ետք Վրոցլաւի Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան դարաւոր Ս. Վոյչեխ եկեղեցւոյ վանական համալիրի տարածքին, Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով` 21 սեպտեմբեր 2012 թուականին, պիտի կանգնէր Վրոցլաւի խաչքարը: Երախտագիտութեամբ պէտք է վկայել, որ Վրոցլաւի Տոմինիքեան հայրերու միաբանութիւնը 2015 թուականին խաչքարի կանգնած տարածքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տրամադրեց եւ իր հաւանութիւնը տուաւ զայն անուանելու` «Հայկական պուրակ» «Skwer Ormiański» անունով:

Այդ պուրակը այսօր, որպէս լուռ վկայ, իր խրոխտ խաչքարով հայութեան պերճախօս ներկայութիւնը արտացոլացնող ապացոյցն է, Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող վկայարանը, ափ մը վրոցլաւահայերու մէկտեղումի միջնակէտը:

Խաչքարին աջ կողմը լեհերէն մեծատառ խորագիրը քանդակուած է` «Խաչքարը նուիրուած է Լեհաստանի մէջ հայերու բազմադարեայ ներկայութեան եւ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան եւ 20-րդ դարու հայերու եւ լեհերու սահմանամերձ շրջաններու ցեղասպանութեան» (Սահմանամերձ ըսելով` պէտք է նկատի ունենալ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմաններու շրջանները, որոնք այսօր Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ են – ԱՍ): Խաչքարի հեղինակներն ու քանդակագործ, արուեստագէտներ են Տարօն Մարտիրոսեանն ու Բագրատ Բալաբեկեանը, իսկ հայկական կարմիր տուֆով կերտուած խաչքարի օծումը կատարած են Վրոցլաւի Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան առաջնորդ հայր Եագուպ Քրասքան եւ հայ կաթողիկէ ծիսակարգին ծառայող Թատէուշ վրդ. Իսաքովիչ-Զալեսքին:

Պարտք է յիշել, որ Վրոցլաւի խաչքարը կառուցելու գաղափարը կը պատկանի տեղւոյն Լեհահայերու միութեան, իսկ այդ հոյակերտ խաչքարը իրականացնելու նպատակով միջոցներ տրամադրուած են Հայ նկարիչներու համաշխարհային միութեան կողմէ: Հայ միասնական ճիգերու համադրութեամբ եւ Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան համագործակցութեամբ կարելի եղաւ Վրոցլաւի կեդրոնը խաչքար տեղադրելու վրոցլաւահայերու վաղեմի երազանքը իրականացնել 21 սեպտեմբեր 2012-ին:

Հայերու ներկայութիւնը վկայող զանազան հետքեր կարելի է գտնել Վրոցլաւի մէջ, յիշատակութեան արժանի է ծանօթանալ հայութեան հետ Վրոցլաւի Տոմինիքեաններու վանական միաբանութեան բարեսէր առնչութիւններուն: Զետեղուած խաչքարին եւ հայկական պուրակին առընթեր, Տոմինիքեանները հաւանութիւն յայտնած են Վրոցլաւի Ս. Վոյչեխ դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցելու:

Ուստի նոյն եկեղեցւոյ ձախ կողմը գտնուող Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ 1999 թուականէն մինչեւ 2013 թուական հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցած են երկու հոգեւորականներ, նախ Լեհաստանի մէջ հանրածանօթ հասարակական գործիչ, պատմաբան, հրապարակախօս, պատմաքաղաքական եւ եկեղեցական հարցերու մեկնաբան, քննադատ, գիրքերու հեղինակ, բանաստեղծ ու անկարներու «Ալպերթ» հաստատութեան գործադիր տնօրէն, Լեհաստանի կառավարութեան մէջ ազգային ու փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովի հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ (2009 – 2014) եւ մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցերու եւ Հայաստանի խիզախ պաշտպան, կաթողիկէ բարեհամբաւ հոգեւորական, ծագումով հայ հանգուցեալ Թատէուշ (Թադէոս) վրդ. Իսաքովիչ-Զալեսքին (1956-2024): Անոր յաջորդեց լեհ Ռաֆայէլ ծ. վրդ. Քրաւչիքը: Իսկ երկու տարիէ ի վեր Վրոցլաւի նոյն եկեղեցւոյ աջ կողմը գտնուող Սուրբ Տոմինիք մատրան (?w. Dominika) մէջ պատարագ կը մատուցէ Լեհաստանի մէջ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միակ էջմիածնական հոգեւորական Մինաս աբղ. Հախվերդեան, որ 1 մայիս 2023-էն Լեհաստանի հոգեւոր ծառայութեան նշանակուած է: Համեստութեամբ կարելի է նշել, որ սոյն եկեղեցւոյ մէջ 2012 թուականէն ի վեր հայ կաթողիկէ թէ առաքելական մատուցուած պատարագներուն, իբրեւ դպիր, իմ համեստ մասնակցութիւնս բերած եմ շարականներու երգեցողութեամբ:

Հաղորդելու պատշաճ է, որ Տոմինիքեան միաբանութեան հայրերը, հայկական պուրակի կից գտնուող իրենց պատմական շքեղ սրահը սիրով կը տրամադրեն հայկական մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ ելոյթներուն: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Վրոցլաւի Տոմինիքեաններու Ս. Վոյչեխ դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ ներքին ձախ պատին վրայ վրոցլաւահայերու նիւթական աջակցութեամբ զետեղուած ցուցանակը, որուն յատուկ հանդիսութեամբ բացումը տեղի ունեցած է 30 հոկտեմբեր 2005-ին ներկայութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի, կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վրոցլաւի առաջնորդ Մարիան Կոուէմպիեւսքիի եւ հայ կաթողիկէ ծիսակարգին ծառայող Թատէուշ վրդ. Իսաքովիչ-Զալեսքիի օրհնութեամբ:

Հայերն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող լեհերէնով գրուած յիշարժան այս ցուցանակի յատկանշական բովանդակութիւնն է` «ՀԱՅԵՐԻՆ, առ ի յիշատակ` Թուրքիոյ մէջ 1915 թուին, Յիսուս Քրիստոսի` հաւատքին համար նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին, եւ հայերու, որոնք 14-րդ դարէն ի վեր համատեղ ստեղծեցին հանրապետութիւնը (Լեհաստանի – ԱՍ), որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եկեղեցւոյ եւ Լեհաստանի հաւատարմութեան համար տառապեցան ու նահատակուեցան ձեռամբ` (NKWD)-ի [2], (UPA)-ի [3] եւ հիթլերականներու կողմէ:

Լեհահայերու կողմէ` Հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին, Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան 90-ամեակին եւ Dolny Śląsk (Տոլնէ Շլօնսք)-ի [4] մէջ հայերու ներկայութեան 60-ամեակին – 2005»:

Նկարները տրամադրուած են հեղինակի հաւաքածոյէն

[1] EWTN (Eternal Word Television Network) պատկերասփիւռի կայանի հիմնադիրն է միանձնուհի Rita Antoinette Rizzo, ճանչցուած է իբրեւ մայր Անժելիքա (20.04.1923 – 27.03.2016), ան կը պատկանի Յաւերժական երկրպագութեան  նուիրուած միանձնուհիներու ուխտին:

[2] (NKWD)- Խորհրդային Միութեան ներքին գործերու պետական կեդրոնական մարմին:

[3] (UPA)- Ուքրանական ապստամբական բանակ:

[4] Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Տոլնէ Շլոնսքի մարզ:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Դեսպանին Կոչ Ուղղեց` Հայ Գերիներու Հարցը Արծարծելու ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Գոյատեւումի Դէպքեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?