Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Վայելչութեան Արժանանալու Գաղտնիքը

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական
Կղերի Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքին

19 հոկտեմբեր 20255-ին Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի սրբադասումը Հայոց ցեղասպանութեսան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի: Այդ առիթով պարբերաբար պիտի հրատարակենք անոր մասին գրութիւններ:

Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած Մարտինի արք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը բազմաթիւ հարցադրումներ յարուցեց, թէ ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ:

Նախ փորձենք սահմանել, թէ ո՞վ է սուրբը, եւ ի՞նչ է սրբութիւնը:

Այս հարցումին պատասխանը տանք դարձեալ հարցադրումներով:

Ո՞վ է մարդը, եւ ինչպէ՞ս ան կրնայ սրբանալ:

Ուրկէ՞ աշխարհ եկած է:

Ինչո՞ւ գոյութիւն ունի: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք ճանչնալ եւ հետազօտել զինք: Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զինք եւ այլն…

Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը գտնելու համար նախ պէտք է ճանչնանք զԱստուած, որովհետեւ Ինք կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի բարձր նպատակի, որ ճշմարտութեան հասնիլն է` ամէն բաներու սկիզբի մասին:

Աստուած ճանչնալով` կը հասնինք ամէն բանի ծայրագոյն սկիզբին եւ ասոր կը հասնինք կրօնի միջոցով, այսինքն` ինչպէ՞ս մենք կը ճանչնանք աշխարհը, եւ թէ որքա՞ն մեր ճանաչումը իրականութեան համապատասխան է:

Ուրեմն նախ կը քննենք մարդը, անոր էութիւնը, տեղը` տիեզերքի մէջ:

Ապա կը քննենք անոր բարոյական վարքը եւ կ՛ուսումնասիրենք անոր բարոյականութեան աղբիւրները:

Այլ խօսքով, կը քննենք աշխարհն ու մարդը:

Կրօնը կ՛ընդգրկէ այս ասպարէզները:

Այսպէս, կրօնի միջոցով Աստուած մարդուն կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, որ Աստուած աշխարհի սկիզբն է եւ յաւերժական է:

Այսինքն Ինքն է գոյը, եւ միակ գոյութեան Արարիչը:

Ի՞նչ են գոյի յատկանիշները:

Գոյն է յաւիտեան, անփոփոխ, կատարեալ, անշարժ եւ յատուկ: Նման յատկանիշներ միայն Աստուծոյ յատուկ են:

Գոյն է աշխարհի սկիզբը:

Ամէն ինչ միութիւն է եւ մէկ գոյ է:

Անհրաժեշտ է, որ գոյը ըլլայ առաջին շարժողը, որ նիւթը շարժման մէջ դրաւ: Այս տեսակէտը դարձաւ Աստուծոյ գոյութեան խելամիտ ապացոյցներու սկիզբը: Այս դրութիւնը հիմնաւորեց նաեւ Թովմա Ագուինացին իր աստուածաբանական սկզբունքներուն մէջ, որոնք տիրապետեցին արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ:

Իսկ եթէ Գոյն է աշխարհի սկիզբը, եւ Ինքն է այսքան անթերիօրէն տիեզերքը տնօրինողը, ապա Իրեն երկրպագուները եւ Իրեն համար իրենց կեանքը զոհաբերող գերբնական առաքինութիւններով օժտուած անձինք, որոնք ձգտած են Գոյին կամքը կատարելով սրբութեան հասնիլ եւ իրենք եւս, իրենց հերթին, Միակ Գոյին, միակ սուրբին կողքին յայտնուելով, միջնորդեն մարդուն` սրբութեան հասնելու եւ փառաւորուելու Աստուծոյ աջ կողմը, որովհետեւ Ինքն է առաջին սուրբը` «Եւ փոփոխակի կ՛աղաղակէին ու կ՛ըսէի «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ է զօրքերու Տէրը. ամբողջ երկիրը անոր փառքովը լեցուն է» (Եսայի 6:3):

Ուստի բոլորս կանչուած ենք սրբանալու, քանզի այս է մեր Տիրոջ պատուիրանը, որ կ՛ըսէ` «Դուք սուրբ եղէք, քանզի Ես` ձեր Տէր Աստուածը, Սուրբ Եմ» (Ղեւ 19, 2):

Ահա թէ ո՛վ է սուրբը`«Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր Աստուած Ամենակալ, որ Էր եւ Է եւ պիտի գայ» (Յայտ 4, 8):

Արդ, մարդու կամեցողութենէն կախեալ է սրբութեամբ ընթանալը եւ մարմնացնել այս խօսքերն ու գործերը` ինչպէս իր վարքովն ու նահատակութեամբը մարմնացուց` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան սուրբ  Իգնատիոս Մալոյեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ միաբանութեանս համար մեծ վայելչութիւն է Սուրբ Աթոռի կողմէ խոստացուած աստուածային շնորհներով օժտուած` միաբանակից Իգնատիոս արք. Մալոյեանի Սրբադասման հրամանագիրը:

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան եկաւ համալրելու համաքրիստոնէական սուրբերու օրհնեալ փաղանգը, որ Հայոց պատմութեան մէջ եզակի եւ աննախադէպ երեւոյթ է:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Կը Միանայ Էրտողանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ընդդիմանալու Մէջ

Յաջորդը

Ի՞Նչ Պատասխանատուութիւն Են Կրելու…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?