Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ` Այնճարի Մէջ. Պարոյր Սեւակ Բանաստեղծ

Սեպտեմբեր 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Այնճարի մէջ այս տարուան մեծարենցեան ամառնային երեկոներու մշակութային ձեռնարկներու երրորդը նուիրուած էր Պարոյր Սեւակին` հայրենի գրագէտ, բանաստեղծ, հրապարագիր:  Անիկա տեղի ունեցաւ 24 օգոստոս 2025-ին,Ղարիպեաններուն «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան բանախօսն էր հայրենի մշակութաբան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան:

Ան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ հայրենի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակին անունը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով հրապարակի վրայ է իր մասին եղած դասախօսութիւններով եւ կամ իր գիրքերուն վերահրատարակութիւններով: Ան ըսաւ, որ Այնճարի մէջ անոր անունով փողոց եւ մշակութային մասնաճիւղ կայ:

Բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի կենսագրութեան, յատկապէս` անոր ստեղծագործական էութեան: Ան նշեց, որ Պարոյր Սեւակի հոգեմտաւոր աշխարհի հիմնական ասպարէզները, որոնք սիւներն էին անոր բանաստեղծական աշխարհին, Հայաստան  հայրենիքի հանդէպ անոր մեծ պաշտամունքը ցոյց կու տան:

Մարդկային բոլոր դրական երեւոյթներու նկատմամբ իր սէրը, հայրենիքի մէջ տիրող որոշ չափով բարդ իրականութիւնը եւ կեանքի այլ կողմեր բացառիկ տաղանդով դրսեւորուած են Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութեանց մէջ:

Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ Պարոյր Սեւակի ոչ միայն ստեղծագործական, այլ նաեւ անձնական, մարդկային, քաղաքական կեանքի դրական ու նաեւ բարդ, վտանգաւոր իրադարձութիւներուն:

Ան նաեւ նշեց, որ մեկնելով Պարոյր Սեւակի կեանքի իրադարձութիւններէն ու անոր ստեղծագործական աշխարհէն` կարելի է վստահօրէն ըսել, որ Պարոյր Սեւակի մէջ առկայծ էին երեք կարեւոր էութիւններ` Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը, Պարոյր Սեւակ հայորդին եւ Պարոյր Սեւակ գլխագիր Մարդը:

Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ յայտնի բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի խօսքին` գրուած Պարոյր Սեւակի Լիբանանի մէջ տպուած գիրքերէն մէկուն մէջ. «Պարոյր Սեւակը ոչ թէ խորհրդային բանաստեղծ էր, այլ իր ազգի ապրումներու, երազանքներու, տուայտանքներու ու ազգային նպատակներու արտայայտիչն էր: Ժամանակի շունչով մարդ արարածի եւ հայրենիքի ճակատագիրով տագնապող մարդն էր, եւ այդ բոլորը մեծագոյն տաղանդով արտայայտուած են իր ստեղծագործութեանց մէջ»:

Թամար Յովհաննիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Սեւակի կենսագրական գիծերը, ուսումնական ուղին, գրական գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած է 1948-ին հրատարակուած «Անմահները հրամայում են» հատորով:

Ապա Թամար Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Պարոյր Սեւակ մահացած է ինքնաշարժի դժբախտ արկածով, 17 յունիս 1971-ին,  շեշտելով, որ մեծ գրողը յաւերժօրէն կը մնայ մեզի հետ, իր հայրենիքին հետ:

Դասախօսութենէն ետք Սաթենիկ, Յուշիկ եւ Արփա Սնապեաններ եւ Միսաք Անտոնեան Պարոյր Սեւակէն բանաստեղծութիւններ կարդացին:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայրական Մտահոգութիւններ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?